Ս. Ծննդեան Տօնին Առթիւ՝ Երեսփոխան Պրայըն Մէյ Կ’այցելէ Ս. Նշան Եկեղեցի եւ Գէյմրիճի Հայ Կեդրոն

Կիրակի, 7 Յունուար 2017-ին, Ս.Ծննդեան տօնին առթիւ, Գէմպրիճի Ս. Նշան Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ Գանատա-Հայաստան Խորհրդարանական Խմբակցութեան ատենապետ եւ Գէմպրիճի ընտրատարածքը ներկայացնող՝ Երեսփոխան Պրայըն Մէյ, որ վերջերս ընտրուած էր որպէս խմբակցութեան նոր ատենապետ:
Պատարագի աւարտին, երեսփոխան Մէյ հաւատացեալներուն ընթերցեց Վարչապետ Թրուտոյի կողմէ հրապարակուած յատուկ շնորհաւորական ուղերձը, ուղղափառ բոլոր եկեղեցիներու Ս.Ծննդեան տօնին առթիւ:
Պատարագէն ետք, Մէյ նաեւ իր մասնակցութիւնը բերաւ եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած Ս. Ծննդեան ճաշկերոյթին, ուր նաեւ առիթը ունեցաւ զրուցելու համախմբուած բազմութեան եւ շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներուն հետ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.