«Տաճկահայ Գաղթաշարժը Եւ Անոնց Դերը Հայաստանի Հանրապետութեան Կազմութեան Մէջ» – ԺԱ.

Գլուխ Երրորդ

1915 – Վան-Բուլանուխ-Մալազկերտ

4.- Մեծ Նահանջը

ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ

(Լուսանկարը՝ Հայկական 7-րդ կամաւորական գունդի հեծելագունդը)

Մեծ նահանջի մասին խօսքս վերջացնելէ առաջ, կ’ուզեմ ծանրանալ քանի մը խնդիրներու վրայ, որոնք խիստ մեծ նշանակութիւն ունեցան Տաճկահայոց կեանքի մէջ:

1.- Ի՞նչպէս պատահեցաւ որ մեր կամաւորական գնդերը հասան Դատվան ու Ախլաթ, եւ սակայն չկրցան օգնութեան հասնիլ Տարօնին:

Ընդհանուր խօսքով, դիւրին է ատոր պատասխան տալ.- Ռուսական բանակը նահանջեց, ու հրաման տուաւ բոլոր ճակատներու վրայ գտնուած ուժերուն, որ նահանջեն: Հայկական բանակն ալ ստիպուած էր այդ ընել: Կանոնաւոր պատերազմի մէջ ատկէ տարբեր բան մը կարելի չէր մտածել:

Եւ սակայն, այդ օրերուն, ներկայացած պարագան բոլորին տարբեր էր: Պատմութեան առջեւ չպիտի կրնան արդարանալ անոնք որ Նէմրութի եւ Սիփանի ստորոտներէննահանջեցին, տեսնելով հեռուն Մշոյ դաշտը, Մուշը եւ Սասունը կրակի մէջ: Մեր կամաւորական գունդերը կազմուած էին գերազանցապէս ազատագրական նպատակով: Անոնք կրնային չհնազանդիլ ռուսական հրամանին, ու ներխուժել Մշոյ դաշտը: Բոլորի ղեկավարներն ալ հին ֆէտայիներն էին. զինուորներու մեծագոյն մասը պատերազմական կռուի ընդունակ, նման անկանոն քայլով մը պիտի կրնային Տարօնի ժողովուրդն ազատել եւ իրենց հետ փոխադրել դէպի ետ:

Ինծի ծանօթ է որ Դատվանի մէջ, վճռական այդ վայրկեանին, վերյիշուած խնդիրը քննութեան նիւթ դարձած է Դրոյի եւ Անդրանիկի կողմէ: Դրօն առաջարկած է երկու գունդերով չնահանջել, այլ ներխուժել եւ միանալ Մշոյ եւ Սասնոյ կռուողներուն: Սակայն Անդրանիկ ընդիմացած է, ըսելով որ ինքն ստիպուած է ենթարկուիլ զինուորական կարգապահութեան: Ո՛վ որ առաջարկած ըլլայ եւ ո՛վ ալ որ մերժած, միեւնոյն է. գործը,- յեղափոխական գերագոյն պարտականութիւնը – չիրագործուեցաւ, եւ ատոր համար ե՛ւ Դրօն եւ Անդրանիկ եւ միւսներ յանցաւոր կը մնան Տարօնի նահատակուած ժողովրդի առջեւ:

2.- Ինչո՞ւ տեղի ունեցաւ Բերկրիի կամուրջի աղէտը:

Առաջին յանցաւորը ռուսական հրամանատարութիւնն է, որ իր թիկունքի թշնամի ուժերու մասին այնքան անտարբեր էր: Սակայն այդ անտարբերութեան երեսէն ռուսական բանակը չէր որ կը վնասուէր, որքան հայ ժողովուրդը: Այս դատողութեամբ եթէ առաջնորդուէին Վանէն եւ Ախլաթէն նահանջող մեր կամաւորական գունդերը, պիտի աւելի զգոյշ ըլլային ու գոնէ պաշտպանէին 120,000 ժողովրդի նահանջի բոլոր ճանապարհները: Բերկրիի մասին առանձնապէս պարտաւոր էին մտահոգոիլ, լաւ գիտնալով որ Ալատաղի եւ Զիլանի քրդերը կողոպուտի փորձեր պիտի ընէին: Բերկրիի մէջ եթէ 5-10 օր 300 կամաւորներ, փոխն ի փոխն, կամ մնայուն պարտականութիւն ստանձնէին որոշ դիրքեր պահպանել, կարելի է վստահօրէն ըսել որ քիւրդերը չպիտի համարձակուէին մինչեւ գետը իջնել եւ այն աւերը կատարել, ինչ որ կրցան ընել միայն հեռուէն ահաբեկելով անպաշտպան ժողովուրդը:

Կամաւորական բանակի արատներէն մէկը պիտի մնայ Բերկրիի անպաշտպան թողնելը, որ Վանի ժողովրդէն 4-5000 հոգի կորուստի մատնեց: Այդ տեղի պաշտպանութեան պիտի բաւէին Վանի քաղաքացիական ուժերն իսկ, եթէ իրենց յոյսը դրած չըլլային ռուսական եւ հայկական բանակներու վրայ, ու քիչ մըն ալ պահած ըլլային իրենց ներքին կազմակերպական մեքենան:

3.- Տաճկահայ-ռուսահայ խնդիրը զանազան անհատներու մտայնութեան մէջ շատ առաջէն ալ գոյութիւն ունէր, այնպէս, ինչպէս գոյութիւն ունէր եւ ունի պոլսահայու եւ գաւառացիի տարբերութիւնը, ինչպէս գոյութիւն ունէր եւ ունի Ղարաբաղցու եւ Երեւանցու, Վանեցու եւ Մշեցու տարբերութիւնները: Առհասարակ հայերու մէջտեղացիութիւնը շատ շեշտուած է: Այդ պարագան շատ աւելի աչքի կը զարնէ, երբ այսինչ վայրի բնակիչները կը փոխադրուին մասամբ, կամ ամբողջովին, այնինչ վայրը: Բարք ու վարքի, նիստ ու կացի, մտայնութեան եւ գործելակերպի խոշոր տարբերութիւններ ունին մեր բազմաթիւ գաւառներն իրարմէ եւ այդ տարբերութիւնները կ’անդրադառնան տարբեր վայրերու մեր ժողովրդի փոխադարձ յարաբերութեան վրայ:

Համաշխարհային պատերազմի եւ նահանջներու բերումով, 1915-ի ամրան արդէն 150,000-էն աւելի տաճկահայ գաղթականութիւն մը լեցուած էր կովկասեան Հայաստան: Առաջին օրերու գրկաբաց ընդունելութենէն քիչ ետք, Արարատեան շրջանի գիւղացիութիւնը կ’ընկճուէր այդ ծանր բեռին տակ: Տաճկաստանէն քանդուած եկած գաղթականը կորսնցուցած էր ամէն ինչ, եւ ան հոգեբանօրէն հաշտուած էր քանդումի եւ առօրեայ կեանքի հետ: Իր աչքին չէին երեւնար շէն մնացած հայ գիւղերու խոտի, ցորենի, փայտի եւ բնակարանի սեփականութեան մտահոգութիւնները: Գաղթականը կ’ուզէր օգտուիլ ամէն ինչէ, առանց անոնց վրայ դողդղալու, ինչպէս պիտի ընէր, եթէ իր տունէն քանդուած չըլլար: Մինչդեռ տեղացին պէտք ունէր ամբողջ տարուայ իր խոտի եւ ցորենի պաշարը պահել, այլապէս իր անասունները եւ ընտանիքի անդամները սովէն պիտի կոտորուէին: Այսպիսով գաղթականը մէկ օրուայ մասին կը մտածէր եւ ընդունակ էր դէզ մը խոտ կերցնել ու անցնիլ, իսկ տեղացին ամբողջ տարուայ մը մտահոգութիւններ ունէր: Երկու կողմէ ալ կային վատ տիպի մարդիկ, որոնք դրութիւնը կը բարդացնէին: Ասպէս, տեղացու եւ տաճկահայի միջեւ կը ստեղծուէր հակամարտութիւն մը:

Ուրիշ պարագայ մը, որ իր բարոյական կողմէն հրահրեց տաճկահայ եւ ռուսահայ տարբերութիւնը: Առաջի ամիսներուն, երբ բազմահազար գաղթականութիւնը լեցուած էր Կովկաս, ու ենթակայ էր գաղթականական բազմաթիւ մարմիններու խնամքին, մենք ականատես կ’ըլլայինք շարք մը արարքներու, որոնք դառնութեամբ կը լեցնէին շատերու սրտերը: Այսպէս. օգնութեան հասնող մարմիններու հարիւրաւոր պաշտօնեաներն իրենց կարելի զոհողութիւնը կ’ընէին ժողովրդի կարիքներուն ընդառաջելու, սակայն կային նաեւ անբարեխիղճ պաշտօնեաներ, որոնք կը յիշեցնէին թրքական ժանտարմի կոպտութիւնները: Կային նաեւ շատ մը լաւ վարիչներ, բարի ու ազնիւ, սակայն չէին ճանչնար տաճկահայ ժողովուրդը. ու շատ անգամ, լարուած ու ջղային աշխատանքի ընթացքին կ’ըլլային խիստ ու կոպիտ, որմէ կը տուժէին յաճախ անմեղներն ու շատ ափսոսները: Շատ անգամ մտրակի եւ բռունցքի հարուածներու տակ ամբոխը հեռացած է այսինչ կամ այնինչ կայանի առջեւէն: Երբեմն բռունցքին ու մտրակին ենթակայ եղած է անմեղ կայնած մարտ մը, ցնցոտիներու մէջ, ոտքը բոպիկ, խոնարհ: Կիսակիրթ կառավարիչը, կամ օգնականը, «խօսք չէ՞ք լսեր, անբան անասուններ, աւանակներ… եւն.», ու հրմշտուքով վռնտած է այդ մարդը, որ գիւղի մը ուսուցիչն եղած է, կամ դպրոցի մը տնօրէնը: Աչքովս տեսած եմ թէ ի՞նչպէս սննդատու կայանի մը մօտ գտնուած ծառի տակ երկնցած մարդ մը աքացիի հարուածներ ստացած է, որ թողնէ հեռանայ ծառի շուքէն, ուր ժողովուրդը պէտք չէր խռնուեր: Այդ հարուածներու հետ, անշուշտ համով հոտով հայհոյանքներ ալ կը շարուէին: Մինչդեռ կը ստուգէինք որ տասնեակ մը տարի կռուած յեղափոխական զինուոր մըն էր: Փոշոտած ու գաղթական, վիրաւոր ու անուժ, այդ անասելի ժխորին մէջ կորսուած, բաղդ կը մուրար իր եղունգը չարժող մտրակաւորէ մը…

Բացասական բաներ աւելի շատ մարդոց միտքը կը մնան եւ կիրքը կ’աւելցնեն, քան դրական գործերը: Արարատեան հայ գիւղացիութիւնը տասնեակ միլիոն ռուբլու զոհողութիւններ ըրաւ տաճկահայ գաղթականութեան պահպանման համար: Իսկ գաղթականական մարմինները կրցան հասարակական միջոցներով քանի մը միլիոն ռուբլու անմիջական օգնութիւն հասցնել հոծ բազմութեան մը: Բազմաթիւ գործիչներ իրենց անձը զոհեցին, հիւանդացան ու մեռան, մնալով գաղթականութեան մէջ, իրենց պարտականութեան գլուխը: Եւ սակայն բացասական երեւոյթներն իրենց դերը կատարեցին. ստեղծուեցաւ տհաճելի մթնոլորտ մը, որ երթալով տարածուեցաւ մտաւորականութեան վրայ, դարձաւ պաշտօնի խնդիր, խտրականութեան խնդիր: Օգնութեան գործի կազմակերպութեան եւ տաճկահայերու մասնակցութեան հարցը հրապարակ եկաւ: Գաղթականականգործը խստօրէն քննադատուեցաւ: Ու այսպիսով սովորական դարձաւ տաճկահայ-ռուսահայ տարբերութիւն տեսնել շատ մը երեւոյթներու մէջ, որոնք երբեք կապ չունէին այդ հակամարտութեան հետ եւ աւելի անձնական դրդապատճառներ ունէին:

Յետագայ տարիներուն, մանաւանդ Կովկասի մէջ, այդ մտայնութիւնը սաստկացաւ. բայց Հայաստանի հանրապետութեան հիմնադրութենէնյետոյ կամաց կամաց մեղմացաւ, կարելի է ըսել վերացաւ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.