ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՀՕՄ-Ի ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՊԱՊԱՅԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

 

ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի «Պապայեան» մանկապարտէզի 2012-2013 տարեշրջանի աւարտական հանդէսը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 18 Յունիս, 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Թորոնթոյի Հայ երիտասարդական կեդրոնի Համազգային թատերասրահին մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան Սուրբ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերապատիւ Տէր Մեղրիկ Ծ. Վարդապետ Բարիքեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ օգնական հովիւ Արժանապատիւ Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեան, վարժարանի Կրթական մարմնի ատենապետուհի տիկին Անի Հոթոյեան-Ժոլի, վարժարանի տնօրէն պրն. Արմէն Մարտիրոսեան, փոխտնօրէն պրն. Րաֆֆի Սարգիսեան, Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, նուիրատուներ, ծնողներ եւ հոծ թիւով ազգայիններ:

Շրջանաւարտ 52 աշակերտներու թատերասրահ եւ բեմահարթակ մուտք գործելէն ետք, հանդիսութիւնը սկսաւ աշակերտներուն կողմէ Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներու երգեցողութեամբ։

Հանդիսութեան բացման եւ բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ փոխտնօրէն պրն. Րաֆֆի Սարգիսեան, որ ըսաւ.“Ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ այսօր ձեզի կը ներկայանան ՀՕՄ-ի “Պապայեան” մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանէն շրջանաւարտ 52 աշակերտներ, որոնք յառաջիկայ տարեշրջանին մուտք կը գործեն “Գոլոլեան” նախակրթարանի առաջին դասարանը: Մեր սիրելի ծնողները իրենց զաւակները մեզի վստահելով, ապահովուած եղան անոնց դաստիարակութիւնը փորձառու ուսուցչուհիներու, որոնք անհուն նուիրումով անոնց սորվեցուցին հայերէն եւ անգլերէն լեզու, երգ, պար ու կարգապահութիւն”: Ան շնորհաւորեց մանկապարտէզի շրջանաւարտ աշակերտներն ու անոնց ծնողներրը, բարի եւ հաճելի ամառնային արձակուրդ մաղթելով անոնց եւ շրջանաւարտ աշակերտներուն:

Յայտագրի գործադրութիւնը սկսաւ անգլերէն “I Have Often Dreamed”, Ֆրանսերէն “Il ռtait Un Petit Navire” երգերով, եւ անգլերէն “Oh! The Places You՚ll Go” արտասանութեամբ: Երգուեցան “”Մանկապարտէզի քայլերգ” երգը, որուն յաջորդեց “”Երբ մեծնամ” արտասանութիւնը, որուն ընթացքին աշակերտնները յայտնեցին թէ ապագային երբ մեծնան ինչպիսի մասնագիտութեան պիտի հետեւին` բժիշկ, ուսուցչուհի, ոստիկան, երաժիշտ եւայլն:

Աշակերտնները երգեցին “Հրաժեշտի երգը”, ապա, տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում, փոխտնօրէնին եւ Ծաղիկ դասարանի ուսուցչուհիներ՝ տիկին Յասմիկ Խռլաքեանի եւ Miss Sarah Stehler -ի ձեռամբ:

Աշակերտններու ուղերձի արտասանութենէն ետք, բեմ բարձրացաւ Սուրբ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերապատիւ Տէր Մեղրիկ Ծ. Վարդապետ Բարիքեան եւ շրջանաւարտ աշակերտներուն իր հայրական պատգամը եւ թելադրութիւնները փոխանցելէ ետք շնորհաւորեց ծնողներն ու աշակերտնները:

ԳՐԻԳՈՐ ՀՈԹՈՅԵԱՆ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.