Պօղոս Սնապեանի Բարձրաքանդակի Բացում` Այնճարի Մէջ

Հայ ժամանակակից գրականագիտութեան զարգացման մէջ իր ուրոյն ներդրումը ունեցած վաստակաւոր մտաւորական, «Բագին» ամսագիրի երկար տարիներու վաստակաւոր խմբագիր եւ ՀՅ Դաշնակցութեան գրական անդաստանին մէջ հանրածանօթ հեղինակութիւն Պօղոս Սնապեանի ծննդեան 95-ամեակին առիթով, նախաձեռնութեամբ Պ. Սնապեանի տուն-թանգարանին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, կիրակի, 14 օգոստոս 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 6:30-ին, գրողին տուն-թանգարանին դիմաց պաշտօնական հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ Պօղոս Սնապեանի բարձրաքանդակի բացումը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.