Փարիզի Մէջ Եայիր Օրոն Ներկայացուց Իր «Israel et le Genocide des Armeniens» Հատորը

Ցեղասպանագէտ փրոֆ. Եայիր Օրոնի «Israel et le Genocide des Armeniens» («Իսրաէլ Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը») խորագրեալ վերջին հատորը լոյս տեսած է «Sigest» հրատարակչատունէն, 2017ին: Այս առիթով, «Չօպանեան» հիմնարկին եւ Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ հեղինակը Ֆրանսա հրաւիրուած է զանազան շրջաններու մէջ (Փարիզ, Տեսին, Մարսէյ եւ Լիվրի-Կարկան) դասախօսութիւններու շարք մը ներկայացնելու, որոնցմէ առաջինը կայացաւ մայրաքաղաքի 3րդ թաղամասը գտնուող «Cercle Bernard Lazare» հրէական կեդրոնին մէջ, Հինգշաբթի, 16  Նոյեմբերին: Հոս, յիշեցումի համար փակագիծ մը բանալով՝ ըսենք, թէ վերոնշեալ հրէական կեդրոնը ստեղծուած է ձախակողմեան մտայնութեան տէր խումբ մը հրեաներու կողմէ, որոնք «Մերեց» կուսակցութեան կողմնակիցներ են: Պերնար Լազար 19րդ դարու վերջը եւ 20րդ դարու սկիզբը (1865-1903) ապրած հրեայ անիշխանական (anarchiste) մտաւորական մըն է, որուն պատրաստած նիւթերուն հիման վրայ Էմիլ Զոլա հրատարակած է նշանաւոր «J՛accuse…!»ը («Ժ՛աքիւզ-Կը դատապարտեմ-Խմբ.), որ ինչպէս ծանօթ է՝ Տրէյֆիւս սպային անպարտ արձակման համար ցեղապաշտութեան դէմ արտայատուող կարեւորագոյն յօդուածն էր: Պէտք է ըսել, թէ Լազար հայերու ջարդերուն առիթով նաեւ սկզբունքային կեցուածք ունեցած է եւ 1902ին «Pro Armenia»ի («Փրօ-Արմէնիա»-Խմբ.) մէջ քննադատած է Պազելի մէջ կազմակերպուած սիոնիստներու համագումարը, որուն ընթացքին սիոնիստական շարժումը ողջունած էր Ապտիւլ Համիտ Բ.ը: Լազար հարց կու տար. «Ինչպէ՞ս կարելի է հալածուած հին ժողովուրդ մը սպաննողը եւ անոր արիւնով գրուած պատմութեան գլխաւոր պատասխանատուն բարեւել ու ողջունել: Դուք իրաւունք չունիք անպատուելու ժողովուրդի մը գոյատեւումը»:

Երեկոյթին ներկայ էին վերոնշեալ կեդրոնի անդամները եւ խումբ մը փարիզահայեր: Դասախօսութեան համար այս կեդրոնին ընտրութիւնը հետաքրքրական էր, որովհետեւ ատով հայ-հրէական յարաբերութիւններու քննարկումի նոր դաշտ մը կը բացուէր:

Ե. Օրոն կը բնակի հրէական գիւղի մը մէջ, ուր կը գոյակցին հրեաներ եւ արաբներ: Naveh Shalom-ը Իսրայէլի միա՛կ համայնքն է, ուր այս երկու ժողովուրդները քով-քովի համերաշխ կ՛ապրին. ապացոյց մը՝ համակեցութեան կիրարկելիութեան: Փրոֆ. Օրոն Թել-Ավիվի համալսարանի դասախօս է, միաժամանակ հեղինակ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բազմաթիւ գիտական աշխատութիւններու: Ըստ անոր՝ հայերու ջարդը որքան կը հետաքրքրէ հայերը, նո՛յնքան ալ՝ հրեաները: Ան կ՛ըսէ, թէ հրէական ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններն ու մտաւորականութեան զգալի մասը յաճախ կը քննադատեն Իսրայէլի պետութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս չճանչնալու կեցուածքը:

Դասախօսութեան ընթացքին յարգելի փրոֆեսէօրը դառնութեամբ նշեց, թէ Իսրայէլի մէջ միա՛յն Շօան է որ իբրեւ ցեղասպանութիւն կը ճանչցուի: Ըստ անոր՝ մտաւոր յեղափոխութիւն մըն է համալսարաններու մէջ դասաւանդել եւ ուսուցանել բոլոր ցեղասպանութիւններուն պատմութիւնները, նկատի ունենալով, որ Իսրայէլի պետական մտածողութեան մէջ միւս ցեղասպանութիւնները իբրեւ այդպիսին նկատի չեն առնուիր: Երկար տարիներ դասաւանդելէ ետք Շօայի մասին, ան որոշած է հաստատել դասընթացք մը, որ կը կոչուի «Ցեղասպանութիւններու պատմութեան ուսուցում»: Այս կէտը Ե. Օրոնի դասախօսութեան կարեւոր գլուխներէն մէկն էր: Ան ըսաւ, թէ Իսրայէլի նման կազմակերպուած, զօրաւոր, անկախ ու ժողովրդավար երկիր մը Միջին Արեւելքի մէջ պէտք է ղեկավար դեր ստանձնէ միւս ցեղասպանութիւններու ճանաչման գործին մէջ:

Դասախօսը ակնարկեց նաեւ Եատ Վաշեմի նման կեդրոնի մը կեցուածքին, որ կառավարական հաստատութիւն մը չէ, այլ՝ անկախ հաստատութիւն մը. անիկա նոյնպէս չի ճանչնար այլ ցեղասպանութիւնները։ Օրոն նշեց, թէ Երեւանի Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնին եւ Ծիծեռնակաբերդի թանգարանին մէջ քով-քովի կը ցուցադրուին հայկական եւ հրէական ցեղասպանութեանց վերաբերող նիւթեր եւ փաստագրութիւններ: Սակայն ո՛չ՝ Եատ Վաշեմի մէջ: Ան յիշեց նաեւ Թութցիներու ցեղասպանութիւնը, որուն ճանաչումը նո՛յնքան կարեւոր եւ հրատապ հարց մըն է: Փրոֆ. Օրոն անդադար շեշտեց Իսրայէլի պետութեան ղեկավարութեան մէջ բարոյական արժէքներու կորուստը:

Դասախօսը մէկ առ մէկ քննարկեց այն բոլոր առարկութիւնները, որոնք իր երկրի պետական մարդոց կողմէ կը պատճառաբանուին՝ մերժելու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Հետաքրքրական է, որ մերժողական գլխաւոր արտայայտութիւնը կը պատկանի նախկին նախագահ Շիմոն Փերեզի, որուն կարծիքով հայերը ցեղասպանութեան չեն ենթարկուած, եւ հրէականին կու տայ եզակիի արժէք: Կան նաեւ այլ պատճառաբանութիւններ, որոնցմէ են՝ Թուրքիոյ հետ ռազմավարական գործընկերութեան պատրուակը, որ կ՛ընդգրկէ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները, Ատէրպէյճանի հետ կնքուած միլիառաւոր տոլարներու զէնքի վաճառքի պայմանագրերը…։ Պատմականօրէն, օսմանեան շրջանին սպանական հալածանքներու ենթարկուած հրեայ գաղթականներու հիւրընկալումը Օսմանեան կայսրութեան մէջ՝ միշտ դրականօրէն գնահատուած է հրեաներուն կողմէ:

Փրոֆ. Օրոն խօսեցաւ նաեւ Էլի Վիզելի մասին, որ 70ական թուականներուն Եատ Վաշեմի մէջ փորձած է կազմակերպել ցեղասպանութիւններու վերաբերեալ գիտաժողով մը, սակայն վերջին պահուն ջնջած է զայն՝ թրքական պետութեան ճնշումներուն ենթարկուելով: Վիզել իր այս քայլը պատճառաբանած է՝ ըսելով, թէ Թուրքիոյ մէջ հրեայ կարեւոր համայնք մը կ՛ապրի, որ կրնայ մեծ վնասներ կրել եւ ինք չ՛ուզեր պատճառ դառնալ, որ ոեւէ հրեայի արիւն հոսի…։

Պէտք չէ մոռնալ, որ Էրտողանի վարչապետ ընտրուելէն ետք, Թուրքիա թշնամական դիրք որդեգրած է Իսրայէլի դէմ, որ հանրային մեծ արտայայտութիւն գտաւ Տաւոսի մէջ, «Մաւի-Մարմարա» նաւու դէպքէն եւ անոր յաջորդած զարգացումներէն ետք, որոնք յանգեցան երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզումին: Բայց այս ամէնով հանդերձ, հրէական պետութիւնը միշտ ալ մերժած է որեւէ քայլ առնել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ՝ վախնալով Թուրքիոյ մէջ ապրող հրեայ համայնքի գլխուն կախուած փորձանքներէն…։

Դասախօութեան աւարտին հետաքրքրական էր հայ ունկնդիրներէն մէկուն դիպուկ յիշեցումը, որ Երեւանի մէջ զետեղուած է Հրէից ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան մը, որուն վրայի եբրայերէն արձանագրութիւնը կը նշէ միայն Հրեաներու Շօան, իսկ հայերէնով՝ յիշատակուած է երկու ժողովուրդներու ցեղասպանութիւնը:

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.