«Տաճկահայ Գաղթաշարժը Եւ Անոնց Դերը Հայաստանի Հանրապետութեան Կազմութեան Մէջ» – Է.
Գլուխ Երկրորդ
1914 – Բասէն Եւ Ալաշկերտ
ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ
5.- Համայնքն Ու Շինարար Աշխատանքները
Առաջին օրերու յուսաբեկութիւնը հետզհետէ կ’անցնէր եւ հայ ժողովուրդը կ’ամփոփէր իր ուժերը աւելի երկար պայքարի մը համար: Այդ ձմեռը կը դառնար ինքնամփոփման եւ վերակազմութեան շրջան մը:
Ռուսական բանակը վերականգնելով իր նախօրօք գրաւուած դիրքերը, սկսաւ ամրացնել զանոնք ժամանակակից զինուորական թեքնիքով: Ռուսական ամրութիւնները քիչ մ’աւելի ամուր հոգեբանական մթնոլորտ ստեղծեցին թիկունքի հայութեան մէջ: Նոր փլուզումի եւ Կովկասը թողնելու վախը կը փարատէր: Այսպիսով, եթէ պատերազմի առաջին օրերու խանդավառութիւնը օդը ցնդած էր, նոյնպէս տեղի տուած էին այն սարսափներն ալ, որոնք իբրեւ հետեւանք Էնվէր փաշայի արկածախնդրութեան, սաւառնեցան պահ մը կովկասեան հորիզոններու վրայ:
Հայկական կամաւորական գունդերը, սակայն գործօն վիճակէն դուրս ինկած էին եւ ձեռնարկած էին վերակազմելու իրենց նոսրացած շարքերը: Հայկական զինուորական ուժը կը բացակայէր առաջին ճակատներէն. բայց կազմակերպական եւ վերաշինական մարմինները աւելի քան եռանդով կը շարունակէին իրենց աշխատանքները Ալաշկերտի եւ Բասէնի շրջաններու մէջ:
Ալաշկերտի մարմինն առաւելապէս կապուած էր Հայոց Գիւղատնտեսական Ընկերութեան, մինչդեռ Բասէնի մարմինն ուղղակի Ազգային Բիւրոյի հետ կապ ունէր եւ քաղաքացիական-վարչական աշխատանքներու լծուած էր: Ալաշկերտի գործիչներն իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցին գիւղատնտեսական աշխատանքներու եւ օգնութեան գործի վրայ: Վարչական եւ զինական աշխատանքները վերի աշխատանքներուն հետ ի միջի այլոց կը կատարուէին: Այդ օրերէն կը սկսի այն վախը թէ ռուսերը պիտի ձեռնարկեն ռուս գօզաքներով լեցնել Ալաշկերտի դաշտը: Ռուսական գաղութի վախը կը մղէր հայ գործիչները, որ ոչ միայն հայկական գիւղերու մէջ վարուցանքսը լիովին կազմակերպէին, այլ մեծ ջանքերով ժողովրդի մէկ մասը պէտք է տեղաւորէին թափուր մնացած գիւղերու մէջ եւ ցանքերով իրաւականդրութիւն մը ստեղծէին Ալաշկերտի գիւղացիութեան համար՝ այդ դաշտի ընդհանուր հողերուվրայ:
Գաղթականական Գործը
1915-ի յունուարի սկզբին Բասէնի ամբողջ ժողովուրդը կուտակուած կը մնար ռուսական Բասէնի մէջ: Ռուսական զօրքերու յառաջացման հետեւանքով հազիւ քանի մը գիւղեր (որոնք բաւական հեռու թիկունքը կը գտնուէին) վերաբնակուած էին: Մնացած գաղթականները տեղաւորուած էին Բաշ գիւղի եւ Գարագուրտի շրջակայ հայ գիւղերու մէջ, ուր Տաճկահայութիւնը սրտբաց ընդունելութիւն գտած էր: Յունուարի առաջին շաբթուն Կարսէն Բասէն մեկնած էր Հայոց Բարեգ. Ընկերութեանն անմիջական օգնութիւնը կազմակերպելու համար: Բասէնի մարմինը վերադառնալով իր աշխատանքին, այժմ ինքզինք կը գտնէր գաղթականական բազմութեան մը առջեւ: Սակայն այդ գաղթականութիւնն իր մէջ քանի մ’ամիս առաջ կազմակերպուած գիւղական մարմինները կը պահէր, որոնք իրենց համագիւղացիները կը ներկայացնէին Ազգային Մարմնի,- Բասէնի շտաբի առջեւ: Կազմակերպական բջիջներու պահպանումը մեծապէս կը նպաստէր գաղթականութեան գործերու դասաւորման-Ալ. Շարաֆեան Բասէնի մէջ գտնելով Ազգային Բիւրոյի ղրկած մարմինը, գաղթականութեան օգնութեան գործը կը յանձնէր այդ մարմնին եւ կը դառնար Թիֆլիս: Այսպիսով Բասէնի գործիչները կը ծանրաբեռնուէին նաեւ գաղթականական աշխատանքներով, առանց մէկ կողմ թողնելու վարչական եւ զինուորական գործերը:
Մեզի յանձնուած էր մօտ 20,000-ի հասնող Բասէնի գիւղացիութիւնը, փոքրիկ համայնք մը եւ շերտ մը հող.- Բասէնի մէկ մասը,- որպէս հայրենիք: Մենք հինգ ընկերներով կը ներկայանայինք այդ համայնքի ազգային իշխանութիւնը: Այդ նախադուռին առաջ հայ մտաւորականութեան մէկ մասը կուտար իր քննութիւնը, ժողովուրդը կառավարելու եւ զայն մղելու շինարարական աշխատանքի: Առաջին աշխատանքները Բասէնի շրջանի մէջշատ բեղուն եղան, եւ հիմք ծառայեցին յետագայ աշխատանքներուն, ոչ միայն Բասէնի, այլ նաեւ ուրիշ գրաւուած վայրերու վարչութիւններու գործին: Քննութեան առնենք կատարուածը:
Առաջին հերթին օգնութեան գործի կազմակերպումն էր: Անոնք որ կրցած էին տեղաւորուիլ իրենց առանձին ծացքին տակ, քիչ մը ինքնապահ էին. բայց կային չքաւորներն, որոնց անմիջական օգնութիւն պէտք էր հասցնել եւ կար տեղաւորման խնդիրը, այսինքն գաղթական բազմութեան նպատակայարմար բաշխումը ռուսական Բասէնի հայ գիւղերու վրայ: Մարմինը ձեռնարկեց վիճակագրական1 տախտակներու պատրաստութեան, որով հնարաւոր եղաւ գիտնալ կարիքաւորներու թիւը, եւ միւս կողմէ, ընդհանուր թուերու օգնութեամբ կատարեց տեղաւորման աշխատանքը, արդար բաշխումով մը: Յունուար եւ Փետրուար ամիսները օգնութեան շրջան մըն էին: Գաղթականութիւնը կորուստի չմատնուեցաւ: Կրցաւ կազդուրուիլ եւ պատրաստուիլ գարնանային աշխատանքի:
6 – Միօրեայ վիճակագրութիւն մը կատարուեցաւ: Բասէնի մարմնի բոլոր անդամները մեկնեցան շրջանները, իրենց հետ վերցուցին ուսուցիչներ եւ գրել կարդալ գիտցողներ եւ գլուխ բերին այդ վիճակագրութիւնը: Այդ տախտակները կը գտնուին Ազգային Բիւրոյի արխիւներուն մէջ: Դժբախտաբար չեմ կարող որոշ ցանկեր տալ հոս, ձեռքիս տակ չունենալով զանոնք: