Ո՞Վ Է ԱՊԱԳԱՅՈՒՄ ԼԻՆԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԱՇՏՈՒՄ

Կարօ Արմենեան

Վարչապետ Փաշինեանի այսօրուան ելոյթը Հ.Հ. Ազգային Ժողովի ամպիոնէն հիմնական մէկ խնդիր կը դնէ, որուն հետ հաշուի պէտք է նստի ամէն Հ.Հ. քաղաքացի եւ ամէն հայ։

Անկախ այն իրողութենէն, որ Պր. Վարչապետը իր այս ճառով կը գերազանցէ ինքզինք Հ.Հ. գործադիր իշխանութեան պետի իր հանգամանքէն դուրս գալու իր իւրայատուկ հռետորաբանութեամբ, մէկ բան շատ յստակ է իր պատգամին մէջ եւ մեծապէս բարացուցական։ Վարչապետ Փաշինեան կը մերժէ Հ.Հ. քաղաքական դաշտէն ներս տեղ տալ այլակարծութեան։ Կը մերժէ ընդունիլ կենսունակ ընդդիմութեան մը ներկայութիւնը։ Կենսունակ ժողովրդավարութեան մը կենսագործունէութի՛ւնը։ Կը մերժէ՝ առանց ծամծմելու իր բառերը։ Եւ այդ բառերը ինք կը գործածէ որպէս բնաբան իր իսկ պաշտօնական կայքէջին վրայ։ Ան կ՚ըսէ՝ «Յաջորդ խորհրդարանում տեղ են ունենալու միայն այնպիսի ուժերորոնք աներկբայօրէն պաշտպանում են ժողովրդական յեղափոխութեան արժէքները»։ Եւ քանի որ «ժողովրդական յեղափոխութիւնը» ինքն է եւ միայն ինք կրնայ զայն ըլլալ, հետեւաբար դիրքերը միանգամընդմիշտ կը հասնին աննախընթաց բիւրեղացման։ «Պետութիւնը ես եմ», կ՚ըսէր Լուի 14-րդ 365 տարի առաջ։ L’etat, c’est moi! Կը պնդէ Հ.Հ. Վարչապետը այսօր վերոյիշեալ իր անթաքոյց բանաձեւով։ Կը պարզուի, որ իր պատկերացուցած Հայաստանի խորհրդարանին մէջ, տեղ չկայ նոյնիսկ այսօրուան վտիտ ընդդիմութեան համար։ ՓՈԽԱՐԷՆԸ ՏԵՂ ԵՆ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ՄԻԱՅՆ ԱՅՆՊԻՍԻ ՈՒԺԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԱՆԵՐԿԲԱՅՕՐԷՆ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ։ Իսկ ո՞վ կ՚ընէ ճակատագրական այս ընտրութիւնը այդ ուժերուն միջեւ։ Ո՞վ կրնայ զանազանել «աներկբայօրէն» հարազատը անհարազատէն, «լեգիտիմ»ը «ոչ-լեգիտիմ»էն…Պարզ է, որ այս տիեզերքին մէջ, միայն մէկ հոգի կրնայ ընել այդ ընտրութիւնը եւ այդ մէկը ժողովուրդը չէ՛։

Բայց մենք պէտք է վերադառնանք աւելի հիմնական հարցի մը, որ վեր է նոյնիսկ Վարչապետ Փաշինեանէն։ Պէտք չէ մոռնալ, որ Պր. Վարչապետն ու իր մեծամասնական իշխանութիւնը կեանքի կոչուեցան ժողովուրդին քուէներով։ Ժողովրդային Շարժման տարերային ալիքն էր, որ ստեղծեց «Իմ-Քայլ»-ական այս վարչակարգը։ Անուրանալի է այս մէկը։ Հարցո՛ւմ։ Սխալեցա՞ւ արդեօք ժողովուրդը իր դատողութեան մէջ։ Բոլորովին այլ նպատակի համա՞ր ժողովուրդը ընտրեց այս վարչախումբը եւ ուրեմն այսօր խաբուա՞ծ է ան։ Թէ ժողովուրդը պարզապէս ընտրեց միակ հնարաւոր «հակա-Սերժ»-ը, որ կար  հրապարակի վրայ այդ օրերուն առանց լրջօրէն «բարակը փնտռելու»…Կարելի չէ այս եւ նմանօրինակ հարցումներուն յստակ պատասխան տալ այսօր։ Անցած է 2018 Ապրիլի ալիքը եւ իշխանութեան դիրքերուն վրայ տեղ գրաւած է ներկայ իշխանութիւնը եւ այս է իրականութիւնը։ Եւ այսօր ունինք ա՛յս իշխանութիւնը իր այսօրուան վիճակացոյցով։ Հետեւաբար հիմա ժամանակն է, որ Պր. Վարչապետին ակնարկած վաղուան խորհրդարանը ի վերջոյ ծնունդ առնէ նոր արարումով մը։ Ծնի այսօ՛ր իսկ առանց սպասելու ընտրութիւններուն։ Ժամանակն է, որ ան ծնի հայոց երկրի առեղծուածային ընտրողի մտքերուն մէջ որպէս պայծառ մտատեսիլ։ Այն իսկ ընտրողի՛ն՝ որուն հաշւոյն կը թուի որոշում առած ըլլալ Պր. Վարչապետը, որպէս գեր-միտք…

Իրականութիւնը այն է, որ աւելի քան երեսուն տարի Հ.Հ. հաւաքական կեանքին տիրութիւն ըրած ուժերու քաղաքական մշակոյթը վերստին կը խօսի Պր. Վարչապետին համարձակ խօսքերով։ Բոլոր իշխանութիւնները ցարդ համոզած են ժողովուրդը, որ ինք ընելիք չունի այս պետութեան կեանքին մէջ։ Իր քուէն քուէ չէ, այլ ընդամէնը ծախու ապրանք, զոր այս երկրի տէրերը կրնան գնել դրամով կամ ամբոխահաճութեամբ (populism)։ Եւ այս ժողովուրդը յօժարած է ապրիլ այս ողբալի կարգավիճակով եւ ընդունիլ իր ճակատագիրը։  Այսպէ՞ս կը պատկերացնէք դուք մեր ժողովուրդը։ Դուք կը կարծէք, թէ կրնաք անպատիժ արհամարհե՞լ մեր ժողովուրդին ազատ կամքը։ Ազատօրէն խօսիլ յանուն իրեն առանց իր կարծիքը հարցնելո՞ւ։ Ոտնակոխ ընել իր Սահմանադրութի՞ւնը։ Եւ լռեցնե՞լ իր ձայնը։ Դուք եկած էք իր հօր «ոսկինե՞րը» համրելու։ Բադին, Կոզբադին, Սիւդին, Չարխադի՛ն։ Եթէ այդպէս է, այս ժողովուրդը հիմա ձեզի պիտի պատմէ Սասնայ Ծռերու մեր Դիւցազնավէպին վերջին պատումը…զոր չէք լսած տակաւին։

Բոլոր անոնք, որոնք կ՚ապրին Պր. Վարչապետին եւ իր կուսակիցներու տխուր պատրանքով, կը պատկանին անցեալին։ Անոնք յոռետեսներն են։ Անոնք չեն հաւատար, որ մեր ժողովուրդը ունի իր ազատ եւ անկապտելի կամքը։ Անոնք ծնած են փակ աշխարհի մը մէջ եւ չեն կրցած զարթնիլ անցնող երեսուն տարիներու ընթացքին։ Դաշնակցութիւնը կը մերժէ այս նահանջական մշակոյթը։ Դաշնակցութիւնը կը մերժէ քաղաքական այս ճահիճը բոլոր իր ժահրերով։ Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ մեր ժողովուրդը – ներառեա՛լ ներկայ իշխանութեան մարդիկ – արժանի է արժանապատիւ կեանքի։ Արժանի է ազատութեան։ Արժանի է արդարութեան։ Արժանի է հպարտութեան։ Արժանի է իր ապագան իր ձեռքերով կառուցելու։ Զայն կերտելու իր մաքուր ազգային յեղափոխական գաղափարախօսութեան պատկերով։ Դուք մեզ կը մերժէք, Պր. Վարչապետ։ Մենք ձեզ եւ բոլոր մեր ազգակիցները կ՚ընդգրկենք մեր յեղափոխական տեսլականին մէջ։  Եւ կ՚ընդգրկենք բոլոր մեր հաւաքական մարտահրաւէրները միասնական ուժով դիմագրաւելու վճռակամութեամբ։ Մենք կը հաւատանք, որ վաղուան խորհրդարանը պիտի ըլլայ հայելին մեր ազգային կենսունակութեան բոլոր իր հարազատ տարբերութիւններով եւ պիտի գործէ անվախ՝ մեր ազգային գաղափարախօսութեան միասնական ներշնչումով։

Յունիս 25, 2020      

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.