Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Սփիւռքագիտական Հետազօտութիւններու Հարցերու Քննարկում


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնին մէջ 23 Յուլիսին քննարկուած են «Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին ընդառաջ» հրատարակման ենթակայ գիրքերուն նիւթերը:

Նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ սփիւռքագիտական հետազօտութիւններու ճշդուած նիւթերու պատուէրներ իրականացնողներու հաւաք-քննարկման մասնակցած են Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեանը, նոյն հիմնարկի Իրանի բաժինի վարիչ Վահան Բայբուրդեանը, գրականութեան հիմնարկի փոխտնօրէն Վարդան Դեւրիկեանը,  հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի Սփիւռքի հետազօտութիւններու բաժնի վարիչ Ռուբէն Կարապետեանը, «Նորավանք» ԳՀԿի փորձագէտներ:

Նախատեսուած է տպել 1915-1923 թուականներուն Արեւմտեան Հայաստանի եկեղեցիներու, մշակութային ժառանգութեան, արեւմտահայութեան ազգագրութեան եւ բանահիւսութեան, ցեղասպանութեան վերաբերեալ ականաւոր քաղաքական եւ պետական գործիչներու միտքերու, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած գրողներու երկերու ժողովածուի, նկարներու պատկերագիրքի, ցեղասպանութենէն վերապրածներու եւ անոնց ընտանիքներուն յիշողութիւններուն վերաբերեալ աշխատութիւններէն բաղկացած մատենաշար եւ այլ արժէքաւոր աշխատութիւններ:

Իրանագէտ Վահան Բայբուրդեան նշած է, որ շուտով ընթերցողի դատին կը յանձնուի «Իրանի հայ համայնքը» աշխատութիւնը: Հեղինակը համառօտ կերպով ներկայացուցած է ուսումնասիրութիւնը, որ կը վերաբերի Իրանի մէջ հայկական մշակոյթին, եկեղեցւոյ, դպրոցին, մամուլին եւ արդի հիմնախնդիրներուն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.