Տոքթ. Արսէն Պասմաճեան Քեպէգի սրտաբաններու ընկերակցութեան նախագահ նշանակուած է

Մոնթրէալահայ բժիշկ Արսէն Պասմաճեան վերջերս ընտրուած է Գանատայի երկրորդ մեծագոյն նահանգը հանդիսացող Քեպէգ նահանգի սրտաբաններու ընկերակցութեան նախագահ։ Բջիջային կենսախտաբանութեան մասնագէտ տոքթ. Պասմաճեան հեղինակ է շարք մը բժշկագիտական յօդուածներու եւ Canadian Journal of Cardiology-ի խմբագրական կազմին անդամ է։

Տոքթ. Պասմաճեան Մոնթրէալահայութեան ծանօթ ազգայիններ Երուանդ եւ Անի Պասմաճեաններու զաւակն է, հօրենական արմատներով այնթապցի, իսկ մօրենական պապենական արմատներով տիգրանակերտցի։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.