«Տաճկահայ Գաղթաշարժը Եւ Անոնց Դերը Հայաստանի Հանրապետութեան Կազմութեան Մէջ» – ԺԲ.

Մեծ Նահանջը – 5

ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ

Թուրքերը գլխաւորաբար Խնուսի եւ Մալազկերտի ճանապարհներով շարունակեցին իրենց յառաջխաղացը եւ հասան մինչեւ Խըլիճ-Գէտիկ, մինչեւ Ալաշկերտի դաշտը: Ռուսական բանակը կրցաւ կասեցնել թրքական առաջապահ ուժը: Բասէնէն Զօր. Բարաթով Դէլի-Բաբայի կողմէն կողքէն հարուածեց թրքական գլխաւոր ուժերը եւ պարտութեան մատնեց զանոնք: Ռուսական բանակը մէկ ամսէն յետոյ արդէն վերագրաւած էր Եփրատի հովիտը եւ Մալազկերտի քաղաքը:

Վանը միայն շաբաթ մը մնաց թուրքերու ձեռքը: Ռուսական բանակի առաջապահները վերագրաւեցին քաղաքը, այս անգամ առանց հայերու: Բերկրիի ճանապարհը բացուեցաւ: Ալաշկերտի շրջանի ժողովուրդը, որ մասամբ տեղահան եղած էր, դարձաւ ու տիրացաւ իր շէնութիւններուն: Արամ շարք մը գործակիցներու հետ փութաց դէպի Վան Պարսկաստանի կողմ գացող Վանի ժողովրդէն, տղամարդիկ իրենց քայլերը ուղղեցին դէպի Վանի սիրուն լիճը: Սակայն, մեր չար բաղդէն, Վանի մէջ,ռուսական զօրամասը նոր նահանջ մը եւս սարքեց: Արամ ստիպուեցաւ ետ դառնալ Երեւան: Հազիւ շաբաթ մը տեւեց այդ խաղը: Վանը նորէն վերագրաւուեցաւ եւ մնաց ռուսական տիրապետութեան տակ մինչեւ 1918-ի գարունը: Բայց 1915-ի ամրան մեծ եւ փոքր նահանջները մեծապէս յուսալքեցին Վանի հասարակութիւնը: 1915-ի աշնան Վանը մնաց առանց Արամի: Հոն հաւաքուեցան միայն քիչ թուով տղամարդիկ եւ ինքնապաշտպան քանի մը խմբակներ, եւ միայն յետագայ տարուայ ընթացքին կամաց կամաց շէնցաւ Վանի շրջանը: Այդուհանդերձ Վանի նահանգի հայ ազգաբնակչութեան խոշոր մեծամասնութիւնն այլեւս չկրցաւ դառնալ իր սիրած Վանը, եւ մնաց ցրուած Հայաստանի, Կովկասի եւ Ռուսաստանի զանազան վայրերու մէջ:

Կամաւորական գունդերը կը վերակազմուէին, ձմեռուայ գործողութիւններուն մասնակցելու համար: Ընդհանուր սրտաբեկում մը կար: Տեղահանութեան եւ ընդհանուր կոտորածներու լուրերը հասած էին: Միւս կողմէ, Տարօնի շրջանէն փոքրիկ խումբեր, ռուսական նահանջէն վերջ, դիմադրական բոլոր միջոցները սպառելէն յետոյ, կը դիմէին դէպի Կովկաս: Առաջին խումբը Մատթէոսի (որու Յուշերը լոյս կը տեսնեն «Հայրենիք» Ամսագրի մէջ) ղեկավարութեամբ, եօթ հոգի, Քանէն ճանապարհ կ’ելնեն, յոյս ունենալով որ Բուլանուխի կամ Մալազկերտի մէջ պիտի կրնան հանդիպիլ ռուսական բանակին: Մինչդեռ այդ ատեն ռուսական բանակը քաշուած էր Ալաշկերտ: Այդ խումբը կը կոտորուի ամբողջութեամբ Մալազկերտի լեռները չանցած: Մատթէոս ճանապարհ ելած էր Վ. Փափազեանի կարգադրութեամբ, ու կուգար օգնութիւն խնդրելու: Երկրորդ խումբը, քանի մը հոգի, Բուլանուխցի Մարտիրոս վարժապետի ղեկավարութեամբ, Ցրոնքի վրայով կ’անցնի Մալազկերտ, այն ատեն, երբ ռուսական յառաջապահներն արդէն վերադարձած էին հոն: Միայն Մարտիրոս վարժապետը կրցած էր ազատիլ եւ վիրաւոր վիճակով հասած էր ռուսական բանակ ու փոխադրուած Երեւան: Անիկա կը նկարագրէր կոտորածները, շարունակուող տասնեակ հազարներու անունով օգնութիւն կը խնդրէր Տարօնի համար:

Այս օգնութեան կոչերը պահ մը կը ցնցէին ղեկավար շրջանակները, որոնք սթափուելով նահանջի եւ գաղթականական հոսանքի ընդհանուր շշմածութենէն, կ’ուզէին դիմել սեփական միջոցներու, զինեալ ուժով մը օգնութեան հսնելու Սասնոյ լեռներու վրայ ապաստանած կռուող ժողովրդին:

Դրօն ընդառաջ եկաւ ծրագրի մը, որ խորհրդակցութեան նիւթ դարձած էր փոքր շրջանակի մը մէջ: Ծրագիրը հետեւեալն էր: Կազմել 200-300 ձիաւոր խումբ մը եւ Մալազկերտէն անցնիլ եւ շեշտակի հարուածով մտնել Մշոյ դաշտ ու միանալ Քանի ուժերուն, որպէսզի կարելի ըլլար աւելի հոծ բազմութեամբ ճեղքել թրքական բանակը եւ վերադառնալ Մալազկերտ: Այդպիսի արշաւանքի մը համար, հարկաւոր էր Զօր. Օգանովսքու արտօնութիւնը: Այդ մասին դիմում եղած էր եւ անիկա իր համաձայնութիւնը տուած էր: Դրօն ձեռնարկեց արագօրէն կազմակերպելու այդ առանձին ուժը, որ բացառաբար ձիաւորներէ բաղկացած պիտի ըլլար: Հազիւ 150 ձիաւորներ կրցանք ունենալ այդ նպատակի համար: Ես ջերմ կողմնակից էի այդ ձեռնարկին, եւ քանի մը ընկերներով եւ Մշեցի ու Սասունցի զինուորներով միացանք Դրոյի խումբին:

Դրոյի ձիաւոր զօրամասը Ալաշկերտ հասած էր եւ քանի մ’օրէն պիտի մեկնէր Մալազկերտ: Այդ օրերուն պարզուեցաւ այն պարագան, որ ռուսական բանակի առաջապահները կը մնային միայն Մալազկերտ. իսկ անկէ անդին թրքական բանակը ամուր նստած էր: Այդ առաջին կէտէն մինչեւ Քան (Սասնոյ լեռնաշղթան), մօտ 120 քիլօմէթր էր, տրածութիւն մը, որ շատ դժուար էր կտրել անցնիլ մէկ օրուայ ընթացքին: Երկրորդ պարագան Ալատաղի եւ Զիլանի քրդերու թիկունքային գործունէութիւնն էր: Անոնք քաջալերուելով Բերկրիի կոտորածէն եւ կողոպուտէն, սկսած էին աւելի խիզախ շարժումներ ընել ոչ միայն դէպի Բերկրի եւ Աբաղա, այլ նաեւ դէպի Ալաշկերտի դաշտը, եւ դէպի Մալազկերտ տանող ճանապարհները: Այսպիսով հերթական գործ մը դարձաւ թիկունքն ապահովելու խնդիրը:

Զօր. Օգանովսքին համաձայնեցաւ արշաւանք մը կատարել Ալատաղի վրայ, եւ տրամադրեց 250 գօզաքներ Գնդ. Կարէլքովի ղեկավարութեամբ: Դրօն իր ձիաւոր զօրամասով ստանձնեց արշաւանքի ղեկավարութիւնը: Այսպիսով, Մալազկերտ մեկնելու խնդիրը քանի մը շաբաթուայ համար յետաձգուեցաւ, ու մենք մեկնեցինք դէպի Ալատաղ: Արշաւանքը սկսաւ սեպտեմբերին. ուժերը մեկնեցան Դիատինէն, որ կը գտնուի Ալատաղի ստորոտը, Ալաշկերտի դաշտի մէջ: Արշաւանքը տեւեց մէկ շաբաթ: Քրդական գիւղերը շատ փոքր դիմադրութենէ յետոյ տեղի տուին: Քանի մը թիւերու բաժնուած պատժիչ զօրամասերը կրցան օղակել բազմաթիւ գիւղեր եւ եայլախներ եւ ընկճել դիմադրութիւնը: Վերջին կռիւը տեղի ունեցաւ Ալատաղի գագաթին վրայ: Կէս ժամուայ դիմադրութիւն միայն կրցան ցոյց տալ քրդական անկանոն ուժերը: Կամաւորները գրաւեցին վերջին բարձունքը, որ մօտ 12,000 ոտնաչափ բարձր է: Անոնք որ կրցան փախչիլ, վար եկան եւ անցան Զիլանի ձորը, որ Ալատաղի արեւելեան հարաւը կ’իյնայ, ճիշդ Արճէշի դիմացը: Մնացեալ բոլոր տղամարդիկ, որպէս դիմադրողներու ինկան կռուի ընթացքին: Կանանց եւ երախաներուն խնայուեցան, սակայն անոնք ալ քշուեցան Զիլանի ձորը:

Այսպիսով, քրդեր իրենց տգիտութեան եւ կողոպուտի սիրոյն, գործիք մնացին թրքական կառավարութեան ձեռքը, չարիք նիւթեցին հայերու համար, ու իրենք ալ ենթարկուեցան աւերումի: Մօտ 40 գիւղ եւ եայլախ ոչնչացան: Տասնեակ հազար քրդեր բնաջնջուեցան, քաւելով երկու ամիս Բերկրիի իրենց նախճիրը:

Արշաւող բանակը զինուորական գրաւման ենթարկեց աւելի քան 40,000 խոշոր գլուխ անասուններ, ինչպէս նաեւ ձիեր եւ բազմահազար ոչխարներ, որոնք շատ չնչին տոկոսով հայ գիւղացուն գացին, մնացած ամբողջութիւնը ռուսական բանակի սեփականութիւնը դարձաւ:

Ֆիզիքական ու տնտեսական այս աւերումէն յետոյ Ալատաղի քրդութեան մէջքը կոտրուեցաւ: Ճիշդ է որ Զիլանը միշտ մնաց անձեռնմխելի եւ տակաւին այսօր ալ ըմբոստութեան օճախ մըն է ընդդէմ թուրքերուն, սակայն Ալատաղի հոծ քրդութիւնը այլեւս գոյութիւն չունի:

Ալատաղի արշաւանքը նոր վերջացած էր, երբ Ալաշկերտ հասան Ռուբէն եւ Վ. Փափազեան իրենց 35 ընկերներով: Անոնցմէ քանի մը շաբաթ առաջ, Մշեցի Պզտիկ Արամի ղեկավարութեամբ 70 կռուողներ անցած էին Ալաշկերտ-Կաղզուան-Կարս: Աւելի ուշ, աշնան, Քանէն խումբ մը կռուողներ Տ. Եղիշէ Պարսամեանի հետ կ’անցնէին Մալազկերտ, ու կ’ազատուէին: Ամենէն վերջին խումբը կուգար Ս. Կարապետի անտառէն, Կոմսայ Մօսոյի, Մելիքի, Ռէպէի Սարգիսի եւ Աւետիսի ղեկավարութեամբ:

Օրհասական կռիւը իր վախճանին հասած էր: Սեւ մշուշ մը կ’իջնէր հերոսական Տարօնի վրայ եւ մեր թեւերը կը կոտրէր: Արշաւանքի ծրագիրը այլեւս անգործնական նկատուեցաւ: 1915-ի աշունն ու ձմեռը գաղթականական շրջան մը դարձաւ: Հայ ժողովուրդն իր կորուստներու մորմոքն ապրեցաւ, բայց յետագայ տարուայ ընթացքին միայն պիտի կրնար իր ամբողջութեամբ ըմբռնել ջարդերու ահռելիութիւնը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.