Քուռկիկ Ջալալին եւ Թուր կէծակին

Համազգային առումով ալ Սփիւռքի ձայնը Հայաստանի մէջ ու Հայաստանի ձայնը Սփիւռքի մէջ լսելի դարձնելու մասին պէտք է մտածել, եւ ասիկա ոչ միայն մեր երգիչներուն միջոցաւ… Հասկնալի է, պետութեան մը խորհրդարանին մէջ արտաբնակ ժողովուրդը ներկայացնելը այնքան ալ դիւրին ու պարզ միջոցառում մը չէ, բազմաթիւ բարդութիւններ կը ծագին, մանաւանդ երբ մեծամասնութիւնը դուրսն է, ո՛չ՝ ներսը։ Բայց անյետաձգելի հարց է այլեւս ասիկա։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Այո՛, փոխուեր է ու միշտ կը փոխուի այս տարօրինակ, զարտուղի ու եզակի աշխարհը, այս «խենթ, խենթ, խենթ աշխարհը», բայց հայոց դիւցազնավէպը՝ Սասունցի Դաւիթի դիւցազնավէպը, ի զօրու կը մնայ դարէ-դար։

Ընդունինք,– ու շատեր տակաւին կարծէք պատրաստ չեն ընդունելու,– որ աշխարհին հետ, անոր զուգահեռ թէ զայն խաչաձեւելով, փոխուած է ու տեւաբար կը փոխուի նաեւ մե՛ր կեանքը, մեր ազգայի՛ն կեանքը։

Նոյնը չէ այսօր հայաշխարհը բաղդատմամբ երէկուան, բաղդատմամբ քառորդ դար, կէս դար, մէ՛կ դար առաջ գոյութիւն ունեցող հայ կեանքին։ Եւ կասկած չկայ, որ փոփոխութիւնը բարե՛փոխութիւն է, յառա՛ջդիմութիւն է եւ ոչ հակառակը։ Ի՛նչ կ՚ուզեն՝ ըսեն յոռետեսները, ամեն բանի, ամեն կացութեան միայն վատ կողմը տեսնել ուզողները, մանաւանդ անոնք, որոնք չեն ակնկալեր, որ իրապէս բան մը կրնայ փոխուիլ, բարեփոխուիլ հայ կեանքին մէջ,– որեւէ՛ ատենէ աւելի բարւոք վիճակի մէջ ենք ներկայիս։

Ի՞նչ կենսական յառաջդիմութիւն կրնանք նշել մեր կեանքին մէջ։

Կայ, վերստին գոյ է Հայաստան անունով, սեփական՝ եռագոյն դրօշակով երկիր մը։ Սեփական բանակով։ Իրողապէս, եթէ ոչ տակաւին իրաւապէս ընդլայնուած սահմաններով։

Կայ բազմացած ժողովուրդ մը՝ թէկուզ գրեթէ իր երեք քառորդով ապրելով այդ սեփական երկրի ֆիզիքական սահմաններէն դուրս, սակայն ոչ դուրս հոգեկա՛ն սահմաններէն։

Չգիտակցիլ այս իրողութեանց ու տեսնել միայն ժխտականը՝ Հայաստանի շրջափակուած ըլլալը, պատերազմական վիճակի մէջ գտնուիլը, արտագաղթը, այլազան տկարութիւններն ու թերացումները, քաղաքական,տնտեսական- ընկերային ախտերը եւ այլն մեզ պարզապէս յուսահատութեան ու ինքնակործանման կը տանի։ Դիւրին է տեւաբար դատապարտել այդ մտահոգիչ ու քայքայիչ երեւոյթներն ու ախտերը,– եւ անոնք անկասկած պէտք է քննադատուին,– սակայն պարզապէս խօսիլ ու բացասական տրամադրութիւններ ստեղծելը մեզ տեղ չեն հասցներ։

Մենք պարտաւոր ենք անսալ մեր դիւցազնավէպի պատգամին։ Պէտք է երթանք-գտնենք Քուռկիկ Ջալալին, թամբենք ու հեծնենք զայն, իր պահուած տեղէն մէջտեղ հանենք ու մեր ձեռքը առնենք Թուր կէծակին ու գրոհենք մեզի սպառնացող թշնամիին վրայ։

Այսինքն գիտնանք պահի լրջութեան համաձայն վերակազմակերպել մեր կեանքը։

Մեծ եղեռնի հարիւրամեակին առթիւ հայութիւնը ցուցաբերեց աննախընթաց գիտակցութիւն մը։ Պէտք է շարունակել ընթանալ այդ ուղղութեամբ։ Ազգային միասնականութիւնը խօսք պէտք չէ մնայ։

Որքան ալ որ չունինք տակաւին այն պետութիւնը, որ դարերէ ի վեր երազեր ենք, ունինք սակայն հիմք մը, որուն վրայ պիտի բարձրանայ մեր երազած ազգային տունը։ Նայինք մեր շուրջ ու դաս առնենք ուրիշներէ։ Լաւագոյն օրինակը ուրիշ երազի մը իրավիճակն է։ Այդ երազը կոչեր են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Իր հիմնադրութենէն աւելի քան 240 տարի ետք տակաւին չէ՛ կայացած ան, հակառակ իր ամբողջ հարստութեան ու պատկառելի մարդուժին։

Ամե՛ն գնով պէտք է պահպանենք միասնական ոգին, ատիկա ըլլայ համահայկական առումով, թէ տեղական։ Այո, պէտք է որոնել ու գտնել այդ ոգին դրսեւորելու բոլոր ոլորտները, ու մեր կեանքը կազմակերպել անոր համաձայն։

Այս առաջադրանքը կը սկսի վարէն, մանաւանդ Սփիւռքի մէջ, ուր մեր համայնքային կեանքը աւելի արդիւնաւէտ ձեւով կազմակերպելու համար պէտք է գտնել բոլոր կողմերը, կողմերու կազմակերպական կարողութիւնները, ֆիզիքական յարմարութիւններն ու մարդուժը ի մի բերելու ու անոնցմէ հաւաքաբար օգտուելու կարելիութիւնները՝ ոչ թէ զանոնք իրարու մէջ ձուլելով, ոչ թէ զանազան նախաձեռնութիւններ կազմակերպող պարզապէս միացեալ մարմին մը ունենալով, այլ շատ աւելի հիմնական ու տեւական համադրական ու գործակցական իրավիճակ մը յառաջացնելով։ Հասկնալի է, ասիկա դիւրին ու հապճէպ իրականացուելիք բան չէ, սակայն այսօրուան ու վաղուան փոփոխութիւններուն համապատասխան ազգային կեանք մը վարելու ճամբան է։ Ասիկա կը վերաբերի նաեւ Սփիւռքին՝ իբր ամբողջութիւն, կամ «սփիւռքներուն», ինչպէս կ՚անուանէ գրչակիցս արտասահմանը։

Համազգային առումով ալ Սփիւռքի ձայնը Հայաստանի մէջ ու Հայաստանի ձայնը Սփիւռքի մէջ լսելի դարձնելու մասին պէտք է մտածել, եւ ասիկա ոչ միայն մեր երգիչներուն միջոցաւ… Հասկնալի է, պետութեան մը խորհրդարանին մէջ արտաբնակ ժողովուրդը ներկայացնելը այնքան ալ դիւրին ու պարզ միջոցառում մը չէ, բազմաթիւ բարդութիւններ կը ծագին, մանաւանդ երբ մեծամասնութիւնը դուրսն է, ո՛չ՝ ներսը։ Բայց անյետաձգելի հարց է այլեւս ասիկա։ Կը թուի թէ Հայրենիք-Սփիւռք յառաջիկայ հանդիպումը, որ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ, օրակարգի վրայ նման կէտ մը ունի։ Յուսանք, այդ ուղղութեամբ ալ խօսքէն անդին գործի կ՚անցնինք։

Վերջապէս կայ հայութեան ամբողջական մարդուժը լաւագոյն ձեւով ազգին ի սպաս դնելու գերխնդիրը։ Բոլոր մարզերուն մէջ։ Ամբողջ հայաշխարհի տարածքին։ Այդ մարդուժը մեր մեծագոյն հարստութիւնն է։ Հաւանաբար շատ այլոց նախանձը շարժելու աստիճան մե՛ծ հարստութիւն մը, որ մեզի համար անչափելի ներուժ կը հանդիսանայ։ Պիտի գիտնա՞նք զայն գնահատել ըստ արժանւոյն։ Այլեւ զինուորագրել ի սպաս հայութեան։

Ասոնք են մեր ուժերը՝ միասնականութեան ոգին (որ կոչի Քուռկիկ Ջալալի) ու մեր ներուժը (որ կոչի Թուր կէծակի)։

Գոյատեւելու համար՝ լաւապէս օգտագործենք զանոնք։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.