«Ուիքիլիքս». Մ. Եովանովիչի Զեկոյցը՝ ՀԱԿի Ցոյցին Մասին

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Թայմ».- 2009 Մայիս 11ին, Հայաստանի մօտ ԱՄՆի դեսպան Մերի Եովանովիչ գաղտնի նամակ մը ուղարկած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր կը նկարագրէ 2009ի Մայիս 1ին Հայ Ազգային

Կոնգրեսի հանրահաւաքին մանրամասնութիւնները եւ Կոնգրեսի առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին ելոյթը:

Նամակին բովանդակութիւնը ներկայացուցած է «Ուիքիլիքս» կայքը.

«Ոստիկանական ուժերու խիստ հսկողութեան առկայութեամբ, Հայաստանի ընդդիմադիր Հայ Ազգային Կոնգրեսի առաջնորդ, ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, 2009 թուականի Մայիսի 1ին՝ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններէն մէկ ամիս առաջ, կազմակերպեց երկրորդ հանրահաւաքը, որուն ժամանակ ան մեղադրեց նախագահ Սերժ Սարգսեանը՝ իշխանութեան գլուխ մնալու համար որեւէ գին վճարելուն մէջ, ընդհուպ՝ նոյնիսկ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը, վկայակոչելով նոյն թուականի Ապրիլ 22ին Սարգսեանի այն յայտարարութիւնը, ուր վերջինս իր աջակցութիւնը կը վերահաստատէր Հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորող արձանագրութիւններուն:

«Հակառակ անոր, որ ընդդիմութիւնը կը պնդէր, թէ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ մասնակցած են հանրահաւաքին, ԱՄՆ դեսպանատան աշխատակիցներուն գնահատումով, մարդոց թիւը կազմած է 6-8 հազար», զեկուցած է Եովանովիչ:

Իր նամակին մէջ, Եովանովիչ կը նշէ, թէ ընդդիմութիւնը կը բողոքէր այն փաստին համար, որ ճանապարհները փակ էին եւ ընդդիմութեան համախոհները չէին կրցած շրջաններէն հասնիլ Երեւան: ԱՄՆ դեպսանը կը գրէ նաեւ, որ Հայաստանի ոստիկանապետը իրեն հետ զրոյցի ընթացքին հերքած է այդ փաստը՝ նշելով, որ ոստիկանութիւնը արշաւ սկսած է ապօրինի զէնք եւ զինամթերք փնտռելու ուղղութեամբ, եւ այդ իսկ պատճառով, ինքնաշարժներ կը կանգնեցուին ստուգման համար: Նամակին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Հայաստանի ոստիկանութեան նման միջոցառումները կը համընկնին Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն հետ:

Եովանովիչ կը մէջբերէ հատուածներ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ելոյթէն, ուր ՀՀ առաջին նախագահը կը նշէ, թէ ՀԱԿը կողմ է Հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման, սակայն դէմ է պատմաբաններու յանձնաժողովի ստեղծման, որ, ըստ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, կը նշանակէ՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտում»:

ԱՄՆ դեսպանը կը գրէ նաեւ, որ Տէր Պետրոսեանի խօսքով, «Սարգսեանի յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի վաճառքը»: Գաղտնի փաստաթուղթին մէջ Եովանովիչ մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ նաեւ ելոյթին այլ հատուածները, որոնք կը վերաբերին ընդդիմութեան անդամներու դատական գործերուն (մասնաւորապէս՝ «7ի» գործին) եւ Երեւանի աւագանիի գալիք ընտրութիւններուն:

Իր մեկնաբանութեան մէջ, Մերի Եովանովիչ կը նշէ, որ Թուրքիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով նախագահ Սարգսեանի հասցէին հնչող քննադատութեանց ընթացքին, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի խօսելաոճը պակաս կտրուկ էր, քան անկէ որ կրնար ըլլալ:

«ՀՀ առաջին նախագահը հիմնախնդիրի ներգրաւուածութեան բովին մէջ քննադատեց նաեւ նախկին նախագահ Քոչարեանը եւ Հայկական սփիւռքը: Այնուհանդերձ, դիտողութիւնները օգտակար չէին: Անոնք, բնականաբար, կ՛արտացոլեն Հայաստանի մէջ լայն տարածում գտած այն կարծիքը, թէ նախագահ Սարգսեան խաբուած էր թրքական դիւանագէտներէն, որոնք յաջողած են խուսափիլ «Ցեղասպանութեան» ճանաչումէն, առանց որեւէ բան տալու անոր փոխարէն», կը գրէ Եովանովիչ:

Ան կը նշէ նաեւ, որ թէեւ «կարելի չէ կանխատեսել խորամանկ նախկին նախագահին հեռահար ծրագիրները, այնուհանդերձ, անոր հանրահաւաքներու մասնակիցներուն թիւի նուազումը ցոյց կու տայ, որ անոր համախոհները կը կորսնցնեն ընտրութիւններուն յաղթանակ տանելու անոր հնարաւորութիւններուն նկատմամբ վստահութիւնը»:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.