Ուղիղ եթերով հարցազրոյց «Ասպարէզ»ի, «Հորիզոն»ի եւ «Արմինիըն Ուիքլիի»ի խմբագիրներուն հետ

Ապրիլ 27-ին, երկոյեան ժամը 8-ին (Ատլանտեան ափի ժամանակացոյցով), Գանատայի Trik Trak (triktrak.ca) համացանցային ռատիոկայանի տնօրէն Սեդրակ Կարապետեան հարցազրոյց պիտի կատարէ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թերթերու խմբագիրներուն հետ։ Հարցազրոյցին պիտի մասնակցին Արեւմտեան Ամերիկայի «Ասպարէզ» օրաթերթի անգլերէն բաժնի խմբագիր Արա Խաչատուրեան, Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագիր Վահագն Գարագաշեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի Armenian Weekly շաբաթաթերթի խմբագիր Ռուբէն Ճանպազեան։ Հարցազրոյցի ընթացքին խմբագիրները պիտի ներկայացնեն վերոնշեալ երեք աշխարհագրական շրջաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումներու պատմական հոլովոյթն ու ներկայ իրավիճակը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.