Հայ Դատը Նեցուկ Կը Կանգնի Նեւատայի Խորհրդարանի Ընտրութեանց Թեկնածու Կարօ Ադամեանին

Միացեալ նահանգներու Նեւատա նահամգի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ նահանգային խորհրդարանի ընտրութեանց իր թեկնածութիւնը դրած Կարօ Ադամեանին (21-րդ ընտրատարածք):

Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Ադամեանը կը պայքարի ներկայիս այդ աթոռը զբաղեցնող դեմոկրատ Օզի Ֆումոյին դէմ:

Նեւատայի Հայ դատի յանձնախումբի համաատենապետ, իրաւաբան Հերա Արմէնեանը ողջունած է այն իրողութիւնը, որ 26-ամեայ Ադամեանը քաղաքական կեանք կը նետուի` խոստանալով պաշտպանը ըլլալ ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերուն:

Կարօ Ադամեանը մասնագիտացած է գործարարական տնտեսութեան, հոգեբանութեան եւ պետական կառավարաման բնագաւառներուն մէջ, որոնցնէ վերջինին պարագային մագիստրոսի վկայական ստացած է «Ճոնզ Հափքինզ» համալսարանէն:

Նշենք, որ Նեւատայի նախնական ընտրութիւնները պիտի կայանան 12 յունիսին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.