Ցիւրիխի թրքական հիւպատոսարանը յարձակման թիրախ

Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ դիմակաւոր անձեր յարձակած են Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսարանին վրայ: Այս մասին կը յայտնէ թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը:

Անյայտ անձիք ներկեր նետած են հիւպատոսարանի շէնքին վրայ, իսկ յարակից շէնքին եւ հանրակառքի կանգառին վրայ գրած են «Սպաննեցէք Էրտողանը»:

Գլխաւոր հիւպատոս Ասիյէ Նուրջան Իփեքչին յայտնած է, որ յարձակումը իրականացուցած է շուրջ 60 մարդէ բաղկացած խումբ մը, որուն անդամները  սեւ դիմակներ կրած են:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.