1 Միլիառ Տոլարի Ներդրումային Առաջարկներ Ստացած Ենք. նախարար Արծուիկ Մինասեան

Մայիս 15-էն մինչեւ այս պահը շուրջ 1 միլիառ տոլարի ներդրումային առաջարկներ ստացած ենք. նախարարութեան գործունէութեան 100 օրը ամփոփելու ընթացքին տեղեկացուց տնտեսական զարգացման եւ ներդրումների նախարար Արծուիկ Մինասեան:

«Ներդրումային առաջարկներ ստացած ենք, եթէ ատոնք վերածենք թիւերու, կ’անցնի 1 միլիառ տոլարը, բայց մենք, բնականաբար, կը փորձենք գնահատել իրատեսականը: Այդ մէկ միլիառէն առնուազն 240 միլիոնը իրատեսական է»,- ըսաւ ան:

Մինասեան նշեց, որ կ՛աշխատին այդ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: «Կ՛աշխատինք անոնց հետ, որպէսզի անոնց գաղափարները վերածուին գործածար ծրագիրներու կամ գործարար նախաձեռնութիւններու` յստակ արդիւնքներու հասնելու համար»,- ըսաւ նախարարը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.