Սփիւռքահայ Երիտասարդներու Աջակցութեամբ Արարատի մարզի Ջրաշէն Գիւղին ՄԷջ Մանկապարտէզ Մը Բացուած Է

Աւելի քան 25 տարի անց Արարատի մարզի Ջրաշէն գիւղին մէջ մանկապարտէզ մը բացուած է: «Ծրագիրն իրականացուցած են ԱՄՆ-էն, Լիբանանէն, Սուրիայէն եկած երիտասարդները` տեղացի երիտասարդներու օգնութեամբ:

«Թաքնուած ճանապարհ նախաձեռնութիւն» կազմակերպութեան երիտասարդները նախագիծին վրայ ծախսած են 2 տարի ժամանակ։ Գաղափարին հեղինակը Լոս Անճելըս բնակող Յասﬕկ Պաղտասարեանն է, որ սկսած է գումարը ընկերներուն հետ հաւաքել տարբեր դրամահաւաքներու ﬕջոցով:

««Թաքնուած ճանապարհ նախաձեռնութիւն» կազմակերպութիւնը ստեղծելու ﬕտքը յառաջացած է 2009-ին, երբ խումբի ղեկավար Նանոր Պալապանեան՝ կամաւորական աշխատանքով ﬔկնած էր Գեղարքունիքի մարզի Ախպրաձոր համայնք` երեխաներուն համար ամառնային ճամբար կազմակերպելու: Այստեղ, անոր ջանքերով բացուած է համակարգչային սենեակ` ապահովելով հեռաւոր ու վատ ճանապարհներով գիւղին համար կապ աշխարհի հետ: Ծրագիրէն ետք որոշած է օգնել միւս թաքնուած համայնքներուն: Այսպէս, յատկապէս, ԱՄՆ բնակող ուսանողներով հիﬓեցին կազմակերպութիւնը»,- կ´ըսէ Յասﬕկը:

«Թաքնուած ճանապարհ նախաձեռնութիւն» կազմակերպութեան անդաﬓերը, «Ալֆա Կամա Ալֆա» կազմակերպութեան անդաﬓերուն հետ հաւաքած են անհրաժեշտ 9000 տոլար, որուն շնորհիւ առանձնացուցած ու նորոգած են համայնքի ﬕջնակարգ դպրոցի 2 սենեակ:

Մանկապարտէզը կը սպասարկէ 30 երեխաներու, 3-6 տարեկան: «Մանկապարտէզին երկար  սպասած ենք, չէինք յաջողեր կառուցել՝ համայնքի պիւտճէին սղութեան պատճառով, ստիպուած երեխաներուն Նուպարաշէնի, Մխչեանի ու մօտակայ այլ համայնքներու մանկապարտէզներ կը տանէին»,- կ´ըսէ Ջրաշէն համայնքի ղեկավար Արտեոմ Ղազարեանը:

Մանկապարտէզը արդէն կայ, բայց այլ համայնքներու մանկապարտէզներէն ամբողջութեամբ հրաժարած չըլլար, Ջրաշէնի մէջ մանկապարտէզային տարիքի աւելի քան 80 երեխայ կայ: Համայնքի ղեկավարը յոյս ունի, որ յառաջիկային հնարաւորութիւն պիտի ստեղծուի ընդլայնելու մանկապարտէզին տարածքը եւ ընդունելու բոլոր ցանկացողները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.