ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՀՕՄ- Ի ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ 8-ՐԴ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

 

ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի միջնակարգի 8-րդ դասարանի աւարտական հանդէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 21 Յունիս, 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Թորոնթոյի Հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահին մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան Սուրբ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերապատիւ Տէր Մեղրիկ Ծ. Վարդապետ Բարիքեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ օգնական հովիւ Արժանապատիւ Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեան, վարժարանի Կրթական մարմնի ատենապետուհի տիկին Անի Հոթոյեան-Ժոլի, վարժարանի տնօրէն պրն. Արմէն Մարտիրոսեան, Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, նուիրատուներ, ծնողներ եւ հոծ թիւով ազգայիններ;

8-րդ դասարանի շրջանաւարտ 24 աշակերտներու սրահ ու բեմահարթակ հանդիսաւոր մուտքէն ետք, երգուեցան Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգները:

Հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկան հայերէնի ուսուցչուհի տիկ. Յասմիկ Պապեան (հայերէն) եւ անգլերէնի ուսուցչուհի տիկին Նորա Պուքօ (անգլերէն):

Խմբական արտասանութեամբ ներկայացուեցաւ Շաւարշ Նարդունիի “Հաւ մը կ՚երգէր” հայ ժողովուրդի ցաւալի անցեալը ցոլացնող բանաստեղծութիւնը: “Իմ անունը Հայաստան է” խմբերգը երգուեցաւ ղեկավարութեամբ վարժարանի երգի եւ երաժշտութեան ուսուցչուհի տիկին Սոնա Յովսէփեանի, որ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեց սրահին մէջ, արժանանալով ներկաներու ծափողջոյններուն:

Շրջանաւարտ դասարանէն ուղերձներ կարդացին Կասիա Թաթիկեան (հայերէն) Մհեր Գարաճեան (անգլերէն) եւ Լուսի Գրժիքեան (ֆրանսերէն). Հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով տնօրէնութեան խօսքը արտասանեց վարժարանի տնօրէն պրն. Արմէն Մարտիրոսեան, որ իր խօսքով անդրադարձաւ վարժարանի 8-րդ դասարանին շրջանաւարտ 24 աշակերտներու մասին, ընդգծելով անոնց գնահատելի աշխատասիրութիւնը եւ հայ լեզուի հանդէպ անոնց ունեցած սէրն ու հետաքրքրութիւնը:

Պրն. Տնօրէնը շնորհաւորեց շրջանաւարտ աշակերտները եւ անոնց ծնողները, մաղթելով որ շրջանաւարտ աշակերտները յառաջիկայ տարեշրջանին մուտք գործելով երկրորդական վարժարանի 9-րդ դասարանը, նոյն եռանդով ու աշխատասիրութեամբ արժանանան տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներու գնահատանքին:

Տնօրէնութեան խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն՝ պրն. Արմէն Մարտիրոսեանի ձեռամբ։ Մրցանակները, որոնք հաստատուած էին զանազան միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ, տրուեցան զանազան դասերու բարձրագոյն նիշ հաւաքող աշակերտներրուն, տնօրէնին կողմէ։ Խօսք առաւ վարժարանի կրթական մարմնի ատենապետուհի տիկին Անի Հոթոյեան-Ժոլի, որ  հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով ըսաւ. «1979-ին 65 աշակերտներով սկսած ՀՕՄ-ի մեր վարժարանը ներկայիս իր 34-րդ տարեշրջանը կը բոլորէ 540 աշակերտներով»։

Տիկին Հոթոյեան-Ժոլի, այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի ծնողական յանձնախումբի անդամներուն եւ ատենապետուհի Արաքսի Փիլաւճեանին, որոնց կամաւոր աշխատանքը վարժարանին կը բերէ գնահատելի նիւթական օժանդակութիւն:

Շնորհակալութիւն եւ գնահատանք յայտնեց նաեւ 2013 Թելեթոնի յանձնախումբին եւ ատենապետուհի տոքթ. Նատիա Ինճէյեան-Թաթիկեանին, որոնք սիրայօժար աշխատանքով ապահովեցին 320 հազար տոլար, դպրոցին պիւտճէն հաւասարակշռելու համար:

Շնորհակալութեան խօսք ուղղուեցաւ նաեւ նուիրատուներուն, բոլոր միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն, մասնաւորաբար Հայ Օգնութեան Միութեան, որ միշտ պատրաստ է օգնելու մեր վարժարանին‘ նիւթապէս եւ բարոյապէս:

Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նաեւ Սուրբ Աստուածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերապատիւ Տէր Մեղրիկ Ծ. Վարդապետ Բարիքեանին, Արժանապատիւ Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեանին, որոնք ամբողջ տարուան ընթացքին միշտ օժանդակեցին աշակերտներուն քրիստոնէական դաստիարակութեան:

Խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով, տիկ. Հոթոյեան-Ժոլի կրթական մարմնի անունով շնորհաւորեց զանոնք, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:

Ապա տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը ձեռամբ վարժարանի տնօրէն պրն. Արմէն Մարտիրոսեանի, ուսուցչուհի տիկ. Յասմիկ Պապեանի եւ բեմի վրայ ուսուցիչ-ուսուցուհիներու ներկայութեամբ.

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերապատիւ Տէր Մեղրիկ Ծ. Վարդապետ Բարիքեան, որ շնորհաւորեց շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները այս պատմական օրուան առիթով, գնահատելով յատկապէս ծնողները, որոնք հաւատալով հայ դպրոցի առաքելութեան իրենց զաւակները կը վստահին այս հաստատութեան, որպէսզի անոնք հայկական առողջ եւ ապահով մթնոլորտի մէջ դաստիարակուին ու շրջանաւարտ դառնալով պատիւ բերեն իրենց ծնողներուն եւ ազգին:

ԳՐԻԳՈՐ ՀՈԹՈՅԵԱՆ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.