Եուրա Մովսիսեան Սպարտակը Փրկեց Ստոյգ Պարտութենէ


Երէկ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանի կոլը Սպարտակը փրկեց ստոյգ պարտութենէ: «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին, Քուպան իր դաշտին վրայ ճակատեցաւ Սպարտակի հետ: Հանդիպման աւարտէն 20 վայրկեան առաջ փոխարինելով ուրիշ խաղացող մը` Եուրա Մովսիսեան արձանագրեց Սպարտակի 2-րդ կոլը եւ փրկեց իր խումբը պարտութենէ: Մրցումը վերջ գտաւ 2-2 արդիւնքով: Read the full article…


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.