Քաղաքական հասունացման պահը

Սեդօ Պոյաճեան

Երեւանի մէջ ընթացող հանրահաւաքներու եւ ցոյցերու ընդմէջէն մեր երիտասարդութիւնը եւ ուսանողութիւնը մեզի տուին ուսանելի դասեր, որոնք կրնան միայն խթան ու ապաւէն հանդիսանալ ներկայ տագնապի բարւոք հանգուցալուծման։

Առաջին, անոնք ապացուցեցին, որ իրենք ոչ ոքէ ժողովրդավարութեան դասեր առնելու կարիքը չունին։

Երկրորդ, անոնք ցոյց տուին, թէ իրենք չեն առաջնորդուիր ժողովրդավարական սին լոզունգներով եւ կեղծաւոր արտայայտութիւններով։

Երրորդ, անոնք թարգմանը հանդիսացան մեր ժողովուրդի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ցաւերուն, որոնք արմատաւորուած էին վերջին աւելի քան քսանհինգ տարիներուն։

Չորորդ, իրենց անկեղծութեամբ եւ սկզբունքային հաւատարմութեամբ, անոնք կարողացան առկայ տագնապի լուծում որոնող զօրաշարժի ենթարկել հայրենի քաղաքական ուժերը, ներառեալ իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը եւ նորընտիր վարչապետը։

Հինգերորդ, իրենց ցուցական նախաձեռնութիւններու ընթացքին, անոնք մնացին երկրի սահմանադրութեան իրաւասութիւններուն մէջ եւ փորձեցին գործել օրինապահութեամբ։

Հիմա պահն է քաղաքական հասունացման, որպէսզի կարելի ըլլայ ճիշդ բարելաւումի եւ արդար բարեկարգումի ճանապարհները հարթել մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին համար։
Այս ճամբուն վրայ չենք կրնար կրկին անգամ ընկրկիլ կամ ձախողիլ, որուն անցեալի օրինակները տակաւին թարմ են մեր ժողովուրդի յիշողութեան մէջ։

Այս մէկը պիտի ըլլայ ներկայ տագնապէն քաղուող մեր բոլորին մեծագոյն դասը։ Այսօր, բոլորս կը գտնուինք կրկնուող տագնապին վերջնական լուծում մը որոնելու եւ գործադրելու մարտահրաւէրին դիմաց։ Ա՛յս պիտի ըլլայ մեր ազգային այն փորձաքննութիւնը, ուր պէտք է կարենանք ապացուցել եւ կիրարկել մեր հաւաքական հանճարը՝ քաղաքական հասունութեամբ եւ պետական մտածողութեամբ։

Այս ուղղութեամբ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը առաւ առաջին քայլը։ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը առաջադրեց, հանրապետութեան նախագահի գլխաւորութեամբ եւ բոլոր քաղաքական ուժերու մասնակցութեամբ, առաջացնել խորհրդակցութիւններու հարթակ՝ «առկայ խնդիրներին համատեղ, համախոհութեան սկզբունքով լուծումներ գտնելու եւ ստեղծուած իրավիճակը հանգուցալուծելու նպատակով:» Իր կարգին, նախագահ Արմէն Սարգսեան ողջունեց Դաշնակցութեան այս առաջադրութիւնը։

Ուստի, կը մնայ անցնիլ գործի, անմիջապէս կեանք ու մարմին տալ խորհրդակցութիւններու հարթակին։

Իւրաքանչիւր կողմ այդ հարթակին պիտի բերէ իր ցաւերը, դժգոհութիւնները եւ մանաւանդ լուծումներու իր առաջադրութիւնները։ Ցաւերն ու դժգոհութիւնները յստակ են։ Կը մնան առաջադրութիւնները։ Քաղաքական ուժերու կողմէ բազմիցս ներկայացուած են բարեփոխման ծրագիրներ։

Առաջադրութիւններու ծիրէն ներս, Դաշնակցութեան համար առաջնահերթ են եւ պիտի ըլլան Հայաստանի մէջ համակարգային փոփոխութիւններու խորացումը, ընկերա-տնտեսական միջավայրի հրատապ բարելաւումը, առաջանցիկ զարգացման ապահովումը, ընկերային արդարութեան հաստատումը, անկախ դատական իշխանութեան ձեւաւորումը, կոռուպցիայի և մենաշնորհներու իրական պայքարի եւ արտագաղթը նուազեցնելու աշխատանքը։

Հետեւաբար, այս հարթակը պիտի ըլլայ լուծումներու համադրման կեդրոնը։ Ան պիտի կարենայ հասարակ յայտարարի բերելու ներկայացուած ծրագիրները եւ կատարելու բոլորին կողմէ ընդունելի ճիշդ համադրումը, որպէսզի սկսի ճանապարհը դէպի խաղաղ, իրաւական, բարգաւաճ եւ անվտանգ Հայաստան։

Այս հարթակը պիտի առաջնորդուի նախագահ Արմէն Սարգսեանի խորհուրդով. «որ մեր երկրի անվտանգութիւնը, կայունութիւնը եւ ազգային համերաշխութիւնը բոլորիս համար պէտք է լինեն առաջնային ու անքննելի անհրաժեշտութիւն»:

Թերեւս այս մօտեցումով պիտի կարենանք մէկ անգամ ընդմիշտ վերջակէտ դնել հայրենիքը ցնցող հերթական տագնապներուն։ Անցեալի տագնապները կը մնային անլոյծ, որովհետեւ մէկ կողմէ իշխանական ղեկավարութենէն եւ միւս կողմէ ընդդիմացող ղեկավարութենէն կը խուսափէին քաղաքական հասունութեան եւ պետական մտածողութեան խորաթափանց կարողականութիւնը։

Վերջին դէպքերը եւ անոնցմէ բխող ուսանելի դասերը այսօր խթան կը հանդիսանան բոլորին, որպէսզի աւելի խորանայ ու ծաւալի այդ կարողականութեան գիտակցութիւնը եւ ատակութիւնը։

Շնորհիւ այդ ձեռք բերուած կարողականութեան, ո՛չ միայն պէտք է յուսալ, այլեւ պէտք է հաւատալ որ այս անգամ հայրենիքն ու հայրենի ժողովուրդը պիտի գտնեն հանգուցալուծման ճիշդ ճանապարհը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.