Տեղի ունեցաւ Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնի կազմակերպած Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչումը

(Լուսանկարները՝ Մայք Թաշճեանի)

(«Հորիզոն») – Կիրակի, 28 Ապրիլ 2019-ին, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմնին կազմակերպած Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչումը, ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ Գանատայի Դաշնակցային կառավարութեան, ընդդիմութեան եւ Քեպէգի նահանգային կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն, Մոնթրէալի եւ Լաւալի քաղաքապետական ներկայացուցիչներուն, Գանատայի մօտ ՀՀ հիւպատոս տիար Արա Մկրտչեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի, գաղութիս հոգեւոր հայրերուն, պատկան միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան:

Ձեռնարկը սկսաւ Գանատայի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներու ունկնդրութեամբ, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ տիկ. Ցոլիկ Մուղալեան, որ հայերէն իր խօսքին մէջ նշեց, թէ նախապէս Ապրիլ 24-ը սգատօն էր, այժմ՝ յուշատօն է, իսկ ապագային պիտի ըլլայ մեր արդար դատին յաղթանակի օր եւ փառատօն: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ տիար Հրակ Չինչինեան, որ ֆրանսերէնով ողջունելէ ետք ներկաներն ու պետական հիւրերը, նշեց, թէ Ուրուկուէյը առաջին երկիրն էր, որ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ուրուկուէյի ընդհանուր հիւպատոս հայազգի Փետրօ Էտուարտօ Քէօրօղլեանի՝ անձամբ ներկայ ըլլալուն սոյն ոգեկոչման, ապա յայտնեց, թէ Քեպէգն ալ գանատական առաջին նահանգն էր, որ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, 1980-ին: Ան անդրադարձաւ ուսումնական ծրագիրներուն մէջ Ցեղասպանութեանց, որոնց կարգին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան, ներառումին, մատնանշեց Արցախի մէջ առ այսօր ատրպէյճանական յարձակումները՝ խախտելով 1994-ին յայտարարուած զինադադարը եւ կոչ ուղղեց Գանատայի կառավարութեան՝ շարունակելու իր դերակատարութիւնը յանուն խաղաղութեան եւ արդարութեան ամրապնդման աշխարհի չորս ծագերուն:

Օրուան հանդիսավար տիկին Թամար Շահինեան բեմ հրաւիրեց ՀՀ հիւպատոս տիար Արա Մկրտչեանը, որ իր ֆրանսերէն, անգլերէն եւ հայերէն խօսքերուն մէջ շեշտեց հայ ժողովուրդին ապրելու եւ գոյատեւելու վճռակամութիւնն ու պատրաստակամութիւնը՝ դիմագրաւելու բոլոր խոչընդոտներն ու մարտահրաւէրները:

Յաջորդաբար խօսք առին Լաւալի քաղաքապետական ներկայացուցիչ Սթեֆան Պուայէ, Մոնթրէալի քաղաքապետական ներկայացուցիչներ Էմիլի Թուիյէ, որ հանդէս եկաւ Մոնթրէալի քաղաքապետ Վալէրի Բլանթի անունով, եւ Մարի Տէրոս, Քեպէգի նահանգային ներկայացուցիչներ Քրիսթոֆըր Սքիթ եւ Մարուա Ռըզքի, որոնք յայտնեցին իրենց զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդի արդար դատին, ինչպէս նաեւ գնահատեցին հայ համայնքին մասնակցութիւնը Գանատայի ընկերային, մշակութային եւ քաղաքական կեանքին: Դաշնակցային խորհրդարանի անդամ եւ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Անտրիւ Շիրի խօսքը ընթերցեց Հրակ Չինչինեան: Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի եւ Ազատական կուսակցութեան անունով հանդէս եկաւ դաշնակցային երեսփոխան Ֆայսալ Խուրի, որ կոչ ուղղեց ներկաներուն հպարտանալու հայկական ինքնութեամբ, պատմութեամբ եւ մշակոյթով եւ հաստատակամութեամբ շարունակելու Հայ Դատի հետապնդումը:

Պետական հիւրերու խօսքերը ընդմիջեցին գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցող աշակերտական ելոյթները, հետեւեալ յաջորդականութեամբ. Նարեկ վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին խմբային արտասանութիւն մը՝ Պարոյր Սեւակի «Ղօղանջ եղեռնական»ը, եւ խմբային երկու երգեր՝ «Երգ խաղաղութեան» եւ «Հայաստան», խմբավարութեամբ Սոնա Մէյվալեան Կիւրիւնեանի, դաշնակահարութեամբ Շաքէ Մէյվալեան Գազանճեանի: 10 տարեկան պատանի ջութակահար Ազատ Վարդանեան նուագեց Կոմիտասի «Կռունկ»ը, դաշնակի ընկերակցութեամբ տիկին Դալար Հարպոյեան Գալլօղլեանի: ՀԲԸՄ-ի մանուկներու երգչախումբը ներկայացուց երկու խմբային երգեր՝ Ամիրխանեանի «Երազ իմ երկիր հայրենի»ն եւ Կոմիտասի «Սոնա եար»ը, խմբավարութեամբ Արթիւր Մարկոսեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Մարինէ Էքիզեանի: Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի երգչախումբը ներկայացուց երկու երգ՝ «Շարլ Ազնաւուրի «Ils sont tombés»ն եւ «Ձայն տուր ով ֆետայ» յեղափոխական երգը, որոնց ընկերացան ջութակի, սրինգի եւ տհոլի կատարումներ, խմբավարութեամբ եւ դաշնակահարութեամբ տիկին Դալար Հարպոյեան Գալլօղլեանի: Ջութակահար Լինէթ եւ դաշնակահար Ալինա Իսրայէլեաններ ներկայացուցին կոմիտասեան շարան մը՝ «Չինար ես», «Ծիրանի ծառ» եւ «Քելեր Ցոլեր»: Ղեկավարութեամբ Լուտֆիկ Պուլղատարեանի, ՀԲԸՄ-ի «Գառնի» պարախումբին «Կռունկ» եւ «Քոչարի» պարերով վերջ գտաւ գեղարուեստական յայտագիրը:

Աւարտին փակման խօսք արտասանեցին Ցոլիկ Մուղալեանն ու Հրակ Չինչինեանը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.