Ք­րիս­տա­փոր Մի­քա­յէ­լեան. Հայկական Յեղափոխութեան Դրօշակիր Առաջնորդը

Նազարէթ Պէրպէրեան

158 տա­րի ա­ռաջ, ­Հոկ­տեմ­բեր 18-ի լու­սա­ւոր օր մը, Հա­յաս­տան Աշ­խար­հը ծնունդ տո­ւաւ Ք­րիս­տա­փոր Մի­քա­յէ­լեան ա­նուն ա­րու զա­ւա­կի մը, որ կո­չո­ւած էր մարմ­նա­ւո­րե­լու բազ­մա­չար­չար ու­ղի կտրած եւ ստոյգ մա­հո­ւան ան­դուն­դը գլո­րող մեր ժո­ղո­վուր­դին վե­րած­նե­լու, այ­լեւ բաց ու խրոխտ ճա­կա­տով ազ­գե­րու մեծ ըն­տա­նի­քին մէջ իր ար­ժա­նի տե­ղը վե­րա­հաս­տա­տե­լու յե­ղա­փո­խա­կան կամ­քը։

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ հան­դի­սա­ցաւ 19-րդ ­դա­րա­վեր­ջի Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան մար­տու­նակ խմբա­ւո­րում­նե­րու միա­ւո­րող գա­ղա­փա­րա­կան մեծ կազ­մա­կեր­պու­թեան՝ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր եր­րոր­դու­թեան ե­րի­ցա­գոյն ու կեդ­րո­նա­կան դէմ­քը։

Ք­րիս­տա­փոր իր բո­լոր ու­ժե­րով ծա­ռա­յեց մէկ ու միակ այն վեհ դա­ւա­նան­քին, այ­լեւ՝ Ար­դա­րու­թեան եւ Ի­րա­ւուն­քի այն մէկ ու միակ հա­ւա­տամ­քին, որ կը խտա­նայ դա­րե­րուն ուղ­ղո­ւած իր յան­դուգն պատ­գա­մին մէջ.- «­Պատ­ռել է հար­կա­ւոր քար­տէս­նե­րի վրայ այս կամ այն ա­ւա­զա­կա­պե­տի կամ­քով գծո­ւած սահ­ման­նե­րը, ջնջել է հար­կա­ւոր այն աշ­խար­հագ­րա­կան ներ­կե­րը, ո­րոնք մեզ բա­ժա­նում են ի­րա­րից եւ ո­րոնք առ­հա­սա­րակ մշտա­կան չեն, իսկ եր­բեմն շատ կար­ճա­տեւ են լի­նում։

«Ո՛չ մի բռնու­թիւ­ն, ո՛չ մի հա­լա­ծանք, ո՛չ մի սահ­ման չէ կա­րող բա­ժա­նել մի ժո­ղո­վուրդ, ե­թէ նա տո­գո­րո­ւած է ընդ­հա­նուր շա­հե­րի գի­տակ­ցու­թեամբ, ու­նի նաեւ կռո­ւե­լու ան­սա­սան վճռո­ղա­կա­նու­թիւն եւ կա­պո­ւած, միա­ցած է դա­րե­րով սնո­ւած ու պահ­պա­նո­ւած ընդ­հա­նուր բնազդ­նե­րի ու զգաց­մունք­նե­րի ա­ռողջ զար­կե­րով»։

Ք­րիս­տա­փո­րեան այ­դօ­րի­նակ յե­ղա­փո­խա­կան գա­ղա­փա­րա­պաշ­տու­թեամբ եւ մար­տու­նակ հա­յու­թեան ցի­րու­ցան կամ­քե­րը միա­ձու­լե­լու կազ­մա­կերպ­չա­կան հզօր տա­ղան­դով կազ­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ ու թրծո­ւե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, որ մեր ժո­ղո­վուր­դին նո­րա­գոյն շրջա­նի պատ­մու­թեան յա­ռա­ջա­տար ու­ժը դար­ձաւ՝ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն իբ­րեւ ներշնչ­ման աղ­բիւր կտա­կե­լով հա­յու յե­ղա­փո­խա­կան յանդգ­նու­թեան ՄԱՐԴԱԿԵՐՏ դար­բի­նը կեր­պա­ւո­րող Ք­րիս­տա­փո­րի ան­մահ ա­ւան­դը։
Կամ­քեր կռա­նե­լու եւ հզօ­րաց­նե­լու բնա­տուր հան­ճա­րով էր օժ­տո­ւած Ք­րիս­տա­փոր ու կրցաւ, հա­յոց ցի­րու­ցան եւ ե­սա­կեդ­րոն կամ­քե­րէն, հա­ւա­քա­կան ու կազ­մա­կերպ ուժ եւ միա­ձոյլ կամք ստեղ­ծել՝ բո­լո­րը յա­րա­տեւ կռո­ւի մղե­լով ան­սա­կարկ զո­հա­բե­րու­թեան եւ եր­կա­թեայ կար­գա­պա­հու­թեան ո­գիով։

Հայ ժո­ղո­վուր­դի կե­ցու­թեան ընդ­հա­նուր բա­րեշրջ­ման եւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան մեծ դա­տին անն­կուն դրօ­շա­կիրն է Ք­րիս­տա­փոր, որ իր ան­ձին օ­րի­նա­կով, ան­յող­դողդ կամ­քով եւ ա­րու­թեան գոր­ծե­րով՝ գա­ղա­փա­րա­կան ու քա­ղա­քա­կան ան­վե­հեր եւ եր­կա­րա­շունչ պայ­քա­րի ու­ղին հար­թեց հա­յու­թեան նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն առ­ջեւ։

Ք­րիս­տա­փոր մա­նա­ւա՛նդ մարմ­նա­ւո­րումն է ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով կռո­ւի դաշ­տե­րէն յաղ­թա­կան դուրս գա­լու ՀԱ­Յու հաս­տա­տա­կա­մու­թեան՝ դա­րե­րով գե­րու­թեան, անձ­նա­տո­ւու­թեան եւ մեղ­կու­թեան հա­մա­կեր­պած հայ մար­դոց­մէ կեր­տե­լով նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ՀԱ­Յը, ա­նոր մէջ ամ­րապն­դե­լով յա­նուն ա­զա­տու­թեան, ար­դա­րու­թեան եւ ի­րա­ւուն­քի մին­չեւ վեր­ջին շունչ պայ­քա­րե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւնն ու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը։

Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ Ք­րիս­տա­փոր ի­րա­ւամբ «­Հա­սա­րա­կաց ­Հայր» կո­չո­ւե­ցաւ Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նի կող­մէ։ ­Հայ յե­ղա­փո­խա­կա­նի հայ­րա­կան շուն­չը Ք­րիս­տա­փոր զգա­լի դար­ձուց ոչ միայն սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին պար­տադ­րո­ւած դա­ժա­նա­գոյն ստրկու­թեան դէմ ծա­ռա­ցող հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն վրայ, այ­լեւ՝ ­Հայ ­Դա­տին ար­դա­րա­ցիու­թեան հա­ւա­տա­ցող եւ ջեր­մե­ռան­դօ­րէն պաշտ­պան կանգ­նող այն բո­լոր գա­ղա­փա­րա­պաշտ օ­տար­նե­րուն վրայ, ինչ­պի­սին էր ան­պայ­ման հա­յա­պաշտ­պան «Փ­րօ Ար­մե­նիա» թեր­թի անձ­նո­ւէր խմբա­գի­րը՝ ­Փիեռ Քի­յեառ, որ Ք­րիս­տա­փո­րի նա­հա­տա­կու­թեան ա­ռի­թով պի­տի վկա­յէր.

— «Ես հայ­կա­կան դա­տին վե­րա­բեր­մամբ ո­չինչ չեմ ա­սել, ո­չինչ չեմ գրել, ո­չինչ չեմ ա­րել ա­ռանց հարցնե­լու ինքս ինձ, թէ ի՛նչ կը մտա­ծէր նա՝ այս խօս­քի, այս նա­խա­դա­սու­թեան, այս ա­րար­քի մա­սին»։

Պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի ­Գողթն գա­ւա­ռի ­Վե­րին Ա­գու­լիս մեծ գիւ­ղի ծնունդ էր ­Հայ­կա­կան Յե­ղա­փո­խու­թեան ա­ռա­քեա­լը։ ­Մա­նուկ տա­րի­քէն կեան­քի պայ­քա­րը սկսաւ Ք­րիս­տա­փո­րի հա­մար. 4 տա­րե­կան էր, երբ մայ­րը կորսն­ցուց, իսկ 10 տա­րե­կա­նին՝ հայ­րը։ ­Նիւ­թա­կան ան­ձուկ պայ­ման­նե­րու մէջ նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ ծննդա­վայ­րի դպրո­ցին մէջ եւ փայ­լուն ար­դիւն­քով ա­ւար­տեց զայն։ ­Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը, տես­նե­լով եւ գնա­հա­տե­լով որբ ա­շա­կեր­տին ու­սում­նա­տեն­չու­թիւ­նը, յանձն ա­ռաւ հո­գալ Ք­րիս­տա­փո­րի հե­տա­գայ ուս­ման ծախ­սե­րը՝ պայ­մա­նաւ, որ ան յանձն առ­նէ վե­րա­դառ­նալ գիւղ եւ ստանձ­նել ծննդա­վայ­րի դպրո­ցին մէջ ու­սուց­չա­կան պաշ­տօն։ Այդ­պէ՛ս, 1874-ին, Ք­րիս­տա­փոր ան­ցաւ ­Թիֆ­լիս, ուր եր­կու տա­րո­ւան նա­խա­պատ­րաս­տա­կան պա­րապ­մուն­քէ ետք՝ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Ու­սուց­չա­կան ­Ճե­մա­րա­նը, ո­րուն քա­ռա­մեայ ուս­ման շրջա­նը ա­ւար­տեց 1880-ին ա­ռա­ջին կար­գի մրցա­նա­կով։

Ճե­մա­րա­նի տա­րի­նե­րը բախ­տո­րոշ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցան ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­րի­քը թե­ւա­կո­խող Ք­րիս­տա­փո­րի հա­մար։ ­Ռու­սա­կան «­Նա­րոդ­նա­յա ­Վո­լիա» (­Ժո­ղովր­դա­յին ­Կամք) յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան վե­րել­քի ժա­մա­նա­կաշր­ջանն էր եւ կով­կա­սա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ փա­րած էր ա­նոր տա­րա­ծած ըն­կեր­վա­րա­կան գա­ղա­փար­նե­րուն։ ­Հա­մա­ռու­սա­կան այդ շարժ­ման ան­մի­ջա­պէս միա­ցաւ նաեւ Ք­րիս­տա­փոր՝ ռուս յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու հետ սերտ կա­պեր հաս­տա­տե­լով եւ հե­տա­գայ տա­րի­նե­րուն այդ կա­պե­րը ամ­րապն­դե­լով։

Ճե­մա­րա­նը ա­ւար­տե­լով՝ Ք­րիս­տա­փոր վե­րա­դար­ձաւ իր ծննդա­վայր գիւ­ղը եւ եր­կու տա­րի ու­սուց­չու­թիւն ը­րաւ։ Ու­սուց­չա­կան այդ տա­րի­նե­րը Ք­րիս­տա­փո­րի մէջ ար­մա­տա­ւո­րե­ցին յե­ղա­փո­խա­կան ու ըն­կեր­վա­րա­կան խոր հա­մո­զում­նե­րու տէր գոր­ծի­չը։ ­Տե­սաւ ցա­րա­կան բռնա­տի­րու­թեան գոր­ծած ա­ւե­րը ընդ­հան­րա­պէս գիւ­ղա­կան աշ­խար­հին եւ յատ­կա­պէս հայ գիւ­ղա­ցիու­թեան մէջ։ ­Ծա­ռա­ցաւ այն ա­նար­դա­րու­թեանց եւ ա­նի­րա­ւու­թեանց դէմ, ո­րոնց կ’են­թար­կո­ւէր հայ ժո­ղո­վուր­դը ցա­րա­կան պաշ­տօ­նէու­թեան կող­մէ՝ պար­զա­պէս ա­նոր հա­մար, որ հայ էր…

Ա­մառ­նա­յին իր ար­ձա­կուրդ­նե­րը ­Թիֆ­լիս ան­ցը­նե­լով, Ք­րիս­տա­փոր մօ­տէն շփում հաս­տա­տեց հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ե­րե­ւան ե­կած ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման խմո­րում­նե­րուն հետ՝ յատ­կա­պէս Գ­րի­գոր Արծ­րու­նիի հրա­տա­րա­կած «Մ­շակ»ին շուրջ խմբո­ւած մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ծա­նօ­թա­նա­լով։ Այդ շրջա­նին է, որ Ք­րիս­տա­փո­րի մէջ սկսաւ ձե­ւա­ւո­րո­ւիլ ազ­գա­յին հո­ղի վրայ յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժում ա­ռա­ջաց­նե­լու գա­ղա­փա­րը։ Եւ երբ 1885-ին ցա­րա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ո­րո­շեց փա­կել 400 հայ դպրոց­ներ՝ ա­նոնց 20.000 ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը եւ 3000 ու­սու­ցիչ­նե­րը փո­ղոց ձգե­լով, Ք­րիս­տա­փոր իր ըն­կեր­նե­րով ձեռ­նար­կեց ժո­ղո­վուր­դին մէջ թռու­ցիկ­ներ բաժ­նե­լու եւ բո­ղո­քի ա­լիք բարձ­րաց­նե­լու շար­ժու­մին։ Բայց դեռ հա­սուն­ցած չէր յե­ղա­փո­խա­կան հա­յու­թիւ­նը եւ Ք­րիս­տա­փոր չգտաւ այն ար­ձա­գան­գը, որ 1903-ին պի­տի ա­ռա­ջա­նար՝ հա­յոց ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու բռնագ­րաւ­ման դէմ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ծա­ւա­լած բո­ղո­քի շար­ժու­մին ա­ռի­թով։

1885-ի վեր­ջե­րուն, մե­ծա­նուն վի­պա­սան ­Րա­ֆիի բա­րե­խօ­սու­թեամբ ­Մոս­կո­ւա­յի մե­ծա­հա­րուստ Մել­քոն ­Գաս­պա­րիչ ­Փա­նեան­ցէն նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն գտնե­լով՝ Ք­րիս­տա­փոր մեկ­նե­ցաւ Մոս­կո­ւա, որ­պէս­զի բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւի։ ­Բայց մէկ կող­մէ նիւ­թա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, իսկ միւս կող­մէ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան մօտ յե­ղա­փո­խա­կան տրա­մադ­րու­թեանց բոր­բո­քու­մը մղե­ցին Ք­րիս­տա­փո­րը, որ եր­կու տա­րի ետք, կի­սատ ձգե­լով հա­մալսա­րա­նա­կան ու­սու­մը, վե­րա­դառ­նայ ­Թիֆ­լիս եւ ամ­բող­ջա­պէս նե­տո­ւի յե­ղա­փո­խա­կան պայ­քա­րի աս­պա­րէզ։

Ար­մե­նա­կան եւ Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ար­դէն կեան­քի կո­չո­ւած էին, բայց տա­կա­ւին մեծ էր թի­ւը այն խմբակ­նե­րուն, ո­րոնք ­Կա­րի­նէն մին­չեւ ­Թիֆ­լիս եւ ­Մոս­կո­ւա յե­ղա­փո­խա­կան բուռն խմո­րում­նե­րու մէջ էին, բայց միա­ւո­րո­ւած չէին եւ ցի­րու­ցան վի­ճակ մը կը պար­զէին։ Ք­րիս­տա­փոր ձեռ­նար­կեց ե՛ւ նո­րաս­տեղծ զոյգ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, ե՛ւ ան­ջա­տա­բար պայ­քա­րի լծո­ւած խմբակ­նե­րը ի­րա­րու մօտ բե­րե­լու եւ միաց­նե­լու աշ­խա­տան­քին։ ­Թէեւ Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ ­Ռու­բէն ­Խա­նա­զատ հա­մա­ձայ­նու­թիւն յայտ­նեց դաշ­նակ­ցու­թեան մը մէջ բո­լոր յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը ի մի բե­րե­լու գա­ղա­փա­րին, բայց հնչա­կեան կեդ­րո­նը հե­տա­գա­յին մեր­ժեց միա­նալ եւ այդ­պէ՛ս, 1890-ի ամ­րան, Ք­րիս­տա­փո­րի եւ ­Զա­ւա­րեա­նի ջան­քե­րով, ծնունդ ա­ռաւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը։

Նո­րաս­տեղծ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մու­թեան եւ գա­ղա­փա­րա­կան տար­բեր աշ­խար­հա­յեաց­քի տէր հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու միա­ւոր­ման գոր­ծին մէջ ա­ռանց­քա­յին ե­ղաւ Ք­րիս­տա­փո­րի անձ­նա­կան ներդ­րու­մը։ ­Յատ­կա­պէս իր նկա­րագ­րով՝ Ք­րիս­տա­փոր յա­ջո­ղե­ցաւ ստեղ­ծել գա­ղա­փա­րա­կան, կազ­մա­կեր­պա­կան եւ գործ­նա­կան այն ընդ­հա­նուր ա­ւա­զա­նը, ուր ի­րա­րու կա­պո­ւե­ցան անխ­տիր բո­լո­րը՝ եր­կու տա­րի ետք, 1892-ին, դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ռա­ջին Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին, պաշ­տօ­նա­պէս վե­րա­ծո­ւե­լու հա­մար ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան։

Այ­նու­հե­տեւ սկսաւ նո­րաս­տեղծ կու­սակ­ցու­թիւ­նը գա­ղա­փա­րա­կան եւ կազ­մա­կեր­պա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ մար­տա­կան ինք­նա­հաս­տատ­ման հու­նի մէջ մտցնե­լու դժո­ւա­րին աշ­խա­տան­քը։ Զա­ւա­րեա­նի եւ ­Ռոս­տո­մի հետ գոր­ծակ­ցա­բար, Ք­րիս­տա­փոր ա­մուր հի­մե­րու վրայ դրաւ Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ը, ո­րուն է­ջե­րուն լոյս տե­սան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան Ծ­րա­գիրն ու քա­ղա­քա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը հիմ­նա­ւո­րող Ք­րիս­տա­փո­րի ա­ռաջ­նոր­դող յօ­դո­ւած­նե­րը։ Ք­րիս­տա­փոր նաեւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Ժը­նեւ՝ «Դ­րօ­շակ»ի կող­քին ար­տա­սահ­մա­նեան քա­րոզ­չու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­լու, «Փ­րօ Ար­մե­նիա»ն ­հիմ­նե­լու եւ Երկ­րի մէջ ծա­ւա­լած կեն­դա­նի պայ­քա­րին ի սպաս Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին հա­յան­պաստ շար­ժում ա­ռա­ջաց­նե­լու հա­մար։

Ար­դէն իր ու­ղին գտած եւ գոր­ծու­նէու­թեան դաշ­տը մե­ծա­պէս ընդ­լայ­նած ­Դաշ­նակ­ցու­թեան առ­ջեւ նոր մար­տահ­րա­ւէր­ներ դրո­ւե­ցան 1890-ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն։ ­Յե­ղա­փո­խա­կան բուռն կռի­ւը զէն­քի եւ զի­նամ­թեր­քի յա­րա­ճուն աղ­բիւր­նե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը շեշ­տած էր, իսկ հայ պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թիւ­նը՝ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու ան­յա­ջո­ղու­թիւ­նը պատ­րո­ւակ գոր­ծա­ծե­լով, ընդ­հան­րա­պէս վար­կա­բե­կել կը փոր­ձէր հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը։ Ք­րիս­տա­փոր վե­րա­դար­ձաւ ­Կով­կաս եւ ձեռ­նար­կեց «­Փո­թո­րիկ»ին, որ հայ ու­նե­ւոր խա­ւը դրաւ յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծին նիւ­թա­պէս զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու պար­տա­ւո­րու­թեան տակ, ի հար­կին ծան­րա­գոյն պա­տի­ժի են­թար­կե­լով ­Ժամ­հա­րեա­նի օ­րի­նա­կով այն մե­ծա­հա­րուստ­նե­րը, ո­րոնք ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը խնդրե­ցին՝ խու­սա­փե­լու հա­մար հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան նիւ­թա­պէս օ­ժան­դա­կե­լու պար­տադ­րան­քէն։

Վ­րայ հա­սան պատ­մա­կան տա­րո­ղու­թեամբ մե­ծակ­շիռ զար­գա­ցում­ներ. հա­յոց ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու բռնագ­րաւ­ման ցա­րա­կան հրա­մա­նա­գիրն ու ա­նոր դէմ ծա­ւա­լած հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան ըմ­բոս­տա­ցու­մը. ­Սաս­նոյ երկ­րորդ ապս­տամ­բու­թիւնն ու հա­մի­տեան նոր ջար­դե­րը։ Ք­րիս­տա­փոր իր տա­րեր­քին մէջ էր՝ բո­լոր ճա­կատ­նե­րուն վրայ յե­ղա­փո­խա­կան կռո­ւի վճռա­կա­նու­թեան թափ տա­լով, հայ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծը ա­մուր հի­մե­րու վրայ դնե­լով, Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին ի նպաստ հա­յու­թեան ազ­դու շար­ժում ա­ռա­ջաց­նե­լով։

Ա­հա այդ մթնո­լոր­տին մէջ, Ք­րիս­տա­փոր 1904-ի Հ.Յ.Դ. Եր­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին ներ­կա­յա­ցուց ­Կար­միր ­Սուլ­թա­նը ա­հա­բե­կե­լու ծրա­գի­րը, ստա­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Կամ­քը ներ­կա­յաց­նող ժո­ղո­վին հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը եւ ան­ձամբ լծո­ւե­ցաւ ծրագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան։

Բայց ճա­կա­տա­գի­րը ու­րիշ եւ դառ­նա­գոյն վախ­ճան վե­րա­պա­հած էր ­Հա­յու յե­ղա­փո­խա­կան յանդգ­նու­թեան անկրկ­նե­լի ռահ­վի­րա­յին։ ­Վի­տոշ լե­րան լան­ջին, ­Պուլ­կա­րիոյ մէջ, Վ­ռամ­շա­պուհ Քեն­տի­րեա­նի հետ ռում­բի փոր­ձարկ­ման պա­հուն, ­Մեծ ­Յե­ղա­փո­խա­կա­նը իր ըն­կե­րոջ հետ զոհ գնաց ռում­բի ա­պա­ժամ պայ­թու­մին…
Հա­զիւ 46 տա­րե­կա­նին կտրո­ւե­ցաւ կեան­քին թե­լը Ք­րիս­տա­փո­րի։

Իր նա­հա­տա­կու­թեամբ եւս ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դի­րը պատ­մա­կան օ­րի­նակ մարմ­նա­ւո­րեց։ Յե­ղա­փո­խու­թեան ղե­կա­վա­րը սե­փա­կան օ­րի­նա­կը տո­ւաւ յա­նուն գա­ղա­փա­րի գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան։

Եւ որ­քան տա­րի­նե­րը կ­՛անց­նին, հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն մօտ ա­ւե­լիով կ­’ար­մա­տա­ւո­րո­ւի հմայքն ու խոր­հուր­դը Ք­րիս­տա­փոր ­Մի­քա­յէ­լեան ա­նուն ­Հայ Յե­ղա­փո­խա­կա­նին, որ 158 տա­րի ա­ռաջ իր աչ­քե­րը բա­ցաւ հա­յոց բազ­մա­չար­չար հայ­րե­նի­քին մէջ, որ­պէս­զի իր ան­ձին օ­րի­նա­կով, եր­կա­թեայ կամ­քով եւ քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեամբ վերջ­նա­կա­նա­պէս փշրէ դա­րա­ւոր ստրկու­թեան շղթա­նե­րը եւ կեր­տէ ­Հա­յու ար­դի կեր­պա­րը՝ Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տու­թեան հա­մար յա­րա­տեւ կռո­ւի պատ­րաստ անն­կուն ­Հայ Յե­ղա­փո­խա­կա­նը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.