Ո՞ւր անհետացած է Թալէաթին գլուխը. Վրիժառու Սողոմոն Թէհլիրեանի յուշարձանին պատմութիւնը

Ազգային հերոս Սողոմոն Թէհլիրեանի յուշարձանը, որ տեղադրուած է Շիրակի մարզի Մարալիկ գիւղին մէջ, հետաքրքրական պատմութիւն մը ունի. քանդակին հեղինակին մտայղացումը չէ իրականացած նախկին մարզպետին պատճառով, սակայն քանդակագործը յոյսով է, որ իր գաղափարը օր մը իրականութիւն կը դառնայ:

Հայ ազգայինազատագրական շարժման գործիչ, ազգային հերոս Սողոմոն Թէհլիրեանի պրոնզաձոյլ յուշարձանին հեղինակը Սողոմոնին ոտքին տակ քանդակեր էր Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչներէն մէկուն՝ Թալիաթ փաշային գլուխը, սակայն անոր մտայղացումը չէ իրականացած: 4 մեթր բարձրութիւն ունեցող յուշարձանին հեղինակը՝ ՀՀ վաստակաւոր նկարիչ Սամուէլ Պետրոսեանը կը պատմէ քանդակին պատմութիւնը:

Պետրոսեանը արձանը քանդակելու ժամանակ օգտուեր է ազգային արխիւներուն մէջ պահուած լուսանկարներէն: Քանդակագործին արուեստանոցին մէջ մինչեւ այսօր պահուած է արձանին կաւէ տարբերակը, որ յստակօրէն կը դրսեւորէ քանդակագործին մտայղացումը՝ Սողոմոնին ոտքին տակ Թալիաթի գլուխը:

Արձանը ձուլելու ժամանակ ոճրագործին գլուխը ծածկուեր է, եւ Մարալիկի մէջ տեղադրուած է ծածկուած տարբերակը, թէեւ ուշադիր զննելու պարագային ծածկոցին տակէն կ’երեւին Թալիաթի քիթն ու վիզը:

«Նախնական գաղափարը բոլորին հաւանութեան արժանացեր էր, նոյնիսկ՝ մասնագէտներուն, սակայն երբ արձանը պիտի ուղարկուէր ձուլուելու, Շիրակի նախկին մարզպետ Ֆելիքս Ցոլակեանը պնդեր է գլուխը ծածկել՝ պատճառաբանելով որ այդպիսով Եւրոպային հաճելի չի թուիր: Արուեստին քաղաքական պաստառ տալը ճիշդ չէ», ըսած է քանդակագործը, նշելով որ գլուխը կրկին «բանալու» հնարաւորութիւն կայ:

Ըստ Պետրոսեանին, պէտք է միայն վրայինը հանել, եւ կրկին կաւէ արձանին պէս կ’ըլլայ:

«Հարիւրաւոր օրինակներ պատրաստեր եմ, մինչեւ որ ստացեր եմ իրական պատկերը՝ իրական Սողոմոնին արժանի», կը նշէ Սամուէլ Պետրոսեանը:

Քանդակագործը տակաւին յոյսով է, որ օր մը քանդակը կը կանգնի այնպէս, ինչպէս ինքը ստեղծեր է՝ ապացուցելու համար, որ իւրաքանչիւր ոճիր իր պատիժը կը ստանայ:

Շիրակի մարզի Մարալիկ գիւղին մէջ հայ ազգայինազատագրական շարժման գործիչ, ազգային հերոս Սողոմոն Թէհլիրեանի յուշարձանին բացումը կատարուած է 2015 թուականի Ապրիլ 22-ին, Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներուն ծիրէն ներս: Մարալիկ գիւղին մէջ Սողոմոն Թէհլիրեանը կանգնած է կրանիթէ պատուանդանին, ձեռքին՝ կրկնօրինակը այն ատրճանակին, զոր Աւետիք Իսահակեան տուած էր Սողոմոնին:

Թէհլիրեանին նուիրուած յուշարձաններ կան նաեւ Ֆրեզնոյի Մաստարա գիւղին եւ Երեւանի մէջ, սակայն Մարալիկի մէջ տեղադրուածը ամէնէն յատկանշականն է:

1915 թուականին Թէհլիրեանը վերապրած է ցեղասպանութիւնը, որ շատ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է իր վրայ։ Արձանին դէմքին հպարտութիւն եւ վեհութիւն կայ, աչքերուն՝ հանգստութիւն, արժանի վրէժի հանգստութիւն՝ ողջ ազգ մը եւ իր ընտանիքի 85 անդամները, որոնցմէ էին նաեւ հարազատ մայրն ու եղբայրը սպաննած ոճրագործէն վրէժ լուծած մարդու հանգստութիւն: Արձանը կարծես նոյն բառերը կը մտածէ, զորս ըսած էր դատավարութեան ժամանակ. «Այո՛, ես սպաննեցի, բայց մարդասպան չեմ»:

Արմենուհի Մխոյեան

Sputnik

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.