Շաբթուան ամփոփումը (10 սեպտեմբեր 2026)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։

Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։


ԳԱՆԱՏԱ եւ ՍՓԻՒՌՔ

– Օգոստոս 21-23-ին Գեմպրիճի Հայ կեդրոնին մէջ կայացաւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) 54-րդ Պատգամաւորական ժողովը՝ Մոնթրէալ-Լաւալի, Գեմպրիճի, Վանգուվըրի եւ Թորոնթոյի մասնաճիւղերէն 30 պատգամաւորներու մասնակցութեամբ։ Ժողովը քննարկեց քաղաքական, դաստիարակչական, կազմակերպական եւ նիւթական հարցեր՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով միութեան ներքին հզօրացման եւ Հայաստանի մէջ ամառնային ճամբարներու շարունակականութեան անհրաժեշտութեան։ Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական նոր վարչութիւնը։

– Օգոստոս 27-ին Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ «Յովնանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի հրատարակած Նայիրի Մկրտիչեանի «Բարեւ… Ես գիրքն եմ» դասագիրքի շնորհանդէսը, հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Առաջնորդարանի Հայեցի Դաստիարակութեան բաժանմունքին։ Հայաստանէն ժամանած հեղինակը ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնն ու ուսուցողական առանձնայատկութիւնները, իսկ փոքրիկներ ընթերցեցին դասագիրքէն հատուածներ։ Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Բաբգէն Արք. Չարեան բարձր գնահատեց Մկրտիչեանի աշխատանքը՝ ընդգծելով գիրքին դերը հայ մանուկներու լեզուական, մշակութային եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան ու ազգային ինքնութեան պահպանման մէջ։

– Հայ շարժապատկերի վաստակաւոր բեմադրիչ Արտաւազդ Փելեշեանի ստեղծագործութիւնները առանձնայատուկ ներկայացմամբ մը պիտի սփռուին 2026-ի Թորոնթոյի Միջազգային Շարժապատկերի Փառատօնի ընթացքին (TIFF), ուր «TIFF Classics» ծրագրին ծիրին մէջ պիտի ցուցադրուին անոր վերամշակուած հինգ գործերը՝ Land of the People, The Beginning, We, The Seasons եւ The End։ «Pelechian Project»-ի հիւսիսամերիկեան առաջին ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբեր 14-ին։ Փելեշեան՝ միջազգային շարժապատկերին մէջ յատկապէս յայտնի է իր «հեռաւոր մոնթաժի» տեսութեամբ եւ հայ ժողովուրդի, յիշողութեան ու բնութեան թեմաներուն նուիրուած ինքնատիպ ստեղծագործութիւններով։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ եւ ԱՐՑԱԽ

– Սեպտեմբեր 2-ին, Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 35-ամեակին առիթով, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ եւ Արցախի քաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներ այցելեցին Եռաբլուր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Արցախի ազատագրական պայքարի նահատակներուն։ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լիլիթ Գալստեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան շեշտեցին, որ Արցախի հարցը եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը պէտք է շարունակեն մնալ ազգային ու միջազգային օրակարգի վրայ՝ քննադատելով Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը։ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներ եւս ընդգծեցին, որ Արցախի էջը փակուած չէ, իսկ արցախահայութեան վերադարձի եւ հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերը կը շարունակեն մնալ օրակարգի վրայ։

– Իրաւապաշտպան Սիրանուշ Սահակեան սեպտեմբեր 4-ին յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիները գրեթէ ամբողջական մեկուսացման պայմաններու մէջ կը գտնուին՝ առանց հարազատներու, անկախ փաստաբաններու եւ բժիշկներու, հիւպատոսական ներկայացուցիչներու կամ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի հետ անմիջական շփման։ Ան նշեց, որ արտաքին աշխարհին հետ կապը սահմանափակուած է վերահսկուող հեռաձայնային կարճ զրոյցներով, որոնք կրնան ընդհատուիլ ըստ բովանդակութեան։ Սահակեան նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց կալանաւորներու առողջական վիճակին շուրջ՝ նշելով, որ ըստ իրենց ունեցած տեղեկութիւններուն, բժշկական պատշաճ խնամք եւ շարունակական բուժում չեն ապահովուիր։ Ան աւելցուց, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին միջոցով որոշ բժշկական տուեալներ ստացուած են, իսկ այժմ կը սպասեն Ատրպէյճանի կողմէ դատարանին ներկայացուած թարմացուած տեղեկութիւններուն։

– Եւրոպական Խորհրդարանի Միջազգային Առեւտուրի յանձնաժողովը սեպտեմբեր 3-ին հաւանութիւն տուաւ հայկական ապրանքներու լայն շրջանակի նկատմամբ մաքսատուրքերու ժամանակաւոր մեղմացման առաջարկին՝ Ռուսիոյ կողմէ հայկական արտածումներու նկատմամբ սահմանուած սահմանափակումներուն պայմաններուն մէջ։ Նախատեսուած միջոցներով շարք մը ապրանքներու մաքսատուրքերը երկու տարուան համար պիտի կասեցուին, իսկ ութ տեսակի գիւղատնտեսական արտադրանքի համար պիտի սահմանուին տուրքէ զերծ քանակաչափեր։ ԵՄ-ի համաձայն՝ ծրագիրը պիտի ընդգրկէ դէպի եւրոպական շուկայ Հայաստանի արտածումներուն շուրջ 80 առ հարիւրը՝ նպատակ ունենալով նպաստել արտահանման շուկաներու բազմազանեցման եւ Հայաստանի տնտեսական դիմակայունութեան ամրապնդման։