Օսմանեան Թուրքիոյ Առաջին Կին Բժիշկը` Զարուհի Քաւալճեան

Թուրքիոյ առաջին կին բժիշկը եղած է ծագումով հայ Զարուհի Քաւալջեանը, կը հաղորդէ «Էրմէնի հապեր»-ը՝ վկայակոչելով   թրքական «Akyazı.net» լրատուակայքը:

Զարուհի Քաւալջեան ծնած է Թուրքիոյ Ատափազար քաղաքին մէջ` 1877-ին: Անոր հայրը` Սերոբ Քաւալջեան, 1875-ին աւարտած էր Պոսթընի բժշկական համալսարանը եւ Ատափազարի ու Իզմիթի մէջ կ՛աշխատէր իբրեւ բժիշկ:

Զարուհին 1898-ին կ՛աւարտէ Ատափազարի Ամերիկեան իգական քոլէճը եւ նոյն թուականին կը մեկնի Ամերիկա, քանի որ Օսմանեան պետութեան մէջ կանաց արգիլուած էր բժշկութիւն ուսումնասիրել:

Շիքակոյի մէջ Քաւալջեան կ՛ընդունուի եւ 1903-ին կ՛աւարտէ Իլինոյսի համալսարանի բժշկական բաժանմունքը, այնուհետեւ կը վերադառնայ Ատափազար եւ որոշ ժամանակ հօր հետ կ՛աշխատի իբրեւ բժիշկ: Միաժամանակ նա նաեւ Ամերիկեան քոլէճին մէջ կենսաբանութիւն կը դասաւանդէր:

Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Քաւալջեան աշխուժօրէն կը մասնակցի վիրաւորներուն եւ տուժածներուն օգնութիւն ցոյց տուող հաստատութիւններու աշխատանքներուն, իսկ աւելի ուշ կը տեղափոխուի Պոլիս:

Բացի բժշկութենէն Զարուհին զուգահեռաբար կը շարունակէ դասաւանդել Ուսկիւտարի Ամերիկեան իգական քոլեճին մէջ, ուր յայտնի կը դառնայ   Դոկտոր Քաւալ անուամբ:

Օսմանեան Թուրքիոյ առաջին կին բժիշկը` Զարուհի Քաւալջեան, մահացած է 1969-ին եւ ամփոփուած Ֆերիքէոյի հայկական բողոքական գերեզմանատան մէջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.