«Որքա՛ն մեծ ըլլայ մեր ժողովուրդին աջակցութիւնը «Հայ հորիզոն»ին, այնքա՛ն կարելի կ’ըլլայ իրականացնել մեր ծրագիրները»
Հարցազրոյց «Հայ հորիզոն» հեռուստաժամի տնօրէնուհի Թամար Շահինեանի հետ
6 Մարտ 2018-էն սկսեալ «Հայ հորիզոն» հեռուստաժամի սփռումի տեւողութիւնը կէս ժամուան փոխարէն պիտի ըլլայ մէկ ժամ, շնորհիւ հեռուստաժամի հաղորդավար, արտադրող եւ տնօրէնուհի Թամար Շահինեանի ջանքերուն, ICI հեռուստակայանի հայկական ժամին շնորհած առաջնահերթութեան եւ հիմնականօրէն հեռուստաժամի դիտողներուն քաջալերանքին, որոնք, ըստ ICI հեռուստակայանի տուեալներուն, կը գերազանցեն 25000 դիտորդը: Այս առթիւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթը հարցազրոյց մը ունեցաւ տիկին Շահինեանի հետ, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.
Հ.- Տիկի՛ն Շահինեան, ե՞րբ կեանքի կոչուած է «Հայ Հորիզոն» հեռուստաժամը, ի՞նչ պայմաններու տակ եւ որո՞ւ ջանքերով:
Թ.Շ.- «Հայ հորիզոն» հեռուստաժամը կեանքի կոչուած է աւելի քան 30 տարի առաջ, ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութեան ջանքերով: Ես այս ծրագիրին մաս կազմած եմ առաջին օրէն սկսեալ եւ առ այսօր, առանց ընդհատումի, կը շարունակեմ կամաւորաբար աշխատիլ «Հայ հորիզոն» հեռուստաժամի գոյատեւման եւ բարելաւման ի խնդիր: Նախ եղած եմ հեռուստաժամի հաղորդավար, իսկ վերջին չորս տարիներուն, «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութեան արտօնութեամբ, յայտագիրը սեփականութիւն դարձուցած եմ Sev-Sar Productions ընկերութեան անուան տակ եւ կը վարեմ հաղորդավարի, արտադրիչի եւ ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնները (host, producer, director): Ներկայ դրութեամբ անձնակազմին մաս կը կազմեն նաեւ երկու պաշտօնեաներ՝ Նարէ Նոխուտեան (editing) եւ Կարօ Շոհմէլեան (camera man): Սոյն տարիներուն ընթացքին «Հայ հորիզոն»ը գործակցած է չորս տարբեր կայաններու հետ. TEQ, CJNT, GLOBAL եւ այժմ՝ ICI: Յիշեմ, որ նշեալ կայաններուն հետ բաւականին յաջող եւ սերտ յարաբերութիւններ ունեցած ենք եւ լաւ տպաւորութիւն գործած՝ որպէս հայկական հեռուստաժամ:
Հ.- Որպէս Մեծն Մոնթրէալի հայկական միակ հեռուստաժամ, ի՞նչ է «Հայ Հորիզոն»ի առաքելութիւնը գաղութիս կեանքէն ներս:
Թ.Շ.- Կարելի է ըսել, որ «Հայ հորիզոն»ը մեր գաղութի հայելին է, այն իմաստով որ մեր ժողովուրդը գաղութի բոլոր իրադարձութիւններէն տեղեակ կը դառնայ «Հայ հորիզոն»ի միջոցաւ: «Հայ հորիզոն»ը կ’անդրադառնայ գաղութիս բոլոր ձեռնարկներուն, առանց խտրութեան, հայկական դպրոցներէն ներս տեղի ունեցող ձեռնարկներուն եւ դպրոցական կեանքին, փայլուն եւ յաջողակ դէմքերուն, արուեստագէտներուն, գաղութիս զաւակներուն իրագործած յաջողութիւններուն, մրցանակներուն եւ նուաճումներուն, ինչպէս նաեւ ի հարկին այլ գաղութներու լուրերուն, տեղեկատուութեանց, հայրենիքի եւ Արցախի իրադարձութիւններուն, մեր մշակոյթին եւ այլն: Մէկ խօսքով հայ իրականութեան առնչուող եւ մեր ժողովուրդը յուզող բոլոր հարցերուն կ’արձագանգէ «Հայ հորիզոն»ը: Կարեւորութեամբ կ’ուզեմ յիշել, թէ «Հայ հորիզոն»ը մեր գաղութի բոլոր խաւերուն, միութիւններուն եւ դպրոցներուն եւ եկեղեցիներուն հարազատ թարգմանն է, առանց բացառութեան: Հայկական հեռուստաժամին առաքելութիւնն ալ այդ է, որ հայկական տուներէն ներս, գոնէ շաբաթը մէկ անգամ հայկական սփռում դիտուի, մեր ժողովուրդը իրազեկ դարձնէ մեր գաղութի եռուն եւ բազմաբեղուն գործունէութեան եւ ըստ այնմ ներշնչէ հպարտութեան զգացում։
Հ.- Երեսուն տարիներու ընթացքին «Հայ Հորիզոն»ը ինչպիսի՞ դժուարութիւններ դիմագրաւեց եւ ի՞նչ նուաճումներ արձանագրեց:
Թ.Շ.- Վստահ որ դիւրին ճանապարհէ չանցաւ «Հայ հորիզոն»ը, ունեցանք դժուարութիւններ եւ նուաճումներ: Մեր հիմնական դժուարութիւնը եղած է եւ է նիւթականի ապահովումը, որովհետեւ նման ծրագիրի մը գոյատեւումը կախեալ է նիւթական կարելիութիւններէն: Բարեբախտաբար մենք ունինք հովանաւորներ, որոնք տարեկան իրենց հովանաւորութիւնը կը նորոգեն եւ նեցուկ կը կանգնին «Հայ հորիզոն»ին, սակայն այդ մէկը բաւարար չէ, պէտք է նաեւ գաղութը եւ մանաւնդ միութիւնները իրենց մասնակցութիւնը բերեն զանազան միջոցներով, որպէսզի մեր ժողովուրդը կարենայ վայելել հայկական հեռուստաժամի սփռումը: Օրինակ գործարարներ իրենց գործի ծանուցումները կամ միութիւնները իրենց ձեռնարկներուն յայտարարութիւնները կրնան յանձնել մեզի եւ կամ պարբերաբար նուիրատուութիւններ ընել: Իսկ մեր հիմնական իրագործումը այն է, որ ձեւով մը մենք յաջողեցանք գաղութիս միութիւններուն եւ զանազան խաւերուն մէջ համախմբում կամ միաւորում ստեղծել. «Հայ հորիզոն»ը միասնականութեան ենթահողը պատրաստողը եղաւ: Հեռուստաժամին իրագործումներէն մէկն է նաեւ հայ դիտորդներու թիւը, որոնք այսօր ICI հեռուստակայանի տուեալներով կը գերազանցեն 25000 դիտորդը: Այս կը նշանակէ, թէ «Հայ հորիզոն»ը կրցաւ թափանցել մեր հայկական տուներէն ներս եւ ձեւով մը գոհացում տալ մեր ժողովուրդի ակնկալութիւններուն: Մեր ժողովուրդը նաեւ չի զլանար իր քաջալերանքը յայտնելու, մանաւանդ մեր մեծ մայրերը, որոնք կարելիութիւն չունին անմիջականօրէն մասնակից դառնալու մեր գաղութի կեանքին. անոնց ուրախութիւնը անսահման կ’ըլլայ, երբ կը տեսնեն իրենց թոռնիկները կամ հարազատները որեւէ յայտագիրի ընդմէջէն:
Հ.- «Հորիզոն» շաբաթաթերթին միջոցաւ յայտարարուած էր, թէ հայկական հեռուստաժամը մօտօրէն մէկ ժամի պիտի վերածուի, կէս ժամուան փոխարէն. ի՞նչ է այս բարեփոխումին նպատակը:
Թ.Շ.- Նախ ըսեմ, որ հեռուստաժամի սփռումի տեւողութիւնը մէկ ժամի վերածելու առաջարկը ստացանք կայանի տնօրէնութենէն, որոնք մեզի տուին առաջնահերթութիւն, նկատի ունենալով մեր ծրագիրին դիտորդներուն թիւը: Անշուշտ առաջարկը ընդունեցի մեծ ոգեւորումով եւ խանդավառութեամբ, որովհետեւ այնքան շատ փոխանցելիք ունինք մեր ժողովուրդին, որ յաճախ կը ստիպուիմ կրճատել կամ կտրատել յայտագիրները, որպէսզի կարելիութիւնը ունենամ բոլորին տեղ տալու եւ նիւթերու այլազանութիւն ապահովելու: Սակայն այս մէկը աւելի մեծ պատասխանատուութեան դէմ յանդիման կը դնէ մեզ, մանաւանդ ֆինանսական հարցի գծով: Մենք յաճախ ունեցած ենք մէկ ժամի վերածելու հեռանկարը, եւ որովհետեւ հիմա առիթը ներկայացած է, կ’ուզենք օգտագործել, որպէսզի մէկ ժամուան աւելի ճոխ յայտագիրով, աւելի լայն անդրադարձներով կարենանք ներկայութիւն ըլլալ մեր հայկական տուներէն ներս:
Հ.- Այս ծրագիրը բնականաբար մեր ժողովուրդին բոլոր խաւերուն աջակցութեան եւ նեցուկին կը կարօտի, ուստի ի՞նչ կոչ կ‘ուղղէք մեր ընթերցողներուն:
Թ.Շ.- Կոչս շատ յստակ է. եթէ կ’ուզէք, որ «Հայ հորիզոն»ի սփռումը շարունակուի, աջակցեցէ՛ք մեզի: Գաղտնիք չէ, որ մենք շատ սահմանափակ կարելիութիւններով կ’իրագործենք այս յայտագիրի սփռումը՝ նուազագոյն ծախսերով: Հետեւաբար, կը խնդրեմ, որ հայկական միութիւնները, հայ ընտանիքները եւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները, իրենց կարելիութեանց սահմաններուն մէջ իրենց ներդրումը ունենան Մոնթրէալի հայկական միակ հեռուստաժամին: Եւ ես վստահ եմ, որ երբ գոնէ 25000 դիտորդ ունինք եւ եթէ իւրաքանչիւրը իր լուման բերէ (թէկուզ շատ չնչին գումարով), կը յաջողի այս ծրագիրը:
Հ.- Ապագայի այլ ծրագիրներ ունի՞ «Հայ Հորիզոն»ը:
Թ.Շ.- Ծրագիրները շատ են ու այլազան, սակայն բոլորին իրագործումը կրկի՛ն կախեալ է նիւթական կարելիութիւններէն. օրինակ յաճախ մտածած ենք զանազան բաժիններ ունենալու մասին (բժշկական, գեղագիտական, տնտեսական, հայկական խոհանոցի եւ այլն), կամ ինչու չէ ունենալ գաղութներու լուրերու բաժին մը, որոնց միջոցաւ մեր ժողովուրդին կարենանք փոխանցել մեր միւս գաղութներուն մասին տեղեկութիւններ: Այս բոլորը մասնագիտական ձեւով ընելու համար կարիքը ունինք արհեստավարժ անձերու մասնակցութեանց (բժիշկներ, խորհրդատուներ, գաղութներէն լրագրողներ եւ այլք): Հետեւաբար, կրկին կը շեշտեմ, որ որքա՛ն մեծ ըլլայ մեր ժողովուրդին աջակցութիւնը «Հայ հորիզոն»ին, այնքա՛ն կարելի կ’ըլլայ բարեփոխել մեր յայտագիրներն ու իրականացնել մեր ծրագիրները:
Կրկին անգամ կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել մինչեւ օրս մեզի աջակցող բոլոր հովանաւորներուն եւ միութիւններուն, որոնք իրենց ծանուցումները կ՚ընեն մեր յայտագրի միջոցաւ, եւ փափաքս է, որ իւրաքանչիւր ընտանիք ընդառաջէ հանգանակութեան մեր կոչին եւ իր ներդրումը ունենայ www.youcaring.com/hayhorizon էջին միջոցաւ:
Սոնա Թիթիզեան