Ռոբերտ Աբաջեանի հարազատ դպրոցը անուանակոչուեցաւ հերոսի անունով – Տեսանիւթ

Երեւան քաղաքի Քանաքեռ-Զեյթուն վարչական շրջանի թիւ 147 դպրոցը անուանակոչուեցաւ Արցախի հերոս Ռոբերտ Աբաջեանի անունով:

Անցեալ տարուան ապրիլին նահատակուած Ռոբերտ Աբաջեանի անունը անմահացուց իր հարազատ դպրոցը: Դպրոցի անուանատախտակը բացին Երեւանի քաղաքապետն ու Ռոբերտի հայրը:

Երեւանի փոխ քաղաքապետ Արամ Սուքիասեան այս առթիւ յայտնեց, թէ վստահ է, որ աշակերտները ամէն օր դպրոց յաճախելու ընթացքին Ռոբերտի հայրենասիրութեամբ պիտի տոգորուին:

Դպրոցի բակին մէջ, Ռոբերտի ընտանիքի անունով տեղադրուած յուշաքարին մօտ ծաղիկներ դրուեցան։

Տեսանիւթը դիտել հոս՝

School No. 147 is officially named after Artsakh’s hero Robert Abajyan

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.