«Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին գծով՝ անարդար կը գտնենք եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարանի մօտեցումը». Արամ Ա. Վեհափառ

ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

 

Այս առաւօտ, Պրիւքսէլի մէջ գտնուող Եւրոպայի Խորհրդարանի սրահին մէջ, Հայ Դատի եւրոպական գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած համագումարի բացման նիստին, իր պատգամը ուղղելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը խիստ կերպով քննադատեց Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարանի հապճեպ ու անարդար մօտեցումը Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին գծով։

Արդարեւ, երեք կէտերէ բաղկացած իր պատգամին սկիզբը, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ հակառակ թուրք պետութեան զօրեղ ու նոյնիսկ սպառնացող հակազդեցութեան, ինչպէս նաեւ կարգ մը երկիրներու աշխարհաքաղաքական շահերէ մեկնած վերապահութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացքը կը շարունակուի։ Երկրորդ կէտին մէջ Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան հատուցման հարցին։ Յիշելով միջազգային օրէնքին տրամադրութիւնները այս գծով, ան շեշտեց, թէ ճանաչում կ՚ենթադրէ նաեւ հատուցում։ Ան ըսաւ, որ ներկայ Թուրքիան շարունակութիւնն է Օսմանեան Կայսրութեան. հետեւաբար, ան չի՛ կրնար ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ անտեսել հատուցումը։

Իր պատգամի երրորդ կէտին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատը թուրք պետութեան մօտ՝ պահանջելով Սիսի Կաթողիկոսարանին վերադարձը։ Ան նախ յայտնեց, որ մի քանի տարիներ առաջ նամակ գրած է Նախագահ Էրտողանին՝ պահանջելով Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձը իր իրաւատիրոջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթոէիկոսութեան։ Իր նամակը անպատասխան մնալով, Կաթողիկոսարանը Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ դատ է բացած։ Այս վերջինս մերժած է քննել դատը՝ ընդառաջելով Թուրքիոյ Արդարութեան Նախարարութեան թելադրանքին՝ անհիմն իրաւական հիմնաւորումներով։ Հետեւաբար, աւելցուց Վեհափառ Հայրապետը, ստիպուած եղանք դիմելու Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարան, որպէսզի մեկնելով իր սկզբունքներէն արդար լուծում մը տայ մեր դատին։

Ապա Նորին Սրբութիւնը աւելցուց. «Մեծ եղաւ մեր եւ մեր իրաւական յանձնախումբին անակնկալը, երբ Եւրոպական Դատարանին կողմէ դատաւոր մը մերժեց ընդունիլ մեր դատին քննութիւնը՝ հակառակ իրաւական յանձնախումբին կողմէ կատարուած երկիցս դիմումնագիրին»։ Վեհափառ Հայրապետը իր զարմանքը յայտնեց՝ ըսելով. «Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ միջազգային իրաւագէտներու ու Եւրոպական Դատարանի մասնագէտներուն կողմէ պատրաստուած աւելի քան 900 էջերէ բաղկացած եւ պատմաիրաւական լուրջ հիմնաւորումներով ներկայացուած թղթածրարի ընդունելիութիւնը մերժուի անհատ դատաւորի մը կողմէ։ Միջազգային դատաւարական օրէնքներու համաձայն, դատաւորը պարտաւոր է լսել դատահայեացը։ Արդ, ինչպէ՞ս կը մերժուի նման խնդրանք մը։ Ինչպէ՞ս Եւրոպական Դատարանը կը թելադրէ դատը յղել Թուրքիոյ դատարանները, քաջ գիտնալով, որ հարիւրաւոր դատաւորներ, փաստաբաններ, նոյնիսկ սահմանադրական դատարանի պատկանող եւ Սիսի Դատի իրաւական յանձնախումբին պատկանող փաստաբաններ բանտարկուած են։ Մարդկային իրաւունքներու ջատագով Եւրոպական Դատարանը ինչո՞ւ ճշմարտութենէն ու արդարութենէն հեռու կը մնայ՝ մերժելով նոյնիսկ մեր դատին ստանձնումը։ Այս երեւոյթը ընդվզում կը յառաջացնէ հայ ժողովուրդին մօտ, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան ու կը պայքարին արդարութեան ու մարդկային իրաւանց համար»։

Շարունակելով իր խիստ քննադատութիւնը, Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Եւրոպա մարդկային իրաւունքներու ջերմ հաւատացող համայնք մըն է. հետեւաբար, ան արդարութիւնը պէտք է վեր նկատէ բոլոր տեսակի աշխարհաքաղաքական նկատումներէ»։ Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց վերատեսութեան ենթարկելու դատը եւ ապա շեշտեց. «մեր ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր պայքարը ի խնդիր արդարութեան եւ մենք պիտի հետապնդենք Սիսի Կաթողիկոսարանի դատը թէ՛ թրքական դատարաններուն մօտ եւ թէ Եւրոպական Դատարանէն ներս»։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.