Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարարը ընդունեց ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչները

Մարտ 6-ին, Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Հաժա Լահպիպ ընդունեց Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը, գործադիր տնօրէնուհի Հեղինէ Էվինեանը եւ շրջանի Հայ Դատի  յանձնախումբի նախագահ Կարօ Կարապետը:

Հանդիպումի ընթացքին գրասենեակի ներկայացուցիչները մանրամասնութիւններ փոխանցեցին Արցախի մասին:

Անոնք ընդգծեցին Բերձորի միջանցքին անյապաղ բացման կարեւորութիւնը եւ Ատրպէյճանի մէջ գերութեան մէջ գտնուող հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման հրամայականը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.