Ո՛չ Հայաստանի Թրքացման, Ո՛չ Արցախի Հայաթափման՝ Այս է Մեր Որդեգրած Կարգախօսը. Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան

Հայաստանի եւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն, ՀՀ իշխանութիւններուն վարած արտաքին քաղաքականութեան, Արցախի եւ արցախցիներու անվտանգութեան երաշխիքներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետ կապուած հարցերով «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանը դիմած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանին:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերջին փորձերուն՝ նշելով, որ մանաւանդ 44-օրեայ պատերազմէն ետք տարածաշրջանին մէջ աշխոյժ դերակատարութիւն ստանձնած եւ իր փանթրքական ծրագիրերը առաջ մղող Թուրքիան չէր կրնար յարաբերութիւններու կարգաւորման դիմել առանց նախապայմաններու, ինչպէս կը հաւատացնէին ՀՀ իշխանութիւնները: «Եւ մենք ականատես եղանք, որ արդէն եղածին կ՝աւելնան նոր նախապայմաններ, մասնաւորապէս այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքի պահանջը»,- նշած է Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան:

Խօսելով Արցախի անվտանգութեան ու ստեղծուած իրավիճակին մէջ անվտանգութեան յաւելեալ երաշխիքներուն մասին՝ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան մտահոգութիւն յայտնած է, որ ՀՀ իշխանութիւններուն դրսեւորած վարքագիծը, թէ Արցախի անվտանգութիւնը արցախցիներուն գործն է, կը վտանգէ Արցախի ճակատագիրը եւ հայոց երկրորդ պետականութեան յետագայ կարգավիճակին հարցը:

Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին՝ ռուսական խաղաղապահ ուժերու ներկայութիւնը Արցախի մէջ ընդամէնը փխրուն խաղաղութիւն կ՝ապահովէ արցախահայութեան համար, որ չի կրնար նպաստել, որ մարդիկ ամուր կառչած մնան իրենց հողին ու ապրին պարբերաբար յարձակումներու ենթարկուող սահմանամերձ բնակավայրերու մէջ: «Ճիշդ է, դեռ կը գործէ նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը, բայց անոր ազդեցութիւնը բավական տկարացած է եւ անորոշ յայտարարութիւններէն այն կողմ չ՝անցնիր: Մասնաւորապէս բաւական վտանգաւոր են Հայաստանին ուղղուած յորդորները, թէ Արցախի կարգավիճակին հարցը պէտք է յետաձգել, ձգել աւելի ուշ ժամանակներու, երբ կարգաւորուած ըլլան Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատումներն ու որոշակի վստահութեան մթնոլորտ ստեղծուի երկու ժողովուրդներուն միջեւ»,- նշած է Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան:

Մանրամասները՝ «Վանայ Ձայն»-ի յատուկ հարցազրոյցով.

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.