«Տաճկահայ Գաղթաշարժը Եւ Անոնց Դերը Հայաստանի Հանրապետութեան Կազմութեան Մէջ» – Բ.

Կ. ՍԱՍՈՒՆԻ

Գլուխ Առաջին

Ընդհանուր Ակնարկ Մը

1

Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պայթած կռիւըորքան ալ համաշխարհային պատերազմը մէկ դրուագը կը ներկայացնէր, այսու հանդերձ միջազգային լարուած քաղաքական կեանքին մէջ ծանրակշիռ հետեւանքներ չունեցաւ:

Միջազգային անցուդարձերու ծանրութեան կեդրոնը Եւրոպայի եւ Միջերկրականի մէջ կը գտնուէր, մինչդեռ Ռուսական գործողութիւնները մեծ մասամբ կը սահմանափակուէին Կովկասի ճակատին վրայ: Ռուսաստանը Պալքանեան թերկղզիով կամ Սեւ Ծովու վրայով դէպի Թուրքիոյ կուրծքը, կամ դէպի Կ. Պօլիսը չկրցաւ յառաջանալ: Այսպիսով թուրքերն ու ռուսերը գօտեմարտի բռնուեցան Հայաստանի բարձրաւանդակին վրայ եւ մասամբ ալ ընդարձակուեցան մինչեւ Հարաւային սահմանները:

Ռուս-Թրքական պատերազմն իր միջազգային լայն բնոյթով քննութեան նիւթ չենք կրնար դարցնել այս աշխատութեան մէջ, բայց այդ պատերազմի հետեւանքները ծանր անդրադարձում մը ունեցան Կովկասի եւ մասնաւորապէս Հայաստանի վրայ: Հայութեան ներքին ալեկոծութիւնը պատկերացնելու համար, անհրաժշտ է համառօտ ակնարկ մը նետել պատերազմի առաջին օրերուն տեղի ունեցող քաղաքական եւ հոգեբանական վիճակին վրայ, որ շատ բնորոշիչ է եւ անմիջական առնչութիւն ունի հայ ժողովրդի երկու հատուածներու ազգային հասարակական քայլերուն հետ:

Համաշխարհային պատերազմը պայթած էր: Մեծ պետութիւնները, բացի Իտալիայէն նետուած էին կռուի կրկէսը: Թուրքիա տակաւին կը դեդեւէր Ռուսաստանի դէմ պատերազմ յայտարարելու: Սակայն պատերազմի ընթացքն արագ թափով մը կը զարգանար եւ կը պայթեցնէր իր շուրջ գտնուող պատուարները, ստիպելով բոլորին այս կա՛մ այն կողմն անցնելու:

Ռուսաստան իր գլխաւոր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էր Աւստրօ-Գերմանական ճակատներու վրայ. սակայն նոյնքան տենդագին պատրաստութիւններ կը տեսնէր նաեւ Կովկասեան ճակատի համար: Թուրքիան անպատրաստ էր տակաւին պատերազմի բեմը նետուելու: Այս կացութիւնը երկու կողմին ալ ձեռնտու էր:

Յուլիս, օգոստոս եւ սեպտեմբեր ամիսները ընդհանուր զօրահաւաքի, ուժերու կեդրոնացման եւ դիրքերը ճշդող ամիսներ եղան: Ռուսաստան ու Թուրքիան տենդագին լարուածութեամբ կը պատրաստուէին:

2.

Այդ ժամանակաշրջանին էր, որ գումարուեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան 8-րդ Ընդհանուր Ժողովը Էրզրումի մէջ: Համաշխարհային այդ ահռելի պատերազմի առաջին օրերուն եղան պետութիւններ, որ հոսանքէ տարուած խրախճանք մը ապրեցան: Սակայն անմիջապէս անդրադարձան գիտակցելու տեղի ունեցած դէպքերու ծանրութիւնը եւ որոնելու բարեկամներ ու դաշնակիցներ, յաջող կերպով տանելու համար պայքարը յարձակողական թշնամուն դէմ:

Պէտք է խոստովանիլ սակայն, որ բացի պատերազմի հեղինակ խոշոր քանի մը պետութիւններէն, մնացածները, առաջին օրերուն, անգիտակ էին չափելու պատերազմի տարողութիւնը, տեւողութիւնը եւ հաւանական արդիւնքները: Ոմանք հարկադրուած, ոմանք ալ անմիջական հաշիւներէ տարուած՝ կը դասաւորէին իրենց ոժերը այս կամ այն կողմը:

Մենք հայերս աւելի անորոշ վիճակ մ’ունէինք: Մեզի համար թուրքը վտանգաւոր էր. այդ գիտենք: Միւս կողմէ Ռուսի բարեկամութեան ալ չէինք վստահեր, թէեւ գիտէինք որ չպիտի կոտորուինք: Մենք երկու սուրի մէջ ինկած էինք: Եթէ այդ բարդ իրականութեան վրայ աւելցնենք որ մենք հայերս կտրուած էինք դիւանագիտական աշխարհէն, պետութիւն չունէինք, մեր զինեալ ուժերը չնչին էին, եւ բացի կուսակցական հաւաքականութենէ, ազգային որեւէ հաւաքականութիւն չունէինք, պարզ է ուրեմն որ մենք պիտի ըլլայինք ամենէն յետինը դրութիւնը ըմբռնելու եւ մեր ուղեգիծը որոշելու՝ մեր շրջապատին մէջ տեղի ունեցող մեծ դէպքերու մէջ:

Հայ ժողովրդէն կարելի չէր եւ իրաւացի ալ չէր սպասել որ գերբնական հասողութիւն մ’ունենայ միջազգային դիւանագիտական աշխարհն ըմբռնելու եւ այդ ընդհանուր եւ ահռելի քաօսին մէջ ճշդելու իր առնելիք քայլերը:

Հայ ժողովուրդը կը տեսնէր կարգ մը պարզ երեւոյթներ որոնք հարկադրաբար կ’որոշէին իրեն բռնելիք դիրքը: Հայերը կը գիտակցէին, որ Ռուսաստանը կ’ուզէ արշաւել դէպի հարաւ, դէպի տաք ջրեր, ու հետեւաբար՝ կ’ուզէ ունենալ Հայաստանը հայերով, կամ՝ առանց հայերու: Իսկ թուրքը դարաւոր թշնամի էր Ռուսին, ինչպէս նաեւ հայուն: Թուրքիա կ’ատէր Ռուսաստանը, որ կու գար անդամալուծել զինք եւ թոյլ չէր տար ընդարձակուելու դէպի կովկասեան Հայաստանը, դէպի Ադրբէյջանը եւ աւելի հեռու՝ դէպի թուրք-թաթարական բնագաւառները: Հայն ալ իր կարգին կը բռնէր ամբողջ ճանապարհը թուրք ցեղի ընդհանուր միացման. կը ձգտէր իր ինքնավարութեան, եւ շունչ կ’առնէր՝ երբ հարուածները կը տկարացնէին թուրքին: Այդպիսով, մեր աշխարհագրական դիրքի, ինչպէս նաեւ երկու հատուածներէ ազգային ամբողջութիւն մը կազմելու մեր ձգտումի պատճառով, մենք կը դասաւորուէինք Ռուսաստանի կողքին, որպէս ընդհանուր թշնամի թուրքին:

Թրքական ազգային ծրագիրները օսմանեան բանակի աչքերը կ’ուղղէին դէպի Բագու-Բուխարախիւա. իսկ ռուսական բանակը իրեն առաջնորդ ունէր Մեծն Պետրոսի կտակը.- իջնել Միջերկրական ծով եւ Հնդկաց ովկիանոսը: Մենք հայերս ինկած այդ երկու խոշոր կրունկներու տակ, պէտք է որոշէինք մեր դիրքը:

Հայ ազգ ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնանք այս պարագային: Աշխարհքի չորս կողմ ցրուած բոլոր հայերը միասին առած՝ կ’անուանենքհայ ժողովուրդ կամ հայ ազգ: Բայց այդ ծանրակշիռ օրերուն շեշտակի կերպով տրուած հարցերուն պիտի պատասխանէր հայ ժողովրդի մէկ մասը, յանուն հայ ազգին: Հայ ազգի այդ մասը կեդրոնացած էր Կովկասի եւ Տաճկահայաստանի մէջ: Արարատի երկու կողմերու վրայ տարածուած հայութիւնն էր որ հայ ազգը կը ներկայացնէր եւ անոր ուղղած հարուածներն իր կուրծքին կ’ընդունէր: Մնացած հայութիւնը, որպէս ոչ անմիջական ենթակայի, կարող էր խօսիլ, վիճիլ, ոգեւորուիլ եւ լայն հաշիւներ ընել, բայց անպատասխանատու էր եւ իր մտածումներն ու ցանկութիւնները չէին համապատասխաներ ռուս-թրքական ճակատի երկու կողմը տարածուած ժողովրդի ապրումներուն:

Բովանդակ հայ ժողովուրդը ներկայացնող մէկ ամբողջական հայ ազգային մարմին մը չունէինք:

Հայոց Կաթողիկոսութիւնը իր պատեանի մէջ քաշուած, որոշ մտածում եւ քաղաքական ծրագիր չէր հետապնդեր եւ ընդհանուր առմամբ ենթակայ էր ռուսական իրականութեան: Մնացած հասարակական հաստատութիւնները Կովկասի մէջ քաղաքական բովանդակութիւն չունէին: Հայոց պատրիարքարանը Կ. Պօլսոյ մէջ ենթակայ էր թրքական ազդեցութեան, որու դիւանագիտական առաքինութիւնը կը կայանար այն բանի մէջ, որ ապաւինէր «բարեխնամ» կառավարութեան, խոստանալով հաւատարիմ հպատակութիւն: Մնացած ցիրուցան հաստատութիւնները, նման ծանրակշիռ պարագաներուն,աւելի քան տկար կը ներկայանային, նոյնիսկ իրենց տեղական խնդիրներու մէջ: Կովկասի մէջ հիմնուած Ազգային Բիւրօն թէեւ սահմանափակ, բայց քաղաքական որոշ հանգամանք ունէր եւ առաւելապէս Դաշնակցութեան ազդեցութեան տակն էր:

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը միակ քաղաքական կուսակցութիւնն էր, որ ոչ միայն ցիրուցան ամբողջ հայութեան մէջ ունէր իր կազմակերպական ցանցը, այլ Տաճկահայաստանի եւ ռուսական Հայաստանի մէջ կը ներկայացնէր միակ ընդհանուր բնոյթ կրող կազմակերպուած ազգային քաղաքական ուժը: Ահա, այդ օրերուն, Հ.Յ.Դ.եան 8-րդ Ընդհ. Ժողովը կը գումարուէր Տաճկահայաստանի գլխաւոր քաղաքին, Էրզրումի մէջ, ուր հաւաքուած էին Հայկական նահանգներէն եւ Կովկասէն կուսակցութեան ներկայացուցիչները:

Դաշնակցութեան հերթական Ընդհանուր Ժողովը տեղի պիտի ունենար արդէն Էրզրումի մէջ: Իսկ պատերազմի պարագան աւելի խոշոր կարեւորութիւն մը տուաւ այդ ժողովին, որ մեր ժողովրդի եւ հայրենիքի բացառիկ դրութեան պատճառով, անպատրաստ էր, որոշակի լուծում մը տալու իր առջեւ ցցուած հրատապ խնդիրներուն:

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ռուսական օրիանթասիօն չունէր: Հայ ժողովրդի եւ մասնաւորաբար Դաշնակցութեան օրիանթասիօնը կ’որոշուէր միշտնկատի առնելով Թուրքիան: Դաշնակցութիւնն ու հայ ժողովուրդը կը հակուէին այն ուժերու կողմը, որոնք ակնյայտնի ձգտումն ունէին վնասելու թուրքին եւ քայքայելու անոր պետութիւնը: Ռուսաստանը 80-ական թուականներուն յայտ բերած էր այնպիսի ուղղութիւն մը , որ բացորոշ կերպով ուղղուած էր հայերու դէմ եւ ժամանակաւոր հովանաւորութիւն մըն էր Թուրքիոյ: Հայ հասարակական կեանքի զարգացման ընթացքին, մենք կը տեսնենք թէ ի՛նչպէս աստիճանաբար Դաշնակցութեան յեղափոխական ուժերը կը լարուին նաեւ ռուսական բռնակալ իշխանութեան դէմ: Ռուսական առաջին յեղափոխութեան պարգեւած ազատութեան ալիքները տեղի տուած էին եւ այդ դրութեան յաջորդած էր նոր ռիաքսիոն մը, աւելի ու աւելի սեղմուած շրջանակի մը մէջ առնելով Ռուսիոյ հասարակական կեանքը:

Մինչդեռ Թուրքիոյ հռչակած Սահմանադրութեան շնորհիւ, ազատ զարգացման հնարաւորութիւններ ստեղծուած էին Թուրքիոյ մէջ: Հայկական կեանքի ձեւակերպման կարելիութիւնները սահմանափակուած էին Թուրքիոյ ներսը, եւ Դաշնակցութեան աշխատանքները ստացած էին համապատասխան բնոյթ: Այսպիսով ռուսական օրիանթասիոնը մէկ կողմ թողուած էր:

Սակայն Բալկանեան պատերազմի հետեւանքները խիստ արագ անդրադարձում մը ունեցան հայկական հարցի վրայ: Միջազգային կացութիւնը, նոր հունի մը մէջ կը դնէր Հայկական Նահանգներու վիճակը, ստեղծելով երկու խոշոր նահանգապետութիւններ, որոնց գլուխ կը նշանակուէին եւրոպացի երկու մարզպաններ, տեղական շարք մը ինքնավարութիւններով: Դաշնակցութիւնը եւ հայկական հասարակական նշանակութիւն ունեցող հաստատութիւնները, ինչպիսին են Կաթողիկոսարանը, Ազգային Բիւրօն եւ Պոլսոյ Պատրիարքարանը տեսնելով որ սահմանադրական Թուրքիան ալ սկսած էր բռնել Համիտի հայաջինջ ուղին, երես կը դարձնէին անկէ եւ հայկական խնդրի մասնակի կարգադրութիւնը կը վստահէին մեծ պետութիւններու:

Դաշնակցութիւնը մինչեւ այդ թուականը, ակնյայտնի հակա-ռուսական պրօպականտ մղած էր եւ կրցած էր որոշ չափով բեկում առաջացնել այդ անհուն հաւատքի մէջ, որ տաճկահայ հասարակութիւնն ունէր քրիստոնեայ Ռուսաստանի վրայ: Դէպքերը, մեզ հանեցին այդ հունէն եւ դրին դէմ դիմաց թուրքին: Անյայտ ու լարուած հակամարտութիւնը կը դառնար շեշտուած ու հրապարակային: Անջրպետը կը բացուէր հայուն եւ թուրքին միջեւ, ճիշդ հինին պէս:

Հայերը ճիշդ ճանապարհի վրայ էին եւ կրցած էին յաջողիլ հայկական նահանգներու համար բաւական լայն ինքնավարութիւն մը ձեռք բերել: Եթէ համաշխարհային պատերազմը չսկսէր, կասկածէ դուրս է որ հայկական կեանքը կը մտնէր նոր փուլի մը մէջ, որ զինք շատ արագօրէն պիտի առաջնորդէր դէպի լաւագոյն վերածնունդ մը: Պատերազմը այդ հաշիւները հիմնապէս խառնեց: Իսկ պատերազմի նախատեսութիւնը, իմ կարծիքով, հայ ժողովրդի հասողութենէն վեր էր:

Համաշխարհային պատերազմի պայթումով Թուրքիան նկատի առնելիք ուժ մը կը դառնար: Միւս կողմէ, մեծ պետութիւններու պատերազմի մէջ մխրճուիլը, ամբողջովին ազատ կը ձգէր Թուրքիոյ ձեռքերը: Թուրքիան աւելի անձնավստահ, քիչ մը իր մէջքը կը շտկէր Բալկանեան պատերազմի ճնշող մթնոթորտէն: Խորամանկ սպասումով մը իր դիրքը կ’ամրացնէր որեւէ կողմ բռնելէ առաջ: Թուրք ղեկավար տարրերը իրենց բռնելիք դիրքերը որոշած պահուն, կը հարկադրէին որ հայերն ալ իրենց դիրքը որոշեն: Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող հասարակական հաստատութիւնները, Պատրիարքարանէն մինչեւ յետին գաւառի առաջնորդարանները դիւրին խոնարհուողներ էին եւ շօշափելի ուժ մը չէին ներկայացներ: Կը մնար Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը: Թուրքերը իրենց պետական ուժեղ կազմակերպութեան (Իթթիհատի) միջոցաւ ներկայացան Դաշնակցութեան, Էրզրումի 8-րդ Ընդհանուր Ժողովին:

Վճռական վայրկեան էր: Հակառակորդը մեզի կը ներկայանար որոշակի առաջնորդութեամբ եւ կը պահանջէր որոշ պատասխան եւ համապատասխան գործնական քայլեր: Ո՛չ հայութիւնը եւ ո՛չ ալ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը պատրաստ էին վճռական դիրք մը բռնելու: Պատերազմը ընդհանուր բեկում առաջ բերած էր եւ շուարումի մատնած հայ հասարակութիւնը: Ժամանակը կարճ էր եւ բնականոն յետ նահանջ մը դէպի թրքական օրիենթասիոնը անհնարին: Իսկ հակաթրքական օրիանթասիոնն ալ օդը ցնդած էր, բացի բնազդական հակաթրքութենէ, որովհետեւ հայոց օրիանթասիոնը եւրոպական հաւաքական կամքի (անշուշտ խախուտ հաւաքականութիւն մը) վրայ հիմնուած էր: Այդ հաւաքական կամքը չկար: Կար միայն Ռուսաստանը, որ քիչ յետոյ պատերազմի պիտի բռնուէր Թուրքիոյ հետ: Ուրեմն, այդ պարագաներուն, այս կամ այն օրիանթասիոնն ունենալը, կը նշանակէր միանալ մէկ կողմին եւ պատերազմ յայտարարել միւս կողմին դէմ: Այսպիսի կտրուկ առաջարկութիւն դրուած էր հայ ժողովրդի եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան առաջ, երբ թէ՛ մեր հաւաքականութիւնը եւ թէ՛ մեր քաղաքական մեծ կուսակցութիւնը կատարեալ երկուութեան մէջ կ’ապրէին:

Թրքական օրիանթասիոն չէինք կրնար ունենալ եւ եթէ փորձէինք ալ մեր կրած վնասներէն աւելին պիտի կրէինք: Եթէ Բալկանեան պատերազմի հետեւանքներով մենք հակաթրքական ուղղութիւն մըն ալ չընդգրկէինք, դարձեալ ենթակայ պիտի ըլլայինք թրքական դաժան ծրագրին: Այս խորին համոզումը հիմնուած չէ զգացումներու, այլ պատմական բացայայտ տուեալներու վրայ: Առանց մանրամասնութեանց մէջ մտնելու, կը յիշեմ միայն քիւրդերու եւ չէրքէզներու կոտորածները, որոնք ե՛ւ իսլամ էին ե՛ւ դաշնակից թուրքին, սակայն համաթրքութեան ազգային ծրագրին զոհ գացին: Այս ճշմարտութիւններու գնահատման առջեւ տակաւին տատանիլը, կը նշանակէ ամբողջովին անգիտանալ մեր պատմութիւնը:

Մնացած հոսանքներու եւ հասարակական հաստատութիւններու վրայ չեմ ծանրանար: Ատոնք հայ ազգային պատմութեան արտաքին կեղեւը կը կազմեն: Իսկ հայ ժամանակակից պատմութեան ներքին բովանդակութիւնը Դաշնակցութեան գործունէութեան մէջ կ’ամփոփուի: Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ցիրուցան եւ ազգային կեդրոնացած իշխանութիւն չունեցող հայութեան կառավարական սաղմն էր. եւ հետեւաբար՝ անոր կը մնար հայոց կառավարական պատասխանատու ֆունկցիան:

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնն արտացոլացուց այն տատանուող դէմքը որ ունէր հայ ժողովուրդը, եւ բռնեց այնպիսի դիրք մը, որ ճիշդ պատկերն էր հայ ժողովրդի երկուութեան (տուալիզմի):

Թուրքերը կ’ուզէին որ մենք ապստամբինք Արարատեան Հայաստանի մէջ. գործենք ռուսական բանակի կռնակէն. բացի օրինական զինուորներէ, կամաւորական գունդեր կազմակերպենք եւ Կովկասեան ճակատի վրայ արշաւենք: Մէկ խօսքով, կ’ուզէին որ ոչ միայն չմտածենք Թուրքիոյ մէջ ամփոփուած հայութեան ինքնապաշտպանութեան մասին, այլ այնպիսիքայլեր առնէինք, որ ամբողջ Կովկասի հայութիւնն ալ ենթարկուէր ռուսական սուրին: Այդ բոլորի փոխարէն Թուրքիա կը խոստանար Արարատեան Հայաստանը ինքնավար դարձնել Օսմանեան գերիշխանութեան տակ: Արարատեան Հայաստանի մասին ալ, անշուշտ, իրենց ինքնայատուկ սահմանագծումն ունէին: Տաճկահայաստանի մասին խօսք չկար. այդ իրենց ներքին խնդիրն էր, որ վարչական բաժանումով եւ տեղական ինքնավարութեամբ պիտի «բարեկարգէին»: Վերջին հաշուով, թուրքերու տուած խոստումները եթէ իրականանային, կ’իրականանար լիովին համաթրքութեան ծրագրի առաջին մասը:

Այս ամբողջ վտանգները եթէ մէկ կողմ թողնենք, ու ուշադիր քննութեան ենթարկենք Թուրքիոյ առաջարկները, պիտի տեսնենք որ, հայերը որքան ալ բանիմաց չըլլային, այսուհանդերձ պիտի գիտակցէին, ուր Թուրքիան այն ուժը չէր ներկայացներ, որ կրնար նման ծրագիր մը գլուխ բերել եւ պահպանել մեզ ռուսական մեծ ուժի դէմ: Իսկ հայութիւնն իր ամբողջական զանգուածով ռուսական պետութեան դէմ հանել, քաղաքական նման ծրագրի մը հիման վրայ, ծիծաղելի յաւակնութիւն մը պիտի ըլլար: Մինչդեռ Դաշնակցութեանհիմնական մտահոգութիւնը կու գար Թուրքիայէն: Հայ ժողովուրդը ահռելի վտանգի մը առջեւ կը գտնուէր եւ մենք չէինք կրնար մեր աչքերը փակել թուրք տարրի ձգտումները չտեսնելու համար:

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը պատասխանէր Իթթիհատին եւ հետեւաբար՝ Թուրքիոյ.- Որ հայ ժողովուրդը կը մնայ չէզոք: Հայ ժողովուրդը բաժնուած է երկու հատուածներու: Ռուս. Հատուածը իր պետութեան սահմաններու մէջ ենթակայ է պարտադիր զինուորագրութեան, եւ պիտի կատարէ իր պարտականութիւնը: Տաճկահայութիւնը հաւատարիմ կը մնայ Թուրքիոյ, կ’ենթարկուի պարտադիր զինուորական պարտականութեան եւ լիովին կը կատարէ իր պարտքը հանդէպ պետութեան: Նոյնիսկ թիկունքի ծառայութեան համար կը կազմակերպէ կամաւորական խմբեր եւ կ’օժանդակէ թուրք կառավարութեան, եթէ այդ խումբերուն զէնք մատակարարուի: Այս վերջին ձգտումը ցոյց կը տրուէր, որպէսզի հնարաւորութիւն ունենանք գոնէ շօշափելի զինուած ուժ մը ունենալ հայկական նահանգներու մէջ, ինքնապաշտպանութեան մը պարագային, անոնցմէ օգտուելու համար:

Ինչ որ կը վերաբերի հայերուս, ասիկա վճռական պատասխան մը չէր: Այդ անվճռականութիւնը ոչ միայն պատասխանի արտաքին ձեւին մէջն էր, այլ մեր կուսակցութեան ղեկավար շրջանի ե՛ւ հոգեբանութեան ե՛ւ գործելակերպին մէջն էր: Սակայն այդ պատասխանը թուրքերուն համար վճռական նշանակութիւն ունէր: Թուրքերը մեկնեցան Էրզրումէն մէկ համոզումով, որ այդ պատասխանը ժխտական էր իրենց համար, եւ որ՝ ե՛րբ մենք բացարձակօրէն իրենց հետը չենք, հապա ուրե՛մն Ռուսաստանի հետն ենք: Ատկէ յետոյ կը մնար պարզ քաղաքավարական կեղծ յարաբերութիւն մը, որով գիտակցօրէն ինքզինքնիս կը խաբէինք, սպասելով աւելի լաւ օրերու գալուն:

Դէպքերը մեզմէ աւելի արագ կ’ընթանային: ռուսահայ կեանքի մէջ ռուսական օրիանթասիոնը պարարտ հող կը գտնէր: Ռուսական կոչին, հայ ժողովուրդը այն տատանուող պատասխանը չէր տար, ինչ որ տուած էր Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովը թուրքերուն: Հայ հասարակական բնազդական ոգեւորութիւնը շարժումի կը փոխուէր: Շարժումի ոգին ներշնչողը, ռուսահայ իրականութեան մէջ, դարձեալ Դաշնակցութիւնն էր: Եւ տարերային ե՛ւ գիտակցական այդ շարժումը կը յանգէր կամաւորական շարժման:

Տաճկահայաստանի եւ ամբողջ Թուրքիոյ մէջ հայութիւնը կը կծկուէր հնազանդութեան եւ ինքնապաշտպանութեան վարագոյրին ետեւ, սպասողական ու անզէն:

Ռուսահայ հատուածը գտած էր իր ճիշդ ճանապարհը: Պատմութիւնը այդ պիտի արդարացնէ, աւելի առարկայական քննութենէ մը յետոյ: Եթէ դիտողութեան արժանի կէտ մը կայ, այդ այն է որ աւելի լայն չափի եւ աւելի լաւ կազմակերպուած հրապարակ չենք եկած:

Իսկ տաճկահայ հատուածը, իմ կարծիքով, մոլոր ճանապարհի վրայ էր: Հիմա շատ դիւրին էդատել, քան այդ օրերու շփոթին մէջ: Այս օր պատմական տուեալներէ ետք, դիւրին է վճռական կարծիք յայտնել մեր բռնելիք դիրքին հանդէպ: Մեր չէզոքութիւնը կը նշանակէր թշնամութիւն հանդէպ թուրքին: Այդ պարագան կատարելապէս պէտք է գիտակցէինք: Կար ուրիշ շեշտուած երեւոյթ մը, այդ այն է որ ոչ միայն ռուսական բանակները կ’արշաւէին Թուրքիոյ վրայ, այլ ռուսահայ հատուածը եւ հոն ամփոփուած Տաճկահայութիւնը կամաւորական գունդերով միացած էին ռուսական յարձակողականին: Այս ակնյայտնի դրութեան առջեւ, հայերու հնազանդութիւնըեւ ինքնապաշտպանութիւնը, անխելքութիւն էր,- պարզ կարճամտութիւն, թուրքերը խաբելու միամտութիւն մը, ինչ որ բացարձակ անկարելիութիւն մըն էր: Հայերս պէտք է բռնէինք ապստամբական դիրք: Ինքնապաշտպանութիւնը այն առումով ինչ որ մենք հայերս կ’ըմբռնենք, ատիկա վերջին շունչը չփչելու ջանք մըն է եւ չի հասնիր իր նպատակին: Ինքնապաշտպանութիւնը Թուրքիոյ մէջ, այդ ժամանակաշրջանին կարելի էր միայն ապստամբութեամբ, վճռական ու խիզախ, Վանէն մինչեւ Կիլիկիա: Այս հոգեբանութիւնը գոյութիւն չունէր, այսպիսի ծրագիր մը գծուած չէր: Հայութիւնն ու Հ.Յ.Դաշնակցութիւնն այսպիսի ձեռնարկ մը գլուխ հանելու համար պատրաստուած չէին: Երկուութիւնը եւ տատանումը մնացին իրենց ուժին մէջ: Ամբողջ հայութիւնը միակամ ու միադէմ հրապարակ չեկաւ: Դէպքերը եկան ու գահավիժօրէն մեր վրայէն անցան:

3.

1914-ի հոկտեմբեր 12-ին Գէօբէն եւ Բրէսլաւն գերմանացիներու նախապատրաստութեամբ եւ Էնվէր փաշայի հրահանգով մտան Սեւ ծով, ռմբակոծեցին Բաթումը, Եալթան եւ Սեւաստաբօլի եզերքները, եւ խորտակեցին երկու մարդատար նաւեր1 Սեւ ծովու բացերը, եւ այսպիսով պատերազմի հռչակումը Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կատարուած իրողութիւն մը դարձուցին: Իթթիհատի ղեկավարները գերմանական զօրահրամանատարութեան կատարեալ դաւակիցներ էին: Շլացած էին գերմանական լայն երազներէ եւ անոնցմէ աւելի քան ներշնչուած էին, իրենք ալ իրենց կարգին, լայն հորիզոններ գծելու համաթրքութեան եւ համիսլամութեան ճակատներու վրայ: Արեւմուտքէն կծկուած Թուրքիան պիտի գար լայնանար Արեւելքի մէջ, տարածուելով Կովկաս, Պարսկաստան-Թուրքիստան, վերագտնելով իր կայսերական հողերու տարածութիւնը, առաւել, բազմապատկելով իր թիւը իրմէ անջատուած ազգակիցներով: Էնվէրն ու Թալէաթը մեծ անձնավստահութեամբ նետուեցան այդ շրջապտոյտին մէջ. կատարելապէս գիտակցելով որ իտալական եւ բալկանեան պատերազմներէն եւ պարտութիւններէն յետոյ, Թուրքիան կը նմանէր այն պարտուած ցուլին, որու կաշին ոսկորներուն փակչելու երեւոյթ մ’ունէր: Ամէն ինչ կորսնցուցածի հոգեբանութեամբ՝ փոքրացած Թուրքիան պատերազմի մէջ կը յուսար գտնել իր կրկին մեծութիւնը:

Պատերազմը երկաթէ պատուար մը կը ստեղծէր հայութեան երկու խոշոր հատուածներու միջեւ: Հայութիւնն իր ամբողջ զանգուածով կ’իյնար երկու թշնամի բանակներու կրունկներուն տակ: Երկու հատուածներ ալ հարկադրուած էին բռնել ինքնուրոյն ուղի մը, իրենց անմիջական շրջապատը նկատի առնելով:

Իմ նիւթէն դուրս է հանգամանօրէն ծանրանալ ռուս-թրքական պատերազմի մանրամասնութեանց վրայ եւ հանել ընդհանուր եզրակացութիւններ: Նոյնպէս ուսումնասիրութեան նիւթ չեմ կրնար դարձնել տաճկահայ ժողովրդի դիմադրական եւ ինքնապաշտպանողական գործերը եւ լայնօրէն վեր հանել կոտորածներու ամբողջական պատկերը: Ես այդ խնդիրներու գնահատումը կը տամ միայն կողմնակի կերպով եւ այն չափով, որ չափով այդ խոշոր դէպքերը անմիջական առնչութիւն ունին իմ ընդգրկած նիւթին հետ:

Ամենէն բնորոշ կողմը որ ես կրցած եմ նշմարել պատերազմի առաջին շրջանին, այդ այն անսահման ոգեւորութիւնն էր եւ հաւատը որ քանի մը ամիսներու խնդիր կը նկատէր թրքական պարտութիւնը եւ հայկական բարձրաւանդակի գրաւումը: Այդ հաւատքը բարձրաձայն կը հռչակուէր Կովկասի մէջ. այդ հաւատքը գաղտնի կը սնուցանէր Տաճկաստանի սպասողական հայութիւնը: Ուրիշ շատ ազգեր ու փոքրիկ պետութիւններ այդ խանդավառ ու անհաշիւ մթնոլորտն ապրեցան ու խաբուեցան. մենք բացառութիւն չէինք կրնար կազմել: Բացառութիւն էր միայն Անգլիան, որ անգլօ-սաքսոն պաղարիւնով ու հիւմոռով կը յայտարարէր առաջին օրերուն իսկ, որ ներկայ պատերազմի համար 4-5 տարուայ համբերատար ջիղեր ունենալու է: Կազմակերպուած Գերմանիան իսկ, այսքան երկար ժամանակուայ մը հաշիւը ըրած չէր…

Մինչդեռ պատերազմը ընթացաւ դանդաղ: Տաճկահայաստանը գրաւուեցաւ մաս առ մաս: Ընդմիջուեցաւ շատ ցաւալի նահանջներով: Նահանջ ու ներգաղթ իրարու յաջորդեցին: Կազմակերպուեցանք ու նորէն քանդուեցանք: Ապրեցանք երկունքի օրեր, մինչեւ ծնաւ մանուկը՝ 7 ամսական,- ՀԱՅԱՍՏԱՆ: Բայց բժիշկներու բոլորի կարծիքն այն եղաւ որ այդ մանուկը պիտի ապրէր:

Այժմ աստիճանաբար մտնենք Տաճկահայաստան. ու մօտենանք իւրաքանչիւր շրջանի դէպքերուն եւ վեր հանենք մեր ժողովրդի ներքին կեանքի արժէքը, որ արտաքին ընդհանուր ժխորին տակ վարագուրուած կը մնայ:

1Ես հոկտեմբեր 12-ի կէսօրին նաւ առած էին Տրապիզոն ելնելու եւ անկէ ալ Սասուն-Մուշ երթալու համար: Ինծի հետ կը տանէի Հ.Յ.Դ.Բիւրոյի հրահանգ նամակները Էրզրում եւ Մուշ: Պօլսոյ եւ Թուրքիոյ դաշնակցական ղեկավար ընկերներու կարծիքով կամաւորական շարժման շուրջ շատ աղմուկ եւ շատ ցոյցեր էին որ տեղի կ’ունենային: Ընկերներն ինծի կը թելադրէին, հնարաւորութեան պարագային, Կովկասի վրայով անցնիլ եւ յայտնել Կովկասի մեր ղեկավարներուն որ հրաժարուին ցուցական գործունէութենէ, եւ գաղտնի աշխատանք կատարեն (այդ ատեն տակաւին կը կարծէին որ փոքրիկ ու ֆետայական գաղտնի խմբերով գործ կարելի էր տեսնել. ամբողջ իրականութիւնը կը մնար մեզի համար անչափելի): Հազիւ թէ մեր նաւը Վոսփորը անցած եւ հասած էր Զունգուլտաքի մօտերը, երբ նաւապետը կը ստանար ռատիօկրամ մը դէպի ռուսական ափերը փախչելու: Մեզ հետ ճամբայ ելած նաւ մը խորտակուեցաւ: Մեր նաւը քանի մը օրուայ թափառումներէ յետոյ կրցաւ խուսափիլ Գէօբէնէն եւ մենք 17 օրուայ ծովու վրայ սպասումներէ յետոյ, նոր կրցանք մօտենալ Օտեսային: Ես երկրի նամակները յանձնեցի Արեւելեան Բիւրոյին եւ զեկուցում տուի մեր ընկերներու տրամադրութեանմասին: Բայց կովկասահայութեան ոգեւորութեան ալիքը իր գագաթնակէտին հասած էր եւ բոլոր գործնական քայլերը առնուած էին: Այդ իրողութեան առջեւ թէ արտասահմանի եւ թէ Կովկասի կուսակցական մարմինները լծուեցան գործին՝ շարժման աւելի կազմակերպուած բնոյթ մը տալու:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.