«Շրջանին Մէջ Օտարերկրեայ Ուժերու Ներկայութիւնը Չի Կրնար Կայունութիւն Ու Խաղաղութիւն Ապահովել» Կ՛ըսէ Իրանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը

Իրանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է դրացիներու հետ յարաբերութիւններու զարգացումը: Այս քաղաքականութեան մէջ Իրանի համար կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի Հայաստանը: Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ալի Պաղերի Քանի:

«Խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ ես իմ հայ գործընկերոջս հրաւէրով կը գտնուիմ Հայաստան, եւ երէկ ու այսօր մենք արդիւնաւէտ քննարկումներ ունեցած ենք իմ հայ գործընկերոջս, ինչպէս նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ: Այդ հանդիպումներուն ընթացքին ընդգծուեցաւ Իրանի կայուն դիրքորոշումը շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ: Եւ մեր հանդիպումներուն ընթացքին ընդգծած ենք, որ Իրանը միշտ վստահելի գործընկեր է խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հաստատման գործին մէջ», ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարը:

Ան աւելցուց, որ շրջանի երկիրներն են, որոնք խաղաղութեան եւ կայունութեան երաշխաւորներն են, եւ օտարերկրեայ ուժերու ներկայութիւնը չի կրնար այդ կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը ապահովել, որովհետեւ անոնք այլ հեռանկարներ կը հետապնդեն:

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարին հարցում ուղղուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքը փակ պահելու, Հայաստանի գերիշխան տարածքի մէկ մասը բռնագրաւուած պահելու, ինչպէս նաեւ «Արեւմտեան Ազրպէյճան» եւ «Հարաւային Ազրպէյճան» կեղծ թեզերը շրջանառութեան մէջ դնելու վերաբերեալ:

«Աստուած դիւանագէտները ստեղծած է, որպէսզի խաղաղ երկխօսութիւններու միջոցով կարենան հասնիլ կայունութեան հաստատման: Ես կ՛ենթադրեմ, որ շրջանի երկիրներու ղեկավարները այնքան խելամիտ են, որ հարցերու լուծման համար երկխօսութեան տարբերակը պիտի ընտրեն: Եւ Իրանը իր ամբողջ կարելիութիւնն ու կարողականութիւնը պիտի օգտագործէ խաղաղ երկխօսութիւններու միջոցով հարցերուն ու խնդիրներուն լուծում տալու համար», պատասխանեց Ալի Պաղերի Քանի:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.