Հայաստան-Ատրպէյճան Պատերազմը Անխուսափելի՞

 

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «1news.az» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովին մօտ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Էլտար Իպրահիմով ըսած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմը անխուսափելի է։

«Անձնական կարծիքս այն է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմը, ամենայն հաւանականութեամբ, անխուսափելի է։ Եթէ մենք կ՛ուզենք վերադարձնել բռնագրաւուած տարածքները, կ՛ուզենք վերադարձնել եւ պիտի վերադարձնենք, ապա անոնց համար պատերազմը անխուսափելի կը թուի ինծի», յայտարարած է Իպրահիմով։

Ան նաեւ աւելցուցած է. «Հայերը խաղաղ ճանապարհով պիտի չվերադարձնեն բռնագրաւուած տարածքները»։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.