Սարգիս Զէյթլեան Դաշնակցական Խմբագիրը, Գործիչը, Ղեկավարը

ՅԱԿՈԲ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ

Մարտի ամպամած ցուրտ օր մըն էր, խենթ քամի մը կը փչէր, երբ երեկոյեան գործէս վերադարձայ:

Հազիւ տուն մտած` հեռաձայնը հնչեց: Մայրս էր, հարց կու տար, թէ այդ օր առաւօտ Պուրճ Համուտի մէջ պատահած ոճիրէն տեղեա՞կ էի, արդեօք յաւելեալ մանրամասնութիւններ ունէի՞, թէ հօրաքրոջ թոռը` Պուրճ Համուտի ծանօթ գոհարավաճառ Հրանդ Քիւրքճեանը իր գործատեղիին մէջ սպաննուած էր:

Պատասխանեցի, որ պատահած ոճիրէն տեղեակ չէի` խոստանալով անմիջապէս հետաքրքրուիլ եւ զինք տեղեակ պահել:

Պատահած ոճիրին մասին հարցնելու եւ մանրամասնութիւններ ունենալու համար անմիջապէս հեռաձայնեցի Երուանդ Մոնոֆարեանին, որ ԿԿ-ի հերթապահն էր: Ընկ. Երուանդը մտահոգ ու ձայնի ծանր կշռոյթով մը ըսաւ.

– Այդ ոճիրին կողքին ծանրակշիռ եւ հրատապ այլ խնդիր ալ կայ. ընկ. Սարգիսը մէջտեղ չկայ, շուտ «Սարդարապատ» եկուր, ժամը 7:00-ին ԿԿ-ը եւ երեսփոխանական պլոքը բացառիկ նիստի հրաւիրած եմ, հեռաձայնով երկար չխօսինք, ունեցած տեղեկութիւններս ժողովին կը փոխանցեմ:

Անձկութիւն մը պատեց զիս: Մտաբերեցի ընկ. Մարուխեանին մէկ արտայայտութիւնը, որ առիթով մը ինծի ըսած էր. «Սարգիսին կ՛ըսեմ կոր, որ քալելով տունէն ակումբ չգայ, որ` ընկերակիցը իբրեւ վարիչ չգործածէ, որ` այս օրերուս բոլորս անխտիր թիրախ ենք, մտիկ չ՛ըներ կոր»:

Անմիջապէս ուղղուեցայ «Սարդարապատ» ակումբ` մտածելով, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թոհուբոհին մէջ լիբանանահայ գաղութը ծանր կացութիւններ կը դիմագրաւէ` ընկ. Աբոյի առեւանգում, ընկ. Էպլիղաթեանի մահափորձ, ընկ. Նշան Ճոզիկեանի առեւանգում, ընկ. Խաչիկ Պասմաճեանի սպանութիւն: Դէպքեր, որոնք կը յիշեցնեն կուսակցական պայքարներու հին օրերը, երբ առաջնահերթութիւնը այսօր գաղութի ապահովութիւնն է, հայութեան միասնականութիւնն ու Հայ դատի պայքարը:

Ինծի համար ընկ. Սարգիսը առեւանգողներուն հասցէն յստակ էր: Այդ մէկը Գաղտնի բանակի ծայրայեղ ձախակողմեան թեւն էր, որ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան ծայրայեղական խմբակներու հետ գործակցաբար` միջազգային գաղտնի սպասարկութիւններու գործակալ դարձած էր եւ Դաշնակցութիւնը հարուածելով` կը միտէր ոչ միայն տկարացնել սփիւռքի կարեւորագոյն գաղութը, այլեւ` արգելակել Հայ դատի հետապնդումը:

Քշած ատենս կը մտածէի հակադարձ միջոցներու կարելիութիւններուն մասին, որպէսզի կարենայինք ընկ. Սարգիսը ազատել: Նման խառն մտքերով Պուրճ Համուտի մութ փողոցներով մտայ «Սարդարապատ» ակումբ, ուր արդէն ներկայ էին ընկ. Երուանդը, ընկ. Ազնաւորեանն ու տոքթ. Մանուկեանը:

Ընկ. Ազնաւորեանի դէմքը իր սովորական, անժպիտ, խիստ ու լուրջ բնոյթը ունէր: Ընկ. Մոնոֆարեանը սիկարեթ կը ծխէր` ջղային իւրայատուկ մտահոգութեամբ, որ իր մօտիկները միայն կրնան տեսնել ու կռահել:

Քիչ ետք հասան ԿԿ-ի միւս ընկերները, Լիբանան գտնուող Բիւրոյի ընկերն ու պրն. Խաչիկ Պապիկեանը:

Նիստը բանալով` ընկ. Երուանդը զեկուցեց, որ ժամը 4:30-ի մօտերը Սագոյին (Սարգիսեան) կինը` Զուարթը, իր գրասենեակը հանդիպած է ըսելու համար, որ ընկ. Զէյթլեանենց տունէն կու գայ եւ յայտնած` տիկ. Սոնային մտահոգութիւնը, թէ ընկ. Սարգիսը կէսօրին ճաշի համար տուն չէ գացած եւ մինչեւ այդ ժամը անկէ ոչ մէկ լուր ունի:

Ընկ. Երուանդը հեռաձայնած է «Դրօշակ»-ի խմբագրական կազմի տղոց եւ անոնցմէ հաստատած, որ այդ առաւօտ ընկ. Սարգիսը գրասենեակ չէ գացած: Ընկերները ընկ. Սարգիսի բացակայութիւնը նկատած են, սակայն մտածելով,  որ այդ մէկը այլ զբաղմունքի պատճառով կրնայ ըլլալ, չեն մտահոգուած: Ընկ. Երուանդ նաեւ կարելիութիւնը ունեցած է հեռաձայնային կապով խօսիլ տիկ. Սոնային հետ, որ փոխանցած է կարգ մը տեղեկութիւններ, յատկապէս` շէնքի պահակէն քաղուած:

Շարունակելով զեկուցումը` ընկ. Երուանդը ըսաւ, որ առեւանգումը կատարուած է Ճեմարանի մուտքէն քիչ առաջ, ՀՄԸՄ-ի ակումբ տանող Տաուտ Փաշա ճամբուն վարի անկիւնը: Ըստ ականատեսներու, որոնցմէ մէկը` մօտակայ խանութպան մը, երկու ինքնաշարժներ առաւօտեան ժամը 9:30-10:00-ի ատենները ընկ. Սարգիսի ինքնաշարժին առջեւը կտրելով` ստիպած են, որ իրենց հետեւի եւ Հիւսէյն Պէյհում փողոցով ուղղուած են դէպի մզկիթի ուղղութեամբ:

Զեկուցումի լոյսին տակ տեղի ունեցաւ կարծիքներու լայն փոխանակում: Շրջանին մէջ գործող կազմակերպութիւններուն թիւը մեծ էր` պաղեստինեան այլազան հոսանքներու խմբաւորումներ, ղովմիներ, համայնավարներ, յառաջդիմականներ: Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր բազմաթիւ ճիւղաւորումներ, որոնք յաճախ կը գործէին իրենց կեդրոնէն անկախ: Առեւանգումը կրնար կատարուած ըլլալ այս ճիւղաւորումներէն որեւէ մէկուն կողմէ, որոնց հետ մեր յարաբերութիւնները վերիվայրումներ ունէին:

Առաջարկուեցաւ խօսիլ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Փիեռ Ժեմայէլի հետ` գիտնալու համար, թէ իրենց գաղտնի սպասարկութիւնները արդեօք որեւէ տեղեկութիւն ունէի՞ն կատարուած առեւանգման մասին, ինչպէս նաեւ` տեսակցութիւն մը ունենալ Ընկերվար- յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ: Յառաջդիմականները շրջանի ազդեցիկ գլխաւոր ուժը կը հանդիսանային եւ անպայման կրնային տեղեակ ըլլալ իրենց շրջանին մէջ կատարուած գործողութիւններէն:

Իմ կարգիս ձայն առնելով` արտայայտուեցայ, որ ցարդ կատարուած դէպքերու շղթան նկատի ունենալով` ընկ. Սարգիսի առեւանգումը պէտք է տեսնել Գաղտնի բանակին կողմէ կատարուած արարքներու շարքին, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք կարճ ժամանակ մը առաջ Պուրճ Համուտի մէջ, «Սարդարապատ» ակումբէն ոչ հեռու, կուսակցական երեք ընկերներու խանութներուն ականահարումը, ինչ որ նախանշան պէտք է նկատել այդ գործակալներու արարքներուն, եւ առաջարկեցի, որ ընկ. Սարգիսը կարենալ անմիջապէս վերադարձնելու համար պէտք չէ վարանինք մեր հասողութեան ծիրին մէջ գտնուող Գաղտնի բանակի անդամները «Սարդարապատ» ակումբ բերել, դիմակազերծել տեղական լրատուամիջոցներու ներկայութեան ու սպառնալ անոնց` պայմանաժամ տալով, որ ամենակարճ ժամանակամիջոցին ընկ. Սարգիսը ազատ արձակեն:

Առաջարկս կարգ մը ընկերներու եւ Բիւրոյի ընկերոջ կողմէ շատ ծայրայեղ թուեցաւ: Անոնք նման գործողութիւն մը կը նկատէին մեր կողմէ ներազգային համերաշխութեան պառակտումի նախաձեռնութիւն, որ կրնար ծանր հետեւանքներ ունենալ եւ նպաստել միջազգային ուժերու նկրտումներուն:

Այն ատեն ՀՅԴ ղեկավարութեան մօտ առկայ էր այն մտածողութիւնը, որ Գաղտնի բանակը կրնար սխալներ գործել եւ ունենալ տարբեր ուղի եւ գործելաոճ, սակայն ինքզինք իբրեւ հայկական շարժում նկատուող հաւաքականութիւն` չէր կրնար այնքան սնապարծ ու տհաս ըլլալ, որ իրենց հիմնական նպատակներէն շեղելով` հարուածէին հայեր, մանաւանդ` դաշնակցական ղեկավարներ:

Դաշնակցութիւնը պէտք էր մնար իր բարոյական սկզբունքներու բարձունքին եւ ըլլար զուսպ: Մեր հակազդեցութիւնները պէտք էր ըլլային կշռադատուած, հեռու` եղբայրասպան կռիւներէ, որովհետեւ հայութիւնը թեւակոխած էր քաղաքական հասունացման փուլ, եւ համազգային խնդիրներու համար ստեղծուած էր համահայկական մտածողութիւն, որ դրսեւորուած էր քաղաքացիական պատերազմի օրերուն հայկական կուսակցութիւններու կողմէ որդեգրուած քաղաքականութեամբ, եւ պէտք էր արգիլել, որ հայութեան այդ ազգային դրական կեցուածքը տժգունէր անպատասխանատու տարրերու գործունէութեամբ: Դաշնակցական ղեկավարութեան վերոնշեալ վարքագիծը պատճառ եղաւ, որ շատ սուղ վճարենք, որովհետեւ հայանուն գործակալներուն անարգ արարքները շարունակուեցան, եւ մենք կորսնցուցինք Սարգիս Ազնաւորեանի, Վիգէն Պետրոսեանի, Թաթուլ Սուրեանի, Վարդգէս Տէր Կարապետեանի, Լեւոն Պէրպէրեանի, Ներսէս Խուտավերտեանի, Յակոբ Պարսումեանի եւ Զաւէն Թաշճեանի նման արժէքաւոր ընկերներ:

Ընկ. Սարգիսը առաջին անգամ տեսած էի Ճեմարան, 1965-66 տարիներուն, երբ Օննիկ Մելիքսեթեանի մահէն ետք կարճ ժամանակ մը կը վարէր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գործավարութիւնը:

Ինչպէս ժողովրդական լեզուով կ՛ըսեն, ընկ. Սարգիսը «գունտ ու կլոր», ճաղատ գլխով, կլոր ու լեցուն դէմքով, հաստ ակնոցներով, անպաճոյճ հագուածքով անձ մըն էր: Յաճախած էր Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանը, ապա Նշան Փալանճեան Ճեմարանի հայագիտական բաժանմունքը` Լեւոն Շանթի եւ Սիմոն Վրացեանի տնօրէնութեանց օրով: 1954-ին հրաւիրուած էր Գահիրէ` «Յուսաբեր»-ի խմբագրակազմին մէջ իբրեւ Վահան Նաւասարդեանի օգնական: 1958-ին նշանակուած էր «Յուսաբեր»-ի խմբագիր եւ գործած` վաստակաւոր ընկերներ Գաբրիէլ Լազեանի եւ Բենիամին Թաշեանի կողքին:

Իբրեւ Ճեմարանի ուսանող, ապա «Յուսաբեր»-ի խմբագրական կազմի անդամ` ընկ. Զէյթլեան առիթը ունեցած էր մօտէն ծանօթանալու Շանթի, Վրացեանի, Նաւասարդեանի եւ այդ օրերու հեղինակաւոր բազմաթիւ մտաւորականներու, որոնց գաղափարական, քաղաքական ու կազմակերպական մտածողութիւնը կարեւոր եւ հիմնական ազդեցութիւն ունեցած էին իր գաղափարական կազմաւորումին ու ապագայ հասարակական գործունէութեան ուղին գծելու տեսակէտէն:

Ընկ. Սարգիսին հետ իմ ու ընկերներուս գործակցութիւնը կը սկսի 1967-ին, երբ ինք տակաւին «Ազդակ»-ի խմբագիր էր, իսկ ես, Սագօ Սարգիսեանն ու Վիգէն Յովսէփեանը (այժմ Քանատա)` Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչական: Այդ գործակցութիւնը անխափան շարունակուեցաւ մինչեւ իր առեւանգումը: Մինչ այդ մեր խմբակը ուռճացած էր Վաչէ Տարագճեանով ու Բենօ Թոնդեանով: Մեր գործակցութիւնը այնքան սերտ էր, որ նշեալներս կը ճանչցուէինք իբրեւ «Սարգիսի տղաքը»:

Այդ օրերուն ընկ. Սարգիսը գաղութին մէջ արդէն ճանչցուած հեղինակութիւն էր, մէկը` դաշնակցական գաղափարապաշտ, մտաւորական, ղեկավար այն սերունդէն, որ Երկրէն տարագրուած պատմական ղեկավարութեան տերեւաթափէն ետք ստանձնեց մեր կուսակցութեան գերագոյն պատասխանատուութիւնը:

Այդ շրջանին, աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր, կուսակցութեան ղեկավար դիրքերու տիրանալու համար ներկուսակցական պայքարներ կլանած էին Լիբանանի բոլոր շարքերը:

Տեղայնական նեղ հարցերու եւ լիբանանեան բարքերով առաջնորդուելու գործելաոճը դարձած էր համատարած սովորութիւն` կուսակցութիւնը հեռացնելով իր հիմնական առաքելութենէն ու գաղափարական եւ բարոյական սկզբունքներէն:

Դաշնակցութեան ղեկավարութիւնը ստանձնած այս նոր սերունդը ՀՅԴ 18-րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումները գործնականացնելով` հանդիսացաւ մեր կուսակցութեան վերանորոգման ու վերաթարմացման շարժումը նախաձեռնողը: Այս շարժումին մղիչ ուժը եղաւ ընկ. Սարգիսը, որ իր կորովն ու շունչը բերաւ Դաշնակցութեան գաղափարական ու քաղաքական մտքի բիւրեղացման, յատկապէս` իր գաղափարական հմտութեան, անհատականութեան, վճռակամութեան ու կազմակերպական կարողութիւններուն շնորհիւ:

Սփիւռքեան պայմաններու պատճառած այլասերիչ մթնոլորտին, սովորութիւններուն, մտածելակերպին ու տկարութիւններուն դէմ Դաշնակցութեան գաղափարական ու բարոյական աւանդներուն վերադառնալու աշխատանքը ճիգ, հետեւողականութիւն, ժամանակ, յարաբերականութիւն, նոր մտածելակերպ, նոր գործելաոճ ու մարդուժ կ’ենթադրէր: Կարելի չէր արագ ձեւով թաղային նեղ, տեղայնական հասկացողութեամբ ղեկավարուելու սովորութիւնները թօթափել եւ համահայկական մտահոգութիւնները իբրեւ տեսլական ունենալ, մանաւանդ որ այդ շրջանին Դաշնակցութեան ծրագիրը փոխարինուած էր մէկ էջնոց «Հաւատամք»-ով, որուն հիմամբ սերունդներ դաստիարակուած էին` անտեղեակ մեր ծրագրի ազգային, ընկերային, տնտեսական, վարչական ու կազմակերպական մտածողութեան:

Ընկ. Զէյթլեանի ներկայութեամբ պարբերաբար կը հանդիպէինք «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ընկերներէն մէկուն տունը: Ընկ. Զէյթլեանի կողքին կ՛ըլլային` Եդուարդ Բատոյեանը, Վռամ Եղբայրեանը, Սեդրակ Պալեանը, Նազօ Գարագաշեանը եւ ուրիշներ: Ընկ. Զէյթլեան մեր կատարելիք աշխատանքներուն գծով ուղղութիւններ կու տար, ինչպէս նաեւ կը լսէր կատարուած աշխատանքներուն մասին շարքերուն ընկալումն ու հակազդեցութիւնը: Այս հանդիպումները միայն  «Քրիստափոր»-ի եւ «Զաւարեան»-ի տղոցմով չէին սահմանափակուեր, երբեմն ներկայ կ’ըլլային նաեւ այլ կոմիտէութիւններէ ընկերներ, ինչպէս` Գէորգ Գանտահարեան, Յովհաննէս Պէրպէրեան, Յովհաննէս Քէլէշեան, Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան, Վարուժան Աղասարգիսեան եւ ուրիշներ:

Այդ հանդիպումներու ընթացքին ընկ. Զէյթլեանը առաջ կը մղէր այն թեզը, որ կուսակցութիւն մը պէտք է պատրաստ ըլլայ հաւատարմօրէն ու լիակատար կերպով ծառայելու իր կոչումին ու առաքելութեան եւ ամէն տեսակ զոհողութիւն յանձն առնէ իր հայրենիքին եւ ժողովուրդին գերագոյն շահերուն ու արժէքներուն պաշտպանութեան համար:

Մեր շարքերն ու մանաւանդ երիտասարդութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլան յանձն առնելու հարկ եղած աշխատանքն ու զոհողութիւնները:

Այս աշխատանքները իրենց արդիւնքը տուին, ու կարելի եղաւ շրջաններուն մէջ նուիրեալ, գաղափարական պատրաստութեամբ ու կազմակերպական կարողութիւններով օժտուած ընկերներ կազմերու մէջ ներառել, ինչպէս նաեւ, ընկ. Զէյթլեանի հերթապահութեամբ, Լիբանանի շրջանի կազմակերպական կեանքը նոր հունի մէջ կարենալ դնող ԿԿ-ի կազմ մը յառաջացնել:

Ընկ. Զէյթլեան կը հաւատար, որ լիբանանահայ գաղութը իր դրուածքով կրնար յատուկ դերակատարութիւն ունենալ սփիւռքահայ միւս գաղութներու կազմակերպական ու Հայ դատի պահանջատիրական աշխատանքներուն մէջ` մասնաւորաբար գաղութներու կրթական, մամուլի, վարչական եւ այլ բնագաւառներէ ներս մարդուժ տրամադրելով: Այդ համոզումով ալ աշխատանքի լծուեցաւ:

Իր հերթապահութեան օրով «Ազդակ»-ը օժտուեցաւ նոր տնօրէնով` Երուանդ Փամպուքեան:

Խմբագրութեան միացաւ Պօղոս Սնապեանը:

Աշխատանքի հրաւիրուեցան երիտասարդ աշխատակիցներ, ու թերթը սկսաւ հրապարակուիլ ութ էջերով:

ԼՕԽ-ի շարքերը երիտասարդականացան:

Համալսարանաւարտ ընկերուհիներ վարչութիւններու մաս կազմեցին:

Կրթական կեանքին մէջ համալսարանական բարձր ուսման տէր երիտասարդ ընկերներ ստանձնեցին ազգային վարժարաններու տնօրէնութեանց պաշտօնները: Դպրոցներու կրթական մակարդակը բարձրացաւ, ինչպէս նաեւ գործող նախակրթարանները կարելի եղաւ երկրորդականի բարձրացնել:

Կազմակերպական կեանքին մէջ կոմիտէութիւնները ունեցան աշխուժ գործունէութիւն, յատկապէս շարքերու դաստիարակութեան ու ակմբային կեանքի աշխուժացման գծով` մշակութային նոր ձեռնարկներով ներգրաւելով երիտասարդութիւնը:

Յատուկ վերելք արձանագրեց Զաւարեան ուսանողական միութիւնը ո՛չ միայն անդամներու թիւի յաւելումով, այլեւ` Հայ դատի աշխատանքներու ծիրէն ներս նոր ձեռնարկներու կազմակերպումով (սեմինարներ, որմազդներ, քայլարշաւ, թրքական դեսպանատան դէմ ուսանողական ցոյց եւ այլն): Այս բոլորը աշխուժացուցին համալսարանական կեանքը` Հայ դատի ծանօթացման տեսանկիւնէն:

Վերատեսութեան ենթարկուեցաւ Պատանեկան միութիւններու կազմակերպական կառոյցը, եւ ուսումնասիրուեցաւ զանոնք երկսեռ երիտասարդական միութեամբ մը փոխարինելու ծրագիրը:

Ընկ. Զէյթլեան ջերմօրէն կը հաւատար հայ քաղաքական կուսակցութիւններու միջեւ գործակցութեան: Հատուածականէն վեր կը կարեւորէր ազգային համախոհութեան ու գործակցութեան ստեղծումը: Մեր իրաւունքներու ձեռքբերման համար հայկական միասնական ճակատով արտաքին աշխարհին ներկայանալը կենսական կը նկատէր:

Իր հերթապահութեան օրով Լիբանանի քաղաքական կեանքէն ներս կարեւորուեցաւ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը, մասնաւորաբար` հայ համայնքի իրաւունքներու ձեռքբերման առնչութեամբ, յատկապէս` առաջին կարգի պետական պաշտօնեաներու նշանակման գծով, հայկական երեսփոխանական պլոքի վերանորոգմամբ, ներառեալ` աւետարանական աթոռը. այս բոլորին համար լիբանանահայ քաղաքական հոսանքները ներկայացնող յարգելի ազգայիններ նշանակուեցան:

Ընկ. Զէյթլեան կը հաւատար, որ ազգի մը գլխաւոր ուժը, յատկապէս` անոր ապագայի կերտման գծով, երիտասարդութիւնն է: Ուրեմն պէտք էր աշխատիլ երիտասարդութեան առողջ դաստիարակութեան, անոր բարոյական, կազմակերպական եւ կարգապահական ոգիի խորացման, ազգային ու քաղաքական մտածողութեան զարգացման, գաղափարական վերաթարմացման ու յեղափոխական աւանդներու վերադարձման համար:

1967-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմէն ետք, երբ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւնը դարձաւ զինեալ ներկայութիւն, Լիբանանի քաղաքական կեանքէն ներս ստեղծուեցաւ փափուկ կացութիւն: Ձախակողմեան ուժեր, վստահելով այդ կազմակերպութիւններու զինեալ ներկայութեան, սկսան խոչընդոտներ ստեղծել ու քաղաքական պահանջներ դնել երկրի գործադիր իշխանութիւններուն դիմաց, յատկապէս` գործող նախագահին, պաշտօն մը, որ քրիստոնեայ մարոնի համայնքին վերապահուած է:

Ի տես ստեղծուած կացութեան` Փաղանգաւոր եւ Ազատական կուսակցութիւնները սկսան զինուիլ եւ զինավարժութեան դասեր տալ իրենց ուսանող ու երիտասարդ անդամներուն` Լեռնալիբանանի մէջ զինավարժութեան յատուկ բանակավայրեր հաստատելով: Տեղական կուսակցութիւններու այս աշխատանքը մեր` զաւարեանականներուս ուշադրութենէն չէր վրիպած: Սագօ Սարգիսեանն ու ես տեղացի ուսանող ընկերներու ընկերակցութեամբ պատեհ առիթով մը այցելեցինք Հարիսայի մէջ փաղանգաւորներու բանակավայրը եւ ներկայ եղանք անոնց փորձերուն:

Բանակողները, որոնց մէջ կային կարգ մը հայ տղաք, յատուկ համազգեստներ հագած եւ լիբանանեան բանակի սպաներու հսկողութեամբ, զանազան տրամաչափի զէնքերու յատուկ վարժութիւններ կ՛ընէին:

Օրին փաղանգաւորներու բանակավայր մեր այցելութեան մասին տեղեակ պահեցինք ընկ. Զէյթլեանը: ԿԿ-ը տեղեակ էր քրիստոնեայ կուսակցութիւններու նախաձեռնութիւններէն եւ քաջալեր էր, որ զինավարժութեան փորձերու սկսինք գէթ մենք` զաւարեանականներս, նկատի ունենալով, որ պաղեստինցի զինեալներու եւ լիբանանեան բանակին կամ կուսակցութիւններուն միջեւ բախումներու պարագային արեւմտեան Պէյրութի մեր հաստատութիւնները` առաջնորդարան, դպրոցներ եւ ակումբներ, կրնային թիրախ դառնալ, եւ հարկ էր զանոնք պաշտպանել եւ արգիլել, որ զինեալներ մեր կեդրոնները մուտք գործեն:

Ընկ. Զէյթլեանի հետ մարզումի աշխատանքներուն համադրումը, իբրեւ «Զաւարեան»-ի ատենապետ, վստահուած էր Սագօ Սարգիսեանին: Ժամանակ մը ետք Սագոն վարչութեան տեղեկացուց, որ ընկ. Զէյթլեանը կարգ մը զաւարեանականներ գիշեր մը յատուկ հանդիպումի մը կը հրաւիրէ:

Հանդիպումը կայացաւ Անթիլիաս բնակող մեր պատասխանատու ընկերներէն մէկուն տունը: Այդ տարիներուն Անթիլիասը տակաւին քաղաքէն հեռու, նարնջենիի պարտէզներով շրջապատուած արուարձան մըն էր, ուր քանի մը հայ ընտանիքներ կը բնակէին միայն:

Որոշեալ ժամուն շուրջ 15 ընկերներ մէկ առ մէկ հասանք ճշդուած բնակարանը: Տան հիւրասրահը կիսով լուսաւորուած էր, պատուհաններուն եւ պատշգամի դրան փեղկերը փակ: Տանտէրը տունէն կը բացակայէր` մեզ ազատ ձգելով: Ընկ. Զէյթլեանի կողքին նստած էին յիսունի մօտ, լուրջ դէմքերով երկու անձեր: Մէկը ճաղատ, սեւ աչքերով, սեւ պեխերով, խաղաղ դէմքով: Երկրորդ անձը սրճագոյն բաճկոնով եւ սրճագոյն թաղիքէ ամերիկեան գլխարկ մը գլխուն, դէմքին ոչ մէկ արտայայտութիւն:

Քիչ ետք, երբ բոլոր տղաքը հասան, ընկ. Զէյթլեանը խօսք առնելով` ներկայացուց երկու ընկերները` Սարգիս Ազնաւորեան եւ Անդրանիկ Պաղտասարեան (Քաուպոյ Անդրանիկ), որոնք պիտի ըլլային մեր մարզիչները: Ընկ. Զէյթլեանը թելադրեց, որ մեր մարզումներուն մէջ ըլլանք հետեւողական, ճշդապահ, գաղտնապահ, լուրջ կարեւորութիւն ընծայենք ընկերներու ցուցմունքներուն, որովհետեւ լուրջ առաքելութիւններ մեզ կը սպասեն:

Վստահաբար ընկեր Սարգիսը մեզմէ մեծ ակնկալութիւններ ունէր կուսակցութեան ապագայ ծրագիրներուն գծով: Մենք բաժնուեցանք երկու խումբի, մէկը` քաղաք բնակողներս, ընկ. Ազնաւորեանի գլխաւորութեամբ, միւսը` Պուրճ Համուտ բնակողները, ընկ. Պաղտասարեանի առաջնորդութեամբ: Մեր մարզումները շարունակուեցան շուրջ երկու տարի, եւ 1969-ին ու 1973-ին պաղեստինեան կազմակերպութիւններ-լիբանանեան բանակ բախումներու ընթացքին մեզի վստահուեցաւ ազգային հաստատութիւններու հսկողութիւնը: Հետագային մարզուող ընկերներէն Սագօ Սարգիսեանն ու Վաչէ Տարագճեանը կարեւոր դեր ունեցան համակուսակցական մարտական աշխատանքներուն մէջ` ընկ. Սարգիսին ակնկալութիւնները ի դերեւ չհանելով:

Ընկ. Սարգիսը յատուկ համարում ունէր Սագոյին նկատմամբ, որուն մէջ կը տեսնէր դաշնակցական ապագայ ղեկավարը: Կը գնահատէր անոր զոհաբերութեան ոգին, զօրեղ անհատականութիւնն ու կազմակերպական կարողութիւնները: Ընկ. Հրայրը առիթով մը ինծի ըսած է. «Սարգիսը` Սագոյին մէջ կը տեսնէ իր նմանակը»:

Երիտասարդութեան նկատմամբ ընկ. Սարգիսին ունեցած հաւատքը, անոնց հետ ուղղակի կապ ստեղծելու, անոնց աշխատանքին մղում տալու եւ երիտասարդութեան ու իրենց սերունդին միջեւ բնականոն գործակցութիւն ծաւալելու համոզումներն էին, որ անոր մղումով ու ընկերներ Մարուխեանի եւ Տասնապետեանի աջակցութեամբ Լիբանանի 1979-ի Շրջանային ժողովը ԿԿ-ի երիտասարդ կազմ մը ընտրեց, որուն յաջորդեց 1981-ի ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին կողմէ Բ.ի կազմի երիտասարդականացումը:

Ընկ. Սարգիսի նկարագրային յատկանիշներէն էին` պարզութիւնը, ուղղամտութիւնը, նրբազգացութիւնն ու ընկերներու նկատմամբ հոգածութիւնը, որ իրեն հետ շփումով կը զգացուէր միայն` ներգրաւելով գործակից ընկերները:

Այդ մէկը ես զգացեր եմ, երբ 1978-ին, կիրակի մը, առաւօտ կանուխ հեռաձայնս հնչեց: Օր մը առաջ Լիբանանի կազմակերպութեան Շրջանային ժողովի բացումը կատարուած ու նիստերը սկսած էին: Այդ գիշեր, նիստերու աւարտէն ետք Սագոն տուն հասնելուն` սրտի տագնապ անցուցեր եւ հիւանդանոց փոխադրուեր էր: Ընկ. Սարգիսը, ընկ. Հրայրն ու ընկ. Հրաչը տեղեակ ըլլալով, առաւօտուն ուզած են հիւանդանոց այցելել` Սագոյի տեսութեան:

Ընկ. Սարգիսը գիտնալով, որ ես Սագոյին շատ մօտիկ եմ, ուզած էր զիս տեղեակ պահել, որ ես ալ իրենց ընկերանամ: Ընկերներու ցաւերուն լուռ բաժնեկից էր ան:

Հաճելի զրուցակից էր ընկ. Զէյթլեան:

Խօսակիցներուն ու իր միջեւ զուարթ մթնոլորտ ստեղծող: Ծաւալած այդ անկաշկանդ խօսակցութիւններու ընթացքին կը ջանար առաւելագոյն տեղեկութիւններ քաղել, մանաւանդ` այն նիւթերուն շուրջ, որոնք իր գործադաշտէն ու հետաքրքրութիւններու անմիջական ծիրէն դուրս էին: Կ՛ուզէր տեղեկանալ` կարենալ ճշդորոշուելու, մտքերը համադրելու եւ զանոնք կարենալ հիմնաւորելու համար:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկզբնաւորութեան էր: Ընկերոջ մը հետ լուր ղրկած էր, որ կիրակի մը իր մօտ` Այնճար ելլեմ: Երբ հասայ, ընկ. Սարգիսը տան բակը նստած` ընկ. Նգրուրեանին հետ կը զրուցէր: Անոնք Ճեմարանի մէջ դասընկերներ եղած էին եւ համագիւղացի, ու շատ բան ունէին իրարու փոխանցելիք: Ընկ. Սարգիսի մտահոգութիւնը փաղանգաւոր զինեալներու Պուրճ Համուտէն սանձարձակ ելումուտն էր, որ երբեմն անհաճոյ դէպքերու տեղի կու տար՝ մեր կազմակերպութեան վարկը խնդրոյ առարկայ դարձնելով, միեւնոյն ատեն` ազդելով հայ ազգաբնակչութեան հոգեվիճակին վրայ: Կը մտածէր մեր զինեալ տղոց կողմէ երկու անցարգելներ դնել տալ, մէկը` Պէյրութ գետի կամուրջին վրայ, երկրորդը Անթիլիաս` վանքին մօտ` մայրուղիին վրայ, որպէսզի արգիլեն Փաղանգաւոր զինեալներու Պուրճ Համուտ ելումուտը: Այս գծով, իբրեւ «Աղբալեան» կոմիտէի անդամի, կ՛ուզէր կարծիքս ունենալ:

Ընկ. Սարգիսին կարծիքը չբաժնելով` ըսի, որ նման նախաձեռնութիւն փաղանգաւոր զինեալներուն ու մեր տղոց միջեւ բախումներու պատճառ պիտի ըլլայ, ու անտեղի զոհեր պիտի տանք, որովհետեւ մեր ընկերութեան մէջ աշխատող փաղանգաւոր պաշտօնակիցներուս ուղեկցութեամբ առիթը ունեցած էի այցելելու անոնց զինուորական դիրքերը եւ տեսած, որ Տըպպայէէն մինչեւ Պրումմանա երկարող լեռնաշղթայի բարձունքներուն վրայ հեռահար թնդանօթներ զետեղած էին` արեւմտեան Պէյրութը հարուածելու նպատակով եւ կրնային զանոնք դէպի Պուրճ Համուտ ուղղել, ինչ որ մեզի համար աղէտաբեր կրնար ըլլալ, աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը իր մարտական փորձառութենէն մեկնած` այլ միջոցներ ունի այս կացութեան առաջքը առնելու, պատժելով անոնց պատասխանատուներն ու ղեկավարները: Բացատրութիւններս համոզած էին ընկ. Սարգիսը: Երբ պատրաստուեցայ մեկնիլ, յայտնապէս ան գոհացած էր փոխանցած տուեալներէս ու բացատրութիւններէս:

Իր համեստութեան եւ վեհանձնութեան կողքին, ընկ. Սարգիսը անողոք էր կեղծաւորներու եւ յատկապէս ազգային իրաւունքները ոտնահարողներուն նկատմամբ: Իրեն համար սուտը, կեղծիքը, թուլամորթութիւնը, անկազմակերպ ու չծրագրուած աշխատանքը, բարոյական սկզբունքներու ոտնահարումը, յատկապէս` կուսակցական աշխատանքներու նկատմամբ, անհանդուրժելի էին:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկզբնաւորութեան էր, ԿԿ-ը երկար տարիներէ ի վեր Լիբանան բնակող սուրիահպատակ մեր հայրենակիցներուն լիբանանեան քաղաքացիութիւն ապահովելու համար յատուկ դասաւորում ըրած էր եւ աշխատանքը վստահած` պատասխանատու ընկերոջ մը:

Նախաձեռնութեան աւարտին, երբ ԿԿ-ը կատարուած աշխատանքի նիւթաբարոյական գնահատումը ըրած էր, նշմարած էր, որ գործառնութիւնը պէտք էր հաշուեքննութեան ենթարկուէր, ուստի զիս նշանակեցին, որ հաշուեքննութիւն կատարեմ:

Կանոնաւոր արձանագրութիւն ու տոմարակալութիւն գոյութիւն չունենալով` կարելի չէր ընկալուած ձեւով հաշուեքննութիւն կատարել:

Անճրկած էի: Պէտք էր ձեւ մը գտնէի հաշիւները վերականգնելու: Բարեբախտաբար ընկ. Սուրէն Տօնապետեանը, որ այս աշխատանքներուն համար պատկան սպասարկութիւններուն հետ կապ պահողն էր, տետրակի մը մէջ արձանագրուած ունէր ստացած ինքնութեան թուղթերուն թիւը եւ անոնց համար վճարած գումարները: Ընկ. Սուրէնին արձանագրութիւնները հիմք ունենալով, հաշուեկշիռ մը պատրաստեցի` կարենալով կատարել մօտաւոր գնահատումը ԿԿ-ի փոխանցուելիք գումարին:

Յայտնապէս այս գործին ընկերը պարտականութեան մէջ թերացած էր եւ պատասխանատւութեան պէտք էր կանչուէր:

Որոշ ժամանակ կը վարանէի հաշուեքննութեանս տեղեկագիրը ԿԿ-ին ներկայացնել` մտածելով ընկ. Սարգիսի, որ ԿԿ-ի մօտ Բիւրոյի ներկայացուցիչի հանգամանքով ժողովներուն կը մասնակցէր, ունենալիք հակազդեցութեան մասին, գիտնալով, որ ինք ու ենթական շատ մօտիկ ընկերներ են:

Ատեն մը ետք ընկ. Սարգիսը ուզեց, որ հանդիպինք ցարդ կատարուած աշխատանքին մասին տեղեկանալու համար: Յաջորդող օրերուն, երբ Արեւելեան Պէյրութ անցած էր, հանդիպեցանք ճաշարան «Փանոս», ու ես լայն տեղեկութիւններ տուի ո՛չ միայն ենթակային գործելաձեւին մասին, այլ նաեւ բացատրեցի այն հիմքերը, զորս պատրաստած տեղեկագիրիս համար իբրեւ հիմք ու մեկնակէտ ունեցած էի:

Խօսքս աւարտեցի անձկութեամբ` սպասելով ընկ. Սարգիսի հակազդեցութեան: Զարմանքս մեծ եղաւ, երբ ընկ. Սարգիսը առանց տատամսելու ու յաւելեալ հարցումներ ընելու ու տեղեկութիւններ ուզելու` ըսաւ. «Խնդրոյ առարկայ ընկերը շարքերէն կը հեռացուի»:

Սակայն մեկնելով իր բծախնդրութենէն, եւ որպէսզի պատկան մարմիններուն կայացնելիք որոշումը աւելի հիմնաւորուած ըլլայ, առաջարկեց կատարուած հաշուեքննութեան մասին ունենալ նաեւ ընկ. Մասիս Ալեքսանդրեանին տեսակէտը, ինչ որ կատարուեցաւ:

Իբրեւ «Յուսաբեր»-ի խմբագրութեան անդամ, ընկ. Զէյթլեան դաշնակցական գործիչի իր մկրտութիւնը մամուլի բնագաւառին մէջ ստացած ըլլալով՝ բարձրօրէն կը հաւատար դաշնակցական մամուլի դերակատարութեան, ոչ միայն հայ հասարակութեան գաղափարական ու ազգային-քաղաքական ուղի ջամբելու տեսակէտէն, այլեւ՝ մեր մշակութային արժէքներու պահպանման ու զարգացման, ինչպէս նաեւ հայերէն լեզուամտածողութեան ճշգրիտ կիրարկման գծով:

Քաջ գիտէր, որ Դաշնակցութեան գաղափարական ու քաղաքական գիծերու անշեղ պահպանումը մամուլին ու մամլոյ աշխատակիցներուն պարտականութիւնն է, որ՝ դաշնակցական մամուլի յատկանիշներէն մէկը խօսքի ազատութիւնն է, այնքան ատեն որ հիմնական շեղումներ չեն կատարուիր՝ իյնալով այլ հոսանքներու կամ ոեւէ մտաւորականի մտածողութեան ազդեցութեան տակ:

Ատոր համար ալ անուղղակիօրէն մեր մամուլի վերահսկողութիւնը կը կատարէր, յատկապէս՝ օտար լեզուներէ թարգմանուած լուրերու եւ յօդուածներու լեզուական շեղումներն ու գաղափարները մատնանիշ ընելով:

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանին կազմաւորումէն շատ առաջ, երբ տակաւին «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը կը վարէր, ընկ. Սարգիս «Զաւարեան»-ի վարչութենէն խնդրած էր, որ մամուլի աշխատակիցներ պատրաստելու համար փոքրաթիւ խմբակ մը սկսի յօդուածներ գրել:

Այդ խմբակին մաս կը կազմէի նաեւ ես: Մեր պարտականութիւնը պիտի ըլլար ազգային հարցերու մասին ամէն շաբաթ յօդուած մը պատրաստել: Այդ ծիրէն ներս լիբանանահայ կեանքը յուզող հարցի մը մասին յօդուած մը գրեցի, որ ոչ միայն «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսաւ, այլեւ որուն համար պատուագին մը ստացայ:

Ըստ երեւոյթին, ընկ. Սարգիսը յօդուածս հաւնած էր, որովհետեւ ժամանակ մը ետք ընկ. Յակոբ Իսկէնտէրեանը, որ ԿԿ-ի գործավարն էր, հետս խօսելով՝ ըսաւ. «Ընկ. Սարգիսը երկրորդ յօդուածդ կը սպասէ եւ կ’ըսէ, որ շատ ուշացուցիր»:

Ընկ. Սարգիսի խօսքերէն շոյուած էի, սակայն համալսարան, գործ եւ միութենական պարտաւորութիւններ թոյլ չէին տար, որ շաբաթական դրութեամբ յօդուած գրեմ: Յայտնապէս ընկ. Սարգիսը չգրելուս պատճառը իմանալու համար եւ զիս նեղ կացութեան չմատնելու իր շրջահայեացութենէն մեկնած՝ ընկ. Իսկէնտէրեանին վստահած էր այդ պարտականութիւնը:

Ընկ. Իսկէնտէրեանին կացութիւնս բացատրեցի:

Գրած յօդուածիս համար ստացած պատուագինը իբրեւ «Ազդակ»ի նուէր վերադարձուցի եւ այդպէս ալ յօդուածագիր չդարձայ:

Հետագային, իբրեւ ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի պատասխանատու՝ ընկ. Զէյթլեան կարեւոր դեր ունեցաւ դաշնակցական խմբագիրներ, յօդուածագիրներ ու մամուլի աշխատակիցներ պատրաստելու աշխատանքին մէջ: Յարութիւն Քիւրքճեան, Վազգէն Էթիեմեզեան, Կարօ Յովհաննէսեան, Նազարէթ Պէրպէրեան, Վաչէ Բրուտեան, Սեդօ Պոյաճեան, Յակոբ Բագրատունի, Գօգօ Աչըգեան, Շահան Գանտահարեան եւ ուրիշներ թրծուեցան ընկ. Զէյթլեանի անմիջական շունչին տակ:

Իբրեւ «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի խմբագիր՝ իր ստորագրած խմբագրականներով ընկ. Սարգիսը ջանաց հոգեփոխել հայ զանգուածները, յատկապէս գաղափարապաշտ երիտասարդութիւնը, անոնց ներշնչելով գիտակից մարտունակութեան ոգի, ազգային ինքնաճանաչում, զարգացնելով հայկական արեւելումով, իր խօսքերով` «Արմենիզմ»-ով առաջնորդուելու գաղափարը` ի խնդիր հայ ժողովուրդի գոյատեւման ու ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան ապրելու կամքին:

Ընկ. Սարգիսին համար Հայաստանի, հոգ չէ թէ՝ խորհրդային, գոյութիւնը, բարգաւաճումն ու ազգային արժէքներով զարգացումը կարեւոր նշանակութիւն ունէին, որովհետեւ զայն կը նկատէր ապագայ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի հիմնաքարը: Համայնավար գաղափարաբանութիւնը չէր բաժներ ան, դէմ էր խորհրդային կարգերուն, որոնք կապտած էին Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ կը տանէին ռուսացման քաղաքականութիւն. այնուհանդերձ, կ’ուրախանար Հայաստանի գիտական, մշակութային ու հանրօգուտ նուաճումներով: Մօտէն կը հետեւէր Հայաստանի իրադարձութիւններուն, իրազեկ էր անոնց՝ շնորհիւ հայրենի կարգ մը մտաւորականներու եւ ազգայնական տարրերու հետ իր ստեղծած կապերուն:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբի տարիներուն, շրջաններու կոմիտէներուն եւ ԼԵՄ-ի վարչութիւններուն կազմակերպութեամբ, հայկական թաղերու պաշտպանութիւնը ստանձնած տղոց ու շրջանի բնակչութեան համար յատուկ դասախօսական շարքեր կազմակերպուեցան ազգային, գաղափարական թէ Լիբանանի քաղաքական հարցերը շօշափող նիւթերու շուրջ:

Այդ դասախօսութիւններու ծիրէն ներս, «Աղբալեան» կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, որոշուեցաւ, որ ընկ. Սարգիսը Ժիւնիի շրջանի հայութեան դասախօսութիւն մը տայ:

1976-ի սկիզբը ըլլալու էր, այսպէս կոչուած՝ «Պանդոկներու պատերազմ»-ի օրերուն, ընկ. Սարգիսին բնակարանը պանդոկներու շրջանին մօտակայքը գտնուելուն` ընտանիքով փոխադրուած էր Արեւելեան Պէյրութ եւ կը մնար Հըրշ Թապեթ, ընկ. Պարգեւ Պասմաճեանին բնակարանը:

Իբրեւ Ժիւնիի ՀՄԸՄ-ի ակումբի վարչութեան մօտ «Աղբալեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեկոյեան մօտ գացի ընկ. Սարգիսը առնելու: Ճամբու ընթացքին ընկ. Սարգիսին ներկայացուցի մեր ազգային կեանքէն քիչ մը մեկուսացած այդ գաղութը, որ Պէյրութէն հեռու՝ հոն հաստատուած էր 30-ականներու սկիզբը, ժամանակի ընթացքին մերուած՝ շրջանի տեղայնական նկարագրով բնակչութեան հետ, քաղքենիացած, որոնցմէ ոմանք նոյնիսկ հայերէնով դժուար կ’արտայայտուէին:

Ընկ. Սարգիսի առաջին այցելութիւնն էր Ժիւնիի ակումբ: Ան իր դասախօսութիւնը սկսաւ պատին վրայ գրելով «Մարդ» բառը եւ ներկաներէն խնդրեց, որ կարդան հակառակ ուղղութեամբ` «դրամ», բացատրելու համար, որ ներկայիս ընկերութիւնը մարդ անհատը կ’արժեւորէ` գնահատելով անոր ունեցած նիւթեղէն հարստութիւնը եւ ոչ թէ՝ անոր իմացական կարողութիւնը:

Ընկ. Սարգիսի համար ներկայի աշխարհը դարձած էր մրցադաշտ` երկու ձեւի աշխարհակալութեանց միջեւ. մէկը` արեւելքի մէջ համայնավար աշխարհակալութիւնը խորհրդային կարգերով, իսկ երկրորդը` արեւմուտքի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ, դրամատիրական կարգերով: Ըստ ընկ. Սարգիսին, երկու աշխարհակալութիւններ, որոնք տարբեր միջոցներով եւ եղանակներով կը շահագործեն մարդ անհատն ու փոքր ազգերը՝ հաստատելով իրենց բացարձակ տիրապետութիւնը: Ան դէմ էր մարդուն կողմէ մարդու շահագործումին, անհատական ըլլայ ան թէ հաւաքական, պետական դրամատիրութեան կողմէ ըլլայ ան թէ անհատական դրամագլուխի: Ընկ. Սարգիսին համար մարդը բացարձակ արժէք էր, այդ սկզբունքով ալ դէմ էր մարդու եւ քաղաքացիի հիմնական ազատութիւններու ամէն ձեւի կաշկանդումին: Մարդ անհատի, ազգային հաւաքականութիւններու եւ առհասարակ մարդկային ընկերութեան ընկերատնտեսական ու քաղաքական ազատագրումի ուղին ընկերվարական գաղափարախօսութեան մէջ կը տեսնէր: Իրեն համար ընկերվարութիւն կը նշանակէր՝ ազատութիւն կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ եւ ընկերային արդարագոյն կարգերու տակ կը նշանակէր՝ ժողովրդավարութիւն իր լայն իմաստով իբրեւ բազմամտածողութեան տէր համակարգ ու այլատար ընկերային դրութիւն, որ կը յանգի բոլոր ազգերու ազատագրութեան եւ խաղաղ, ազատ ու իրաւահաւասար համակեցութեան` համաշխարհային մակարդակի վրայ:

Որքան որ մարդը, նոյնքան ալ ընտանիքը, մանաւանդ՝ հայ ընտանիքը, ընկ. Սարգիսին համար հիմնական արժէք ու կարեւոր գործօն էր: Ընտանիքը ազգի մը հիմնաքարը կը նկատէր, որուն գոյութեան պէտք էր գուրգուրալ, որովհետեւ կը հաւատար, որ անհատը իր բարոյական, կենցաղավարական ու իմացական դաստիարակութիւնն ու ընկերային եւ ազգային հետաքրքրութիւններու շուրջ կազմաւորումը կը ստանայ ընտանեկան յարկին տակ ու այդ գծով կը կարեւորէր ծնողքին` մանաւանդ հայ հօր դերը, որ սովորութիւններուն, բարքերուն ու աւանդներուն պահապանն է:

Իր համոզումով, հայ ընտանիքը կը տկարանայ ոչ միայն անոր համար, որ օտարը կը մտնէ հայ տան սեմէն ներս, այլ մանաւանդ` օտար բարքերը: Հայ ընտանիքը կը տկարանայ որակական իմաստով՝ իբրեւ ազգը բաղկացնող ընկերային եւ ազգային առողջ օղակ:

1979-ին էր: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը հետզհետէ կը թէժանար: Ռազմական գործողութիւնները կը սպառնային նաեւ հայկական թաղերուն, որոնք ամէն գնով պէտք էր պաշտպանել` յաւելեալ թիւով տղաք պարտականութեան կանչելով, ինչ որ կ՛ենթադրէր ապահովում յաւելեալ զէնքի եւ զինամթերքի, որոնց ձեռքբերման անհրաժեշտ գումարը գոյացնելու աշխատանքը ԿԿ-ը վստահեցաւ պարոններ` Սուրէն Խանամիրեանէ, Ոսկեբերան Արզումանեանէ, Լեւոն Պէրպէրեանէ, Մասիս Ալեքսանդրեանէ եւ մեթր Վարդգէս Շամլեանէ կազմուած հանգանակիչ յանձնախումբի մը:

Լիբանանահայ ազգայիններ, գիտակցելով ստեղծուած ապահովական ու քաղաքական փափուկ կացութեան մեր գաղութին վրայ ունենալիք անդրադարձին ու զայն կանխելու միտող ԿԿ-ի նախաձեռնութեան, սիրայօժար ընդառաջեցին յանձնախումբի դիմումներուն, որ կարողացաւ կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին ակնկալուած գումարը գոյացնել:

Յանձնախումբին դիմումը մերժող միակ անձը Պուրճ Համուտի շուկային վրայ ծանօթ առեւտրական մըն էր, որ ընդհանրապէս դէմ եղած էր Դաշնակցութեան նախաձեռնութիւններուն: ԿԿ-ը ենթակային դրամահաւաքի մասնակցութեան մերժումի պատճառաբանութիւնները քննելէ ետք, մեկնելով «Փոթորիկ»-ի պատմական օրինակէն, այլ մերժումներու առաջքը առնելու միտումով որոշեց նախ ազդարարել զայն, իսկ մերժումի պարագային…

Շաբաթ մը ետք, երբ ազդարարութիւնն ալ անարձագանգ մնաց, ԿԿ-ը ընկ. Աբոյէն խնդրեց որոշումը գործադրել: Ընկ. Սարգիսը, որ նախորդ երկու ժողովներուն ընթացքին լուռ կը հետեւէր քննարկումներուն, ձայն առնելով, իր խստապահանջ ոճով ու մեզ ցաւցնելու գնով ժողովը կարգի հրաւիրեց` զայն դնելով պատասխանատւութեան առջեւ եւ ըսելով, որ դաշնակցական մարմին մը ինչպէ՞ս կը համարձակի նման որոշում կայացնել` պատճառ դառնալով հայ ընտանիքի մը քանդումին, եւ թէ` հայ մարդը, մանաւանդ դաշնակցականը, իրաւունք չունի այլ հայու մը կեանքը խափանելու, եւ թէ` պէտք է գոհանալ մարդուն կամքէն բխած գումարով:

Հայկական թաղերու ապահովութեան առընթեր, ռազմական գործողութիւններու մագլցման պարագային, Պուրճ Համուտը կրնար շրջափակման մէջ յայտնուիլ: Այդ կանխատեսումով հարկ էր ապահովել եւ կազմակերպել ժողովուրդի շտապ օգնութիւնը: Այս հարցի ծրագրումը ԿԿ-ը վստահեցաւ ընկ. Աբոյին, Սագոյին ու ինծի:

Ընկ. Աբոյին այլ պարտականութիւններով բազմազբաղ ըլլալուն պատճառով, ծրագրումի աշխատանքը Սագոն ու ես կատարեցինք` ժողովին ներկայացնելով այն կարելիութիւնները, զորս մեր տրամադրութեան տակ կրնայինք ունենալ, ինչպէս` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրշէջ ու հիւանդատար ինքնաշարժները, տոքթ. Պախչեճեանի փոքր հիւանդանոցին յարմարութիւնները, ուտեստեղէն ամբարելու պահեստանոցներ եւ այլ յարմարութիւններ:

Խօսքերնիս հազիւ աւարտած` ընկ. Սարգիսը զուարթախոհութեամբ, որ իրեն յատուկ է, սկսաւ քննադատել կատարուած աշխատանքը եւ զայն անբաւարար եւ ոչ ամբողջական նկատելով` պահանջեց, որ ծրագիրը վերատեսութեան ենթարկենք ու ամբողջացնենք` ներկայացնելով շտապ օգնութեան աշխատանքները վարելու համար հարկ եղած կազմակերպական կառոյցի մեր պատկերացումը, սահմանելով պահանջուած մարդուժը, զայն ապահովելու կարելիութիւնները, աշխատանքները տանելու համար նախահաշիւ պիւտճէ եւ այլ տուեալներ:

Ընկ. Սարգիսի խօսքերը վիրաւորելու աստիճան ծանր էին, մանաւանդ մեզի` իրեն մօտիկներուն համար, պատճառ դառնալով, որ մեր միջեւ պաղութիւն մը յառաջանայ:

Ստեղծուած կացութիւնը ընկ. Հրայրին կողմէ աննկատ չէր մնացած, որ ատեն մը ետք Սագոյէն, Բենոյէն, Վաչէ Տարագճեանէն եւ ինձմէ խնդրեց ընկ. Սարգիսին այցելել, որպէսզի մեր միջեւ ստեղծուած վերապահութիւնը վերանայ: Խնդրանք, զոր անմիջապէս կատարեցինք:

Ընկ. Սարգիսը մեզ ընդունեց շատ սիրալիր եւ անմիջապէս իրեն յատուկ սրամտութեամբ մեր այցելութեան պատճառներուն գծով հաճելի խօսակցութիւն մը զարգացուց` զուարթ ու թեթեւ մթնոլորտ մը ստեղծելով, ինչ որ մեր միջեւ եղած սերտ կապը շուտով վերահաստատեց:

1984-ի վերջին ամիսներուն ըլլալու էր: Ապահովական ծանր դէպք մը ցնցեց Պուրճ Համուտը: Արդարեւ փաղանգաւոր զինեալներ,  շրջանցելով զէնքերով Պուրճ Համուտ չմտնելու մեր ու փաղանգաւորներուն միջեւ եղած համաձայնութիւնը, գիշերով, Սին Էլ Ֆիլէն գալով, մուտք գործած էին Մարաշ թաղի հարաւային ծայրամասին գտնուող եւ ժողովրդային անուանումով «Տոնուզլուխ» (խոզանոց) կոչուած հայաբնակ թաղամասը` առանց մեր զինեալ տղոց կողմէ արգելքի կամ դիմադրութեան հանդիպելու:

Տուներ մտած, խուզարկութիւններ կատարած ու կարգ մը զինեալ տղաք ձերբակալած` ահ ու սարսափի մատնելով բնակչութիւնը:

Նկատի ունենալով, որ քաղաքացիական պատերազմի սկիզբէն լիբանանեան զինեալ միլիսներու Պուրճ Համուտ մուտքը ամէն գնով արգիլելու որոշում գոյութիւն ունէր, ԿԿ-ը դէպքին մանրամասնութիւնները ունենալու եւ թերացողները ճշդելու համար քննութիւն բացաւ:

Այս գնով ԿԿ-ը առաջին առթիւ ուզեց լսել ընկ. Ազնաւորեանի զեկուցումը: Պարզուեցաւ, որ ընկ. Ազնաւորեան դէպքին մասին տեղեակ պահուած էր յաջորդ օրը առաւօտուն միայն: Ուստի ԿԿ-ը որոշեց հարցաքննել «Սարդարապատ» կոմիտէն, որմէ ի յայտ եկաւ, որ կոմիտէի հերթապահ ընկ. Մանուկ Թենքերեանն ու ապահովական բաժին պատասխանատու ընկ. Յարութ Թենքերեանը (Շերիֆ) միայն դէպքին ու անոր մանրամասնութիւններուն տեղեակ էին եւ` տղոց չդիմադրելու ցուցմունք տուած: ԿԿ-ը երկու ընկերներուն կողմէ ընկ. Ազնաւորեանն ու կոմիտէի միւս անդամները տեղեակ չպահելու ընթացքը նկատեց մեր կազմակերպական կանոններուն անյարիր, ինչպէս նաեւ` անտեսում միլիսներու ոտնձգութիւններուն գծով գոյութիւն ունեցող որոշումին: Այս տուեալներու լոյսին տակ, ԿԿ-ի ընկերներուն մեծամասնութեան տրամադրութիւնը թերացողներուն նկատմամբ կարգապահական տնօրինում կատարելն էր` վերջնական որոշումը ձգելով յաջորդ նիստին:

Յաջորդ շաբաթ, երբ ժողովէն առաջ ակումբ հասայ, ԿԿ-ի գործավարուհի Գոհար Թորիկեանը տեղեկացուց, որ ընկ. Սարգիսը ժողովէն առաջ կ՛ուզէր զիս տեսնել: Ուստի բարձրացայ երրորդ յարկ, Բիւրոյի գրասենեակը: Ընկ. Սարգիսը առանձին կ՛աշխատէր: Զիս տեսնելով` խնդրեց, որ նստիմ ու սկսաւ անմիջապէս խօսիլ Պուրճ Համուտի մէջ պատահած դէպքին, այդ առթիւ ԿԿ-ի ունեցած պատժական տրամադրութիւններուն մասին, որոնց ծանօթ էր նախորդ ժողովի ընթացքին ընկերներուն ունեցած արտայայտութիւններէն:

Ընկ. Սարգիսի խօսքերէն հասկցայ, որ ան լաւապէս կ՛ըմբռնէր դէպքին ծանրակշիռ բնոյթն ու անոր հետեւանքները մեր շարքերուն ու ժողովուրդի հոգեբանութեան ու մտածելակերպին վրայ: Չէր բաժներ տղոց կրաւորականութիւնն ու զինեալներուն չդիմադրելու ընթացքը, զայն կը նկատէր դատապարտելի, համոզուած, որ շրջանի կոմիտէն ու ապահովականի պատասխանատուն թերացած էին իրենց պարտականութիւններուն մէջ եւ` յանցաւոր: Սակայն այդ բոլորով հանդերձ, կը թելադրէր հարցը տեղական նեղ բնոյթով չտեսնել, այլ գիտակցիլ, որ մեր դէմ կը գործեն ոչ միայն լիբանանեան քաղաքական ուժեր, այլեւ միջազգային` սկսեալ Թուրքիայէն մինչեւ արեւմտեան երկիրներ ու Խորհրդային Միութիւն: ԿԿ-ի կողմէ ծանր պատիժներու տնօրինումը կրնային ներկուսակցական զգայնութիւններ յառաջացնել` անդրադառնալով շարքերու միասնականութեան վրայ, մեզ շեղելով մեր հիմնական նպատակէն` Հայ դատի մեր պայքարէն, ինչ որ մեծապետական ուժերու եւ անոնց լիբանանցի գործակալներուն ծրագիրն է:

Արդ, կը կարծէր, որ պատասխանատուներուն նկատմամբ դիտողութիւն արձանագրելով ու զանոնք կարգի հրաւիրելով պէտք էր բաւականանալ:

Յայտնապէս ընկ. Սարգիսը Պուրճ Համուտի դէպքին ու անոր պատճառով կատարուած հարցաքննութիւններու մասին, իր ու Բիւրոյի տեսակէտները ԿԿ-ին չպարտադրելու փափկանկատութենէն մեկնած եւ յաչս շարքերուն ԿԿ-ի վարկը բարձր պահելու նկատառումով, իբրեւ իրեն մօտիկ անձ, ինծի կը վստահէր ԿԿ-ի կայացնելիք պատժական որոշումը իր փափաքած ձեւով հունաւորելու պարտականութիւնը` զիս ծանր պարտաւորութեան տակ դնելով:

Բաժնուելու պահուն ընկ. Սարգիսը տեղեկացուց, որ ինք ժողովին ներկայ պիտի չգտնուի, խնդրելով սակայն, որ զինք անմիջապէս տեղեակ պահենք տրուած որոշումին մասին:

Երբ ժողովասրահ մտայ, նիստը արդէն սկսած էր:

Տեղս Գրիգոր Նգրուրեանին ու Միքիին միջեւ ըլլալով` կարողացայ արագօրէն անոնց փոխանցել ընկ. Սարգիսին խորհուրդը: Երբ այդ օրակարգը հասաւ, խօսք առնելով` միտքս բանաձեւեցի` առաջարկելով պատասխանատուներուն նկատմամբ դիտողութիւն արձանագրելով գոհանալ: Առաջարկս կարգ մը ընկերներու կողմէ դժգոհութեամբ ընկալուեցաւ, սակայն ընկ. Նգրուրեանն ու Միքին անմիջապէս ձայնակցեցան առաջարկիս, որուն արդիւնք` ԿԿ-ը մեծամասնութեամբ գոհացաւ դիտողութիւն արձանագրելու որոշում կայացնելով:

Ընկ. Սարգիսի հարցերը վերլուծելու եւ ըստ այնմ տնօրինումներ կատարելու եղանակը ղեկավար մարդու յատկանիշներ կը բնորոշէր: Արդարեւ, ինք, որ խստապահանջ ու ամուր սկզբունքներու տէր էր, մանաւանդ խիստ բծախնդիր` կուսակցական կեանքին մէջ մեր Կազմակերպական կանոններու անթերի գործադրութեան, Պուրճ Համուտի դէպքին վերաբերեալ յատուկ լայնախոհութիւն եւ թոյլտւութիւն կը ցուցաբերէր, որովհետեւ զայն կը դիտէր միջազգային քաղաքականութեան լայն շրջագիծի մէջ:

Հոս տեղին է «ղեկավարութիւն» հասկացողութիւնը բանաձեւող եւ «Դրօշակ»-ին մէջ լոյս տեսած իր մէկ յօդուածէն մէջբերում մը կատարել. «Ղեկավարը բարոյական նկարագիր է ամէնէն առաջ, համադրող ու առաջամղիչ կամք է, յետոյ, բազմակողմանի, լայնահորիզոն ու ստեղծագործ միտք է, ապա տեսանո՛ղ է ու ներշնչո՛ղ` իբրեւ իր դասակարգի, իր ազգի եւ իր պետութեան կամքը, նուիրական իղձերը, սրբութիւնները, շահերն ու իտէալները մարմնաւորող, խորհրդանշող, կենսաւորող ուժ: Այս բոլորին համադրութիւնն է ղեկավարութիւնը»:

1972-ին` ՀՅԴ 22-րդ Ընդհանուր ժողովին ընտրուելով Բիւրոյի անդամ` ընկ. Զէյթլեանը Հրաչ Տասնապետեանի եւ Հրայր Մարուխեանի հետ եկաւ կազմելու երրորդութիւն մը:

Հակառակ իրենց նկարագրային տարբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ` երբեմն իրենց միջեւ ստեղծուած տարակարծութիւններուն, իրարու նկատմամբ միշտ յարգալիր` անոնք եկան զիրար ամբողջացնելու եւ սփիւռքի մէջ Ցեղասպանութեան յիսնամեակով ծնունդ առած մեր ժողովուրդի քաղաքական զարթօնքին, մեր կուսակցութեան կազմակերպական վերաթարմացման ու գաղափարականութեան խթանման մղիչ ուժը դառնալու` ծաւալելով քաղաքական ու քարոզչական լայն գործունէութիւն, Բիւրօ հասկացողութեան տալով նոր բնութագրում եւ հայեացք:

Այս ծիրէն ներս ընկ. Զէյթլեանը իր տեսաբանական, գաղափարաբանական թէ կազմակերպական տեսութիւններով ու զանոնք բանաձեւելու հմտութեամբ հիմնական դեր ունեցաւ ՀՅԴ Ծրագրի եւ Կազմակերպական կանոններու վերամշակման մէջ:

Պատահեցաւ, որ 1984-ի ամրան սկիզբը Միւնիխի մէջ գումարուած ՀՅԴ մարմիններու խորհրդաժողովին, պանդոկի մեր սենեակներուն դրկից ըլլալը առիթ ստեղծէ, որ մինչեւ ուշ գիշեր ունկնդրեմ ընկ. Սարգիսի մտածումները:

Ան կը հաւատար, որ մեր ազգային յանձնառութիւնները ի կատար ածելու համար պէտք է հաւաքականօրէն պայքարիլ, որուն համար հարկ էր համախմբուիլ մեր ազգային ու քաղաքական կազմակերպութիւններուն շուրջ, ամրապնդել մեր կառոյցները, նուիրումով եւ զոհողութեամբ գործօն մասնակցութիւն բերել մեր ազգային պայքարին:

Սերտօրէն կը հաւատար, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ոչ միայն ազգային անկախ ու ինքնուրոյն մշակոյթի զարգացման գլխաւոր մղիչ ուժը կը հանդիսանայ, այլեւ անկախութեան գաղափարի ջահակիրը, ազատ ու ինքնուրոյն մտածումի, ազատ խօսքի, գործի եւ ստեղծագործութեան ջատագովը:

Այդ ժողովին, շրջաններու կազմակերպական կեանքի քննարկման յատկացուած օրակարգի ընթացքին շրջաններու վերաբերեալ Բիւրոյի գնահատումները լսելէ եւ շրջաններու գործունէութեան ամփոփ տեղեկագիրները ունկնդրելէ ետք, ընկ. Զէյթլեանը ձայն առնելով` մօտաւորապէս հետեւեալ միտքը արտայայտեց.

«Տեղեկագիրներէն այնպէս կ՛երեւի, որ մեր կազմակերպական շրջաններէն ոմանց մէջ բռնապետութիւն հաստատուած է` կաշկանդելով ընկերներու ազատ կարծիքի իրաւունքը, իսկ այլ շրջաններու մէջ ազատութիւն հասկացողութիւնը ստեղծած է քաոսային վիճակ` զիջելով դաշնակցական մտածելակերպին ու աւանդներուն»:

Ընկ. Զէյթլեան հանրային կեանքին մէջ հաւաքական ղեկավարութեան գաղափարի ու գործելաոճի հաւատացողն ու ջատագովն էր: Այս գծով դիպուկ է «Դրօշակ»-ի մէջ լոյս տեսած իր մէկ յօդուածը, յատկապէս` հետեւեալ պարբերութիւնները.

«Մեր անհատական ուժը հաւաքական ուժի, անհատական դրամագլուխը հաւաքական դրամագլուխի, անհատական շնորհները հաւաքական բարիքի եւ անհատական նուաճումները հաւաքական յաղթանակի վերածելու մէջ կը կայանայ ղեկավարութեան արժանիքը:

«Այս նուիրական նպատակին հասնելու համար պէտք է ամէնէն առաջ թօթափել մեր եսակեդրոն անհատապաշտութիւնը եւ փոխարէնը` զարգացնել հաւաքական մեր գիտակցութեան ու գործունէութեան կամքը»:

Միւնիխի պանդոկին մէջ ազգային հարցերու շուրջ ունեցած մեր գիշերային զրոյցները եղան մեր վերջին անպաշտօն ու սրտցաւ խօսակցութիւնները:

Ընկ. Զէյթլեանի առեւանգումէն երկու օր ետք, երբ ինքնաշարժովս ընկ. Ազնաւորեանին ու Միքիին հետ «Սարդարապատ» ակումբէն կ՛ուղղուէինք «Նիկոլ Դուման» ակումբ, ուր միջկոմիտէական ժողով տեղի պիտի ունենար` շարքերուն պաշտօնապէս տեղեկացնելու ընկ. Զէյթլեանի առեւանգումը, ընկ. Ազնաւորեանին ըսի.

– Ընկ. Սարգի՛ս, դուն ալ առանց ընկերակիցի կը պտտիս, ճիշդ չես ըներ, եթէ քեզի ալ բան մը պատահի, շատ ծանր կացութեան կրնանք մատնուիլ:

– Յակո՛բ, ըլլալիքը պիտի պատահի, գոնէ հետս եղողին մահուան պատճառ չեմ ըլլար,- եղաւ Ազնաւորեանի պատասխանը:

Այս խօսակցութենէն հազիւ երեք շաբաթ անց, նոյն հայանուն գործակալները առաւօտ կանուխ գործի երթալու ճամբուն վրայ սպաննեցին ընկ. Ազնաւորեանը:

Երկու օր ետք յուղարկաւորներու հոծ բազմութիւն մը, եկեղեցիէն դէպի Պուրճ Համուտի գերեզմանատուն ճամբուն վրայ, լուռ ու վրդոված կը հետեւէր ընկ. Ազնաւորեանի եռագոյնով ծածկուած ուսամբարձ տարուող դագաղին, յիշողութեանս մէջ պատկերացաւ ընկ. Սարգիսը, որ ո՛չ յուղարկաւոր, ո՛չ ալ գերեզման ունեցաւ: Տխրութիւն մը պատեց զիս ու շուրթերս սկսան արտասանել հայ բանաստեղծին սա խօսքերը.

«Ո՛չ փող զարկինք, ո՛չ արձագանգ լեռնասոյզ,
Սարէ ի սար չարաշշուկ տարին լուր,
Ու չերգեցինք ողբաց երգեր սրտայոյզ…
Վասն հայրենեաց մեռար, դու շա՜տ ապրեցար» (*):

Մարդիկ կան, որոնք իրենց իմացական պատրաստութեամբ, կենցաղավարութեամբ ու
բարոյական սկզբունքներով ոչ միայն շրջապատին յարգանքն ու համակրանքը կը վայելեն, այլեւ իրենց հեղինակութեամբ կ՛արժեւորեն ղեկավարի տիպարը:

Այսպիսիները հանրային կեանքին մէջ իրենց ցուցաբերած անանձնականութեամբ, ուղղամտութեամբ, ինքնավստահութեամբ, պարտաճանաչութեամբ, բծախնդրութեամբ, պահանջկոտութեամբ, լաւագոյնին ձգտումով եւ պատասխանատւութեան բարձր գիտակցութեամբ կ՛որակաւորեն ազգային մեր կառոյցները եւ կեանք ու դիմագիծ կու տան հաւաքականութեան: Անոնց անժամանակ մեկնումը կ՛աղքատացնէ հաւաքական կեանքը` զայն մատնելով միջակութեան, պատեհապաշտութեան ու սովորամոլութեան, հասարակութիւնը ձգելով խարխափումի եւ ինքնութեան ու պատկանելիութեան որոնումի ոլորապտոյտին մէջ:

Հոկտեմբեր 2017, Մոնրէալ

* Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան. «Քաջորդւոյն թաղումը»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.