Սպասելով մեր օրերու մտրակ շաչեցնող հայ նազովրեցիին

      Յ. Պալեան

     ԻՆՉՈ՞Ւ Հայեւթուրք բանակցութիւններուն մէջ հայրենահանուած եւ իրենց հողէն արմատախիլ եղած հայերը եւ դեռ հոն ու դուրսը պատանդ եղող հայերը խօսքի իրաւունք չունի՞ն, տէր ըլլալու համար իրենց ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ:

            Հայկական Հանրապետութիւնը եւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կը բանակցին:             Բանակցութիւններէն Սփիւռքը ակնկալութիւններ ունենալու իրաւունք ունի՞:

            Սփիւռքը, հայրենահանուած ժողովուրդի իրաւունքով ինչո՞ւ չի պահանջեր բանակցութիւններուն ոrպէս իրաւատէր մասնակցելու իրաւունք:

            Հայկական սփիւռքը հայ ժողովուրդն է, անոր կէսէն աւելին, իր հայրենիքէն հայրենահանուած է, իր հայրենիքը իրմէ խլուած է, այդ ժողովուրդի անդամները ժառանգորդներն են իրենց հայրերէն եւ ընտանիքներէն բռնագրաւուած ինչքերու, կալուածներու, հողերու, դրամատնային գումարներու, հարստութիւններու, եկեղեցիներու, վանքերու, տուներու եւ մշակութային ժառանգութեան:

            Մինչեւ այսօր, հայրենահանուածները չեն հրաժարած իրենց անհատական եւ հաւաքական-ազգային իրաւունքներէն, Հայ եկեղեցին չէ հրաժարած իր վանքերէն: Եւ դեռ մէկ ու կէս կամ երկու միլիոն կոտորուած եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած  անհատներու դէմ գործուած ոճիրներու դատի, դատապարտութեան եւ հատուցման խնդիրը իր լուծումը չէ գտած, այդ դատէն, յանուն, ժողովուրդին, հրաժարելու ո՛չ ոք լիազօրութիւն ունի, ո՛չ անհատներ եւ ո՛չ հաւաքականութիւններ լիազօրութիւն չեն տուած ո՛չ ոքի:

            Բնական է որ ժողովուրդներ, երկիրներ, պետութիւններ խօսին իրարու հետ, բանակցին: Այդ պէտք է ընեն արդարութեան հասնելու, տարակարծութիւններ հարթելու, արդարութիւն հաստատելու համար, որպէսզի իրաւունքը ընդունուի եւ համագործակցութիւնները ունենան իրաւութիւն:

            Այսինքն՝ բանակցութիւնները հզօրին, չարաշահողին, մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրները պատմութեան մոռացման տոմարներուն մէջ արձանագրելու թատրոն պէտք չէ ըլլան, այդ ընելու համար հզօրները զէնքի ուժով տիքթաթի հանդէս պէտք չէ սարքեն: Այդ Տիքթաթին ենթարկուելու լիազօրութիւն – մանտատ – ոչ ոքի չեն տուած ցեղասպանուածներու եւ հայրենահանուածներու ժառանգները:

Ազգի եւ անոր անդամներու իրաւունքներէն հրաժարիլ, զանոնք ուրանալ, դաւաճանութիւն է: Պէտք է բանակցիլ ոչ թէ անձնատուր ըլլալու համար, այլ միասնաբար յանգելու իրաւախոհութեան, օրէնք եւ բարոյական սկզբունք յարգելով:

            Ինչպէ՞ս կրնանք մտածել եւ երեւակայել, որ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններուն սփիւռքէն, հայրենահանուածներէն, արեւմտահայերէն ոչ ոք կայ բանագնացներու շարքին, երբ անոնք ազգի կէսէն աւելին են այսօր, նաեւ, ինչպէ՞ս չզարմանալ, որ հայկական սփիւռքը ոչ իսկ մէկ պատգամաւոր ունի Հանրապետութեան իշխանութեան օղակներուն մէջ:

            Սփիւռքի անտեսումը կ’ամլացնէ հայրենահանուածներու գիտակցութիւնը եւ Հանրապետութիւնը կը զրկէ ազգի աւելի քան կէսի նեցուկէն, եւ ան կը ստիպուի խօսելու միայն Հանրապետութեան երեք միլիոնի անունով, մինչ ազգի համրանքը առնուազն երկու երեք անգամ աւելի է, թերեւս չորս անգամ: Հանրապետութիւնը ոչինչ կը շահի ազգի այդ զանգուածը դատապարտելով տուրիստի եւ բարի Սամարացիի դերին: Ինքզինք կը զրկէ ուժ դառնալու հնարէն:

                        Երբեմն հերետիկոս համարուելու յանդգնութեամբ պէտք է խօսիլ: Հայաստանի ներկայ Հանրապետութեան կառավարութիւնը համայն հայութեան ներկայացուցչութիւ՞ն է, է՞ Արցախի եւ Սփիւռքի: Առանց այս յստակացման այնքա՜ն ճառերու նիւթ եղած մէկ ազգ մէկ հայրենիք կարգախօսի աղմուկը փուչիկ է: Անմիջականութիւնը այն է, որ հայեւթուրք բանակցութիւններու ընթացքին պիտի վճռուի Արցախի հայկական լինել-չլինելը, բայց Արցախը ինչպէ՞ս ներկայ է, կամ պիտի ըլլայ, այդ բանակցութիւններուն: Արցախի ժողովուրդը, նաեւ Ցեղասպանութենէն, հայրենահանումէն, կողոպուտէն եւ իր հայրենիքի բռնագրաւումէն ետք, սփիւռքացած հայ ժողովուրդը պիտի ընդունի՞ հայեւթուրք բանակցութիւններու թատրոնի օրակարգին մէջ չտեսնել իրենց իրաւունքները:

            Հայաստանի Հանրապետութիւնը անդամահատուած Հայաստանի մէկ բեկորն է, անոր բնակչութիւնը փոքրամասնութիւնն է ազգին: Ազգի մեծամասնութիւնը ո՞ւր եւ երբ լիազօրած է հանրապետութիւնը ամբողջի անունով թշնամիին պահանջները ընդունելու:

            Համահայկական ժողով… Ի՞նչ օրակարգով եւ ո՞ր լիազօրներով:         Հանրապետութիւնը ի՞նք պիտի հրաւիրէ մասնակիցները: Իսկ առանց իրաւասու եւ իրաւատէր ներկայացուցչութեան, փառքի վաշխառու ջոջական «տուրիստներ»ով ժողով պիտի գումարուի եւ պիտի պահանջուի նահանջերուն համախոհութիւն յայտնել, կրկնելով «փեչատել»ու սովորութիւնը: Ժողովը պիտի զբաղի՞ բռնագրաւուած Հայաստանով, պիտի զբաղի՞ հոն մնացած մնացորդացով, որ ազգի մաս է:

            Հայեւթուրք բանակցութիւններու օրակարգը ճանապարհներու բացումէն տարբեր ի՞նչ օրակարգ ունի: Օրուան իշխանութեան հրաւիրած-կազմակերպած Համահայկական ժողովի օրակարգը ե՞րբ կը հրապարակուի, այդ ժողովին մասնակցողները ի՞նչ ներկայացուցչութիւն ունին: Միթէ՞ զանազան բնոյթի երեւելիութիւնները,- դրամի, տիտղոսի, հաւատարմութիւններու, քաղաքականութեան եւ ազգային ծառայութեան փորձ չունեցող օտար աշխարհներու բեմերու ազգին հետ կապ չունեցող աստղե՞ր պիտի որոշեն, ազգին եւ հայրենիքի հանրապետութիւն բեկորին գալիքը:

            Աւելի պարզ. Հանրապետութիւնը անձնատուութեա՞ն պիտի յանգի, փակագիծի մէջ դնելով ազգի ամբողջութիւնը եւ նախնիներու ժառանգութիւնը:

            Կացութիւնը այդպէս է, ինչպէս դիտել տուած եմ, այլ առիթներով, որ Հանրապետութեան քաղաքական օղակներուն մէջ Ազգի մեծամասնութիւնը անգիտացուած է, բացակայ է, կացութիւն՝ զոր բնորոշած էր տխրադէմ «նախագահ մը, ըսելով  որ «Հայաստանի քաղաքականութիւնը կ’որոշուի Հրազդանի ափին»:   Հարցում. Հանրապետութեա՞ն, թէ՞ Հայաստանի, եւ հայրենահանուած հայութեան:

            Ըսած էր նաեւ,  որ «սփիւռքի մէջ կը նշանակեն իրենց ներկայացուցիչները եւ անոնց միջոցաւ կը կառավարեն սփիւռքը»…

            Հանրապետութիւնը փոխանակ ըլլալու միացման կամուրջ, կը ծառայէ պառակտումներու բազմապատկման, ազգային հիմնականի անտեսման, եւ ինչո՞ւ բարեմիտ ըլլալ եւ չըսել իշխանատենչութեան եւ իշխանութիւնը ի գին ամէն բանի պահելու հակաժողովրդավարական եւ մենատիրական մղումներով փառասիրութեան, եւ այս բոլորը՝ հակառակ պարտութեան եւ հազարաւոր զոհերու:

Հիմա Հայաստանի Հանրապետութեան կ’ուզեն յաղթականի եւ զէնքի ուժով պարտադրել հաղորդակցական ազատ միջանցքներ զիջիլ հայկական Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքով: Փոխադարձութեան հիմունքով ինչու՞ դէպի Սեւ Ծով միջանցք մը չտալ Հայաստանի Հանրապետութեան: Եւ քանի որ կը խօսուի սահմանագծումներու մասին, ինչո՞ւ օրակարգ չ’ըլլար Նախիջեւանը, որ  ինքնավար հայկական մարզ էր Ատրպէյճանի մէջ եւ ամբողջովին իւրացուած է Ատրպէյճանի կողմէ: 

            Այս մտորումներով տարուած էի, երբ դարակներուս մէջէն մոռցուած եւ շրջանակուած լուսանկար մը յայտնուեցաւ: Աւելի քան վեց տասնամեակի հնութիւն է պատկերը, բայց միշտ կիզող նորութիւն, մանաւանդ՝ մեր ներկայի պարտութիւններու, նահանջներու եւ խարխափումներու մթնոլորտին մէջ:

            Պէյրութէն լուսանկարիչ  ՇԻՐԱԶ այցելած էր բռնագրաւուած Հայաստան, ուր հայեր ապրած էին, հոն ցեղասպանուած, ուրկէ հայրենահանուած էին: Կարծէք այդ բոլորը, այսօր, Հանրապետութիւնը կ’անգիտանայ, եւ միշտ իր կացութեան պատշաճող գերաճող-յոգնակիացող Սփիւռքը, ինքնամխիթարութեան համար միութիւններ կը ստեղծէ, երեւելիութիւններ կը բազմապատկէ:

            Լուսանկարը մեր պատմութիւնն է, մենք ենք մեր ներկան: 

            Սասուն:

            Լուսանկարին վրայ կային ՀԱՅԵՐ, որոնց համար ժամանակը կանգ առած էր: Անոնք պատգամ մը փոխանցած էին: Այսօր չհինցած-չհինցող հարցում մնացող պատգամ մը:

            Պէտք է ուշադրութեամբ դիտել լուսանկարի հայերու խումբը, խօսուն պատկեր մը:

            Հայեր են անոնք, հայեր՝ ինչպէս Երեւանի, Պէյրութի, Փարիզի, Մոսկուայի, Նիւ Եորքի կամ Լոսի հայերը: Նայուածքս գամուած կը մնայ պատշգամի պէս տեղ մը կանգնած հայերու խումբին վրայ: Թուականը՝ 1967:

          Վկայութիւն մը:

            Արձանագրուած է հետեւեալը.

            Սասուն. Պատմական Հայաստանի Ծովասար լերան Բշուտ գիւղի հայեր, Քէշիշեան ընտանիք: Կը խօսին իրնց Սասնայ գաւառաբարբառ մայրենի լեզուով: Մօտ 1500 հայեր կը գոյատեւեն տակաւին: Հարցուցին թէ՝ թագաւոր, Կաթողիկոս ունի՞նք…

            Այս 1967-ին էր: Այսօր բնական աճով քանի՞ է անոնց թիւը, ո՞ր տոկոսը մնացած է Ծովասարի Բշուտ գիւղը, դեռ կը խօսի՞ն իրենց մայրենի բարբառը, թէ իրենք ալ կուլ գացած են պարտադրուած պատշաճեցման եւ անոր հետեւանք՝ անհետացման:

            Ին՞չ ըրած է եւ ի՞նչ կ’ընէ հայկական Հանրապետութիւնը վերջնական անհետացումէ փրկելու համար Ծովասար լերան հայկական հարազատ մնացորդացը: Ի՞նչ ըրած են եւ ի՞նչ կ’ընեն  սփիւռքները, իրենց միութիւններով, գեղակառոյց սրահներով, օր աւուր աճող նոյնքան գեղակառոյց եկեղեցական շէնքերով:

            Այս օգնութեան եւ զօրակցութեան կոչը ըրած են անոնք, Ծովասար լերան սասունցիները, հարցնելով, թէ՝ թագաւոր, կաթողիկոս ունի՞նք:

            Այսինքն՝ իրենցմով եւ ազգով հետաքրքրուող ղեկավարութիւն ունի՞նք:

Եթէ այսօր լուսանկարի ՔԷՇԻՇԵԱՆ ՏՈՀՄի ԱՒԱԳԸ ուղղէր նոյն հարցումը, ի՞նչ պատասխան պիտի տայինք: Պիտի ըսէի՞նք, որ ունինք բազմաթիւ առաջնորդներ բայց իրենցմով զբաղող առաջնորդութիւն չունինք: Ունինք տիտղոսներու, անհատական փառքի եւ շահերու անխոնջ մարտիկներ: Անոնց պէտք է որպէս լուսաբանական պատասխան ղրկել բանաստեղծ Գէորգ Էմինի ամբաստանագիր բանաստեղծութիւնը, որպէս շարունակուող անզօրութեան խոստովանութիւն:

            Բայց ո՞վ լսած է եւ կ’ուզէ լսել բանաստեղծը, որ չի խուսանաւեր, չի շահագործեր, վարակուած չէ իշխանատենչութեամբ, որ հաստ քսակ չունի, չէ ունեցած, «նախագահ» չէ եղած, տիտղոսներ չէ ունեցած: Կրկին եւ կրկին բարձրաձայն ընթերցել եւ բարձրաձայնել Էմինը, Հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ).


Մենք գահ ու թագ չենք ունեցել,
Եւ… արքայ է ամէն մի հայ.
Զօրք ու բանակ չենք ունեցել,
Եւ… սպայ է ամեն մի հայ.

Ամէն մի հայ լերան մի ծերպ,
Ամէն մի հայ ուրոյն մի կերպ,
Ամէն մի հայ մի Հայաստան
Բաժանբաժան,
Անմիաբան,
Զատուա՜ծհատուա՜ծ,
Եւ սակայն մի´,
Երբ սպառնում է թշնամին
Մեր դարաւոր անմահ երթին,
Եւ այս ժայռին թառած բերդին,
Որ Հայրենիք ենք անուանում

            Թուրքիան հիւպատոսարան բացաւ Շուշի…

            Մեր Հանրապետութիւնը կրնա՞յ հիւպատոսարան բանալ Ծովասար, լսելու համար Բշուտի սասունցիները, որոնք թագաւոր եւ կաթողիկոս փնտռած են:

Իսկ մենք, ներսը եւ դուրսը, արդիականացած, կը թափառինք մէկ օդանաւէ միւսը ցատքելով, ժողովներ գումարելով եւ համացանցը կ’ողողենք անհամար լուսանկարներով:

            Արդիականացած ենք, օդանաւէն հազիւ իջած… շոփինկի կը վազենք…

Ուրիշ Ի՞նչ կրնան ընել զօրք ու բանակ չունեցող այրեր եւ կանայք… եթէ ոչ միայն իրենց պատկերներով եւ խօսքերով զբաղեցնել միամտացած ամբոխները եւ… ծափահարուիլ եւ ծափահարել:

            Շատ սիրած եմ Աւետարանի մտրակ շաչեցուցած Նազովրեցին, որ Տիրոջ Տունէն վտարած է փերեզակները:

            Հարկ է ազգային իմաստութիւն յառաջացնելու համար, մեծերուն եւ պզտիկներուն ուսուցանել Նազովրեցիին մտրակի Աւետարանի էջը…, որ իզմ եւ իստ չէ, հեռատեսիլէն եւ բեմերէն ինքնագոհութեան նիզակ ճօճելու խաղ չէ…

            Մի՛շտ՝ ներսը եւ դուրսը:

            Ծովասարի ՝Բշուտ գիւղով եւ անոր մայրենի բարբառով խօսող գիւղացի հայերով ո՞վ զբաղած է եւ … կը զբաղի… Անպատասխան մնալու դատապարտուած հարցում մը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.