Ցոյցերը կը շարունակուին, պատասխանը՝ ոստիկաններու ջոկատներ

            Եթէ արգիլուած չէ՝ մտածելու իրաւունքով…

            Ինչո՞ւ տեղի կ’ունենան Հայաստանի լայնածաւալ ցոյցերը: Ինչո՞ւ այլ քաղաքներէ ալ կու գան Երեւան ցոյցի մասնակցելու: Ցոյցերուն կը մասնակցին կուսակցութիւններ եւ շարժումներ: Նախկին նախագահները, նախկին նախարարներ, եկեղեցականներ, երէցներ, երիտասարդներ, ներկայ են երթերու եւ հրապարակի հանրաժողովներու:

            Իշխանութիւնը փոխանակ ժողովրդական պահանջին դէմ հանդէս գալու լուսաբանութիւններով, պարզաբանումներով, երկխօսութեամբ, կամ հեռանալով, ցուցարարներու երթը եւ հանրաժողովները իր հսկողութեան տակ կը պահէ ոստիկանական մեծաթիւ ջոկատներով եւ ձերբակալութիւններով: Առանց տարիքի եւ սեռի խտրութեան, ցուցարարներ «բերման կ’ենթարկուին», ոստիկանական կառքերու մէջ խցկուին եւ կը տարուին:

            Այս է Մայիսի առաջին եւ երկրորդ օրերու պարզած պատկերը Երեւանի հրապարակներուն եւ փողոցներուն մէջ:

            Հարց պէտք է տալ, թէ ինչո՞ւ յուզուած են մարդիկ, քաղաքացիներ, որոնք իրենց երկրին թշնամիները չեն, պարտութիւնը չեն ուզեր շեշտել եւ անոր վրայ գումարել բացասական հետեւանքներ ունենալու վտանգ ներկայացնող պառակտումներ: Այս հարցման պատասխանը գիտեն իշխանութիւնները, այդ պատճառով ալ կրկնակի պատասխանատու են կացութեան, եւ խռովութիւններու՝ եթէ անոնք տեղի ունենան:

            Բնական է պարտութեան յառաջացուցած ընդվզումը: Բնական է նաեւ պարտութեան պատասխանատուները ճշդել, հաշիւ պահանջել, անոնց նկատմամբ վերաբերում ճշդել:

            Պարտութիւնը անառարկելի իրողութիւն է: Պարտուած իշխանութիւնը վստահութիւն չի ներշնչեր: Այս պատճառով ալ, ինչ որ կը կոչուի ընդդիմութիւն, կը պահանջէ իշխանութեան եւ անոր ղեկավարին հրաժարականը:

            Զարմացնող է այն, որ հակառակ պարտութեան եւ զանգուածային դժգոհութեան, իշխանափոխութիւն տեղի չ’ունենար, ինչ որ միշտ եղած է նման պարագաներու: Ան տեղի պէտք էր ունենար նոյնիսկ առանց զանգուածային ցոյցերու, բարոյական հասկացողութեամբ:

            44–օր տեւած 2020–ի պատերազմը կասեցուած էր նոյեմբերի 10ին։ Բայց չէ դադրած, ո՛չ սահմաններուն եւ ո՛չ ալ քաղաքական դիւանագիտական ճակատներու վրայ: Ան դարձած է նաեւ Հայաստանի համար ներքաղաքական պայքար:

            Նոյեմբեր 10ին ստորագրուած միացեալ Յայտարարութիւնը ո՛չ մէկ հարցի լուծում էր: Դիմադրելու անկարող իշխանութիւնը, զէնքի սպառնալիքի տակ պարտադրուած՝ ընդունած էր այդ Յայտարարութիւնը, որ պարզապէս պարտութիւնը ընդունելու թուղթ էր: Այդ է իրականութիւնը: Անձնատուութիւն, ըսին եւ կրկնեցին կապիտուլացիա, կապիտուլացիոն, կապիտուլյանտ: Եզրի գործածութիւնը, կցուած վարչապետի անուան, անարգանք համարուեցաւ, մարդիկ դատարան տարուեցան: Ի վերջոյ, այդ Թուղթը ստորագրողը, ո՛չ հայ ակադեմիկոսն էր, ո՛չ Երեւանի հանրակառքի վարորդը, ո՛չ Գիւմրիի քաղաքապետարանի հաւաքարարը: Թուղթ ստորագրել պատասխնատուութիւն է եւ պէտք է զայն ստանձնել, կրել հետեւանքները:

            Կացութիւնը ճիշդ գնահատելու համար պէտք է հետեւիլ Իլհամ Ալիեւի «յաղթական»ի կոշտ յայտարարութիւններուն, որոնք ո՛չ մէկ փոխհասկացողութեան դուռ կը բանան: Ընդհակառակն, նախատեսել կու տան, որ յարձակապաշտը, «ակրեսոր»ը, կանգ առնելու միտում չունի, Հայաստանի կրնան պարտադրուիլ նոր զիջումներ, որոնց դէմ դնելու հոգեբարոյական ուժ կը թուի թէ չունի օրուան իշխանութիւնը, որ կրաւորականութեամբ կ’ենթարկուի կացութեան, չունի այլընտրանքային քաղաքականութիւն:

            Այլընտրանք կ’ուզէ ըլլալ ընդդիմութիւնը: Այդ այլընտրանքը ներկայէն աւելի վատ չի կրնար ըլլալ: Այս պատճառով ալ միացեալ ընդդիմութիւնը կը պահանջէ իշխանափոխութիւն:

            Այս պահանջը հասկնալու համար պէտք է հետեւիլ Իլհամ Ալիեւի յաղթականի յայտարարութիւններուն, որոնք աւելի գրգիռ կու տան ընդդիմութեան եւ հակամարտութեան աւարտած չըլլալուն մասին կը վկայեն: Այսինքն, 10 նոյեմբեր 2020ին ստորագրուած Յայատարարութիւն-Թուղթը ոչ մէկ ձեւով հարցեր լուծած է, դադար մըն է:  Փոխհասկացողութեան դռները փակող յաղթական նախայարձակի գոռոզութիւն են Ալիեւի խօսքերը, զորս կը վերցնեմ Հայաստանի մամուլէն:

            Հայաստանի հետ հարցեր լուծելու միտող Ալիեւ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու Պրիւքսէլ հանդիպման նախօրեակին յայտարարած է. «Ընդամէնը 44 օրէն արձանագրուեցաւ պատմական յաղթանակթշնամին իր ձեռքով ստիպուած ստորագրեց անձնատուական (կապիտուլյոացիոն) թուղթըԱյս մեր պատմութեան եւ իմ կեանքի ամենայիշարժանուրախհպարտ պահերէն մէկն էերեւի թէ առաջինը։ Այդ կեանքիս ամենահպարտ իրադարձութիւնն է»:

            Ո՞ր հպարտութեամբ Հայաստանի իշխանութիւնը, եւ ժողովուրդը, կը կանգնին Ալիեւի հպարտութեան դէմ:

            Ի՛նչ ալ ըլլան արդարացումները, իշխանութիւնը ստիպուած էր եւ ստիպուած է, առանց խուսանաւումներու յայտարարել իր պարտութիւնը եւ ապա յանգիլ համապատասխան անսեթեւեթ եզրակացութիւններու: Կամ մնալ իշխանութեան գլուխ եւ «յաղթական»ի հետ բանակցիլ «պարտուած»ի դիրքով, այսինքն՝ ենթարկուիլ անոր ցանկութիւններուն եւ »տիքթաթ»ներուն, կամ հեռանալ, եւ թոյլ տալ որ բանակցութիւնները շարունակուին նոր դէմքերով նոր հիմերու վրայ: Օրուան իշխանութիւնը նախընտրեց մնալ եւ բանակցութիւնները շարունակել ընկճուածի դիրքէ: Այդ ընելու համար ոչ մէկ հիմնաւոր արդարացման ճապկում կարելի է, բացի անկէ, որ իշխանատենչութիւնը աւելի հզօր է քան ազգային ծառայութիւնը, կամ՝ կան չյայտարարուած յանձնառութիւններ:

            Ոստիկանական ջոկատները ընդվզումի ցոյցերուն դրական եւ քաղաքական պատասխան չեն: Իշխանութիւնը պէտք է պատասխանէ բողոքող ցուցարարներուն, քանի դեռ կացութիւնը կը հակակշռուի: Եթէ անցանկալի դէպքեր պատահին, պիտի սկսինք կրկին խրիլ բիւզանդական վէճերու մէջ, գտնելու համար, թէ ո՞վ էր պատասխանատու:

            Այսօր աւելի քան երբեք կը գտնուինք մէկ ճակատ եւ մէկ բռունցք դառնալու պատմական պատասխանատուութեան առջեւ: Պարտուած եւ իր սխալներուն կռթնած ինքնագոհ իշխանութիւնը չի կրնար ըլլալ միացնող ուժը: Իսկ ընդդիմութիւնը պիտի գիտնա՞յ չքալել ցարդ աւեր գործած մրցակցութիւններու եւ իշխանատենչութիւններու ուղիով, կրկնելով միշտ՝որ Հայրենիքս իրաւունք ունի:

            Մրցակցութիւն եւ իշխանատենչութիւն ընկերային եւ քաղաքական չարիք են հետեւանք՝ կարողութեան եւ որակի կը բացակայութեան: Նման չարագործներ, գիտակից կամ անգիտակից, կը յիշեցնեն բոլոր ժամանակներու մեծ իմաստասէր Սոկրատի խօսքը. «Խանգարուած հոգի մը նման է ծակ տակառի՝ իր անկուշտ բնութեան պատճառով»: Այդպէս եղած են եւ են բոլոր մեծ եւ պզտիկ անփոխարինելիները, որոնք իրենց եսերով փոխարինած կ’ըլլան հասարակաց շահը եւ պարտքը:

            Որպէս յապաղածներ եւ ժամանակավրէպներ կը դիտուին իմաստութեան հաւատցողները: Թէեւ այսօր մեր փոքրացած փոքրիկ հայրենիքը պէտք ունի իմաստութեան:

            Ցոյցերը շարունակուեցան եւ Ազատութեան հրապարակին վրայ այս երեկոյ կրկին պիտի հաւաքուին մարդիկ, անորոշ պարտութեան հոգեխոցը վերանորոգուելով յաղթահարելու յոյսով եւ կամքով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.