Ուրուկուէյի Հայ Դատի Յանձնախումբի հանդիպումը երկրի Նախագահ Լուիս Լագաժէ Փօուի հետ

Դեկտեմբեր 1-ին, Ուրուկուէյի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամները հանդիպում ունեցան երկրի Նախագահ Լուիս Լագաժէ Փօուի հետ։ Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Առողջապահութեան Փոխ նախարար Խոսէ Լուիս Սաթջեանը:

Հանդիպման ընթացքին Նախագահին փոխանցուեցան Ատրպէյճանի կողմէ  Հայաստանի վրայ յարձակման հետեւանքներունն մասին տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ 2020 թուականին Հայաստանի ու Արցախի դեմ կատարուած ռազմական թուրք-ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը:

Հանրապետութեան Նախագահը իր հերթին վստահեցուց, թէ Հայաստանի եւ անոր ժողովուրդին հանդէպ Ուրուկուէյի պատմական համերաշխութեան դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ, յատկապէս այս դժուարին ժամանակներուն:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.