Սուրբ Թովմաս եկեղեցին փլուզման եզրին է


 

 

Վանի համալսարանի արուեստի պատմութեան մասնագէտ Մեսուտ Կիւլը, անդրադառնալով աւերակի վերածուելու վտանգին տակ գտնուող հայկական Սուրբ Թովմաս եկեղեցիին, կ՚ըսէ, որ  պետութեան կողմէ լուրջ ուշադրութեան պէտք է արժանանայ այս եկեղեցին:

Թրքական «Դեմոկրատ հաբեր» կայքէջին հետ հարցազրոյցի ընթացքին, Մեսուտ Կիւլը յայտնած է, որ Ռշտունիներու, իսկ այնուհետև Արծրունեաց իշխանական տան տիրոյթ հանդիսացած, պատմական Հայաստանի Վանի գաւառին մէջ գտնուող Սուրբ Թովմաս եկեղեցին փլուզման եզրին է: Կիւլի խօսքերով լքուած եկեղեցիին տարիներ շարունակ մեծ վնասներ հասցուցած են գանձ որոնողներու «պեղումները», և այն անհապաղվերականգնման կարիք ունի:

Կիւլ թը յայտնէ, որ 1801 թուականին վերանորոգուած և 1895-ին թալանուելէ ետք լքուած վիճակի մէջ յայտնուած եկեղեցին, բաւական պատկառելի տեսք ունի:

Այս եկեղեցին ալ, շրջակա գրեթէ բոլոր հայկական եկեղեցիներու նման որպէս ախոռ կը ծառայէ:

 Եկեղեցիէն 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուուի հայկական գերեզմանատունը, ուր գերեզմաններու մեծամասնութիւնը փորուած է, գերեզմանքարերը տեղահան եղած են գանձախոյցներու կողմէ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.