Նոր Սահմանադրութեան նախագիծը կրնայ ճամբայ հարթել Արցախի նախկին զինծառայողները Ատրպէյճանին յանձնելու առջեւ. Յովհաննէս Խուդոյեան

ԵՐԵՒԱՆ.- Փաստաբան Յովհաննէս Խուդոյեան չորեքշաբթի, 25 նոյեմբերին, զգուշացուց, որ Հայաստանի նոր Սահմանադրութեան նախագիծին մէջ քաղաքացիութենէ զրկելու վերաբերեալ դրոյթները կրնան իրաւական նախադրեալներ ստեղծել Արցախի պաշտպանութեան մասնակցած անձերը Ատրպէյճանին յանձնելու համար։

Նախագիծով կը նախատեսուի որոշ պարագաներու Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները դատական կարգով իրենց քաղաքացիութենէն զրկելու կարելիութիւն։ Խուդոյեանի գնահատումով՝ իշխանութիւնները այս դրոյթին միջոցով կրնան ձեռք բերել քաղաքական ճնշում բանեցնելու նոր լծակ մը։

Փաստաբանը յատկապէս մտահոգիչ նկատեց այն հանգամանքը, որ քաղաքացիութենէ զրկելու միջոցին դիմելով՝ կարելի պիտի ըլլայ շրջանցել Հայաստանի քաղաքացիները օտար պետութիւններու յանձնելու վերաբերեալ իրաւական պաշտպանութեան որոշ երաշխիքներ։

Խուդոյեան յիշեցուց, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Արցախի պաշտպանութեան մասնակցած անձերը կը դիտարկեն իբրեւ քրէական հետապնդման ենթակայ անձեր։ Այս պայմաններուն մէջ, անոր համոզումով, սահմանադրական առաջարկը առանձնայատուկ վտանգ կը ներկայացնէ Արցախի նախկին զինծառայողներուն համար։

Նշենք, որ նախագիծը ուղղակիօրէն չի նախատեսեր նշեալ անձերուն յանձնումը Ատրպէյճանին։ Խուդոյեանի զգուշացումը կը վերաբերի առաջարկուած դրոյթներու յետագայ կիրարկման հաւանական հետեւանքներուն եւ անոնց դէմ անհրաժեշտ իրաւական երաշխիքներուն։