Օժանդակութիւն սուրիահայութեան Պելճիքայի Հայ գաղութին կողմէ

ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ՀՅԴ Պելճիքայի կոմիտէն, Պելճիքայի Հայ առաքելական եկեղեցին, Պելճիքայի հայ օգնութեան միութիւնը, Պելճիքայի դեմոկրատների միութիւնը, Communauté Arménienne de Belgique-ը եւ Centre Social Arménien-ը Սուրիահայութեան օժանդակութեան ծիրէն ներս, կը հրաւիրեն ձեզ ներկայ գտնուելու Մայիս 1, 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Պրիւքսելի Սուրբ Մարիամ Մագդաղենացի Հայ Առաքելական Եկեղեցի, Հալէպի հայոց թեմի առաջնորդ Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեանի եւ Հալէպի հայ գաղութի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեանի հետ հանդիպման՝ իրազեկուելու եւ տեղեկանալու Հալէպի հայ գաղութին դիմագրաւած հիմնախնդիրներուն շուրջ։

Տեղի պիտի ունենայ նաեւ դրամահաւաք գաղութին վերակառուցման համար:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.