Պոլսոյ Մէջ Թրքերէնով Հրատարակուած Է Ցեղասպանութենէն Փրկուած Հայ Քահանայի Մը Օրագիրը

Պոլսոյ մէջ թրքերէնով հրատարակուած է Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած հայ քահանայ Ներսէս Պապայեանի յիշողութիւններու օրագիրը, որ գիրքի տեսքով լոյս ընծայուած է Այնթապի հայերու պատմութեան ուսումնասիրութեամբ զբաղող թուրք պատմաբան Ումիթ Քուրթի եւ պատմութեան հիմնադրամի «Եուրթ» հրատարակչատան կողմէ: Այս մասին կը գրէ «Ակօս» պարբերականը:

«Այնթապ 1915-1922» աշխատութեան մէջ քահանայ Պապայեան կը պատմէ հայերու անհիմն ձերբակալութիւններու, հայկական թաղամասերու մէջ կազմակերպուող խմբային յարձակումներու, տեղի հայութեան վերապրած կոտորածներու ու բռնի աքսորի մասին:

Գիրքին մէկ այլ կարեւոր առանձնայատկութիւնն ալ այն է, որ մինչեւ 1922 թուական այստեղ ապրած հայ քահանան լոյս կը սփռէ 1918 թուականին Այնթապ վերադարձող հայերու եւ քաղաքը ֆրանսական զօրքին կողմէ գրաւուելէ ետք ինքնակազմակերպուելով` թրքական բանակին դէմ մղած պայքարին վրայ:

Ումիթ Քուրթը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն փաստին վրայ, որ թէեւ ֆրանսական զօրքի Այնթապ մտնելէ ետք հայերը փորձած են մղուող պատերազմին մէջ պահպանել համեմատաբար չէզոք դիրք, սակայն ի վերջոյ լուրջ աջակցութիւն ցուցաբերած են ֆրանսացիներուն, եւ անոնց շնորհիւ` ֆրանսական բանակը կրցած է իր վերահսկողութեան տակ առնել Այնթապի զգալի մասը, թէեւ տեղի հայերու` ֆրանսացիներէն ունեցած հետագայ սպասումները այդպէս ալ չարդարացան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.