Դամբանական` Ընկեր Եդուարդ Ֆրունճեանի յիշատակին
- (0)

Ստորեւ կը ներկայացնենք հանգուցեալ Եդուարդ Ֆրունճեանի յուղարկաւորութեան ընթացքին՝ 4 Սեպտեմբեր 2026-ին, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէին անունով Յակոբ Ս. Յակոբեանի արտասանած դամբանականը, որուն կը յաջորդէ հանգուցեալին կենսագրութիւնը։
Գերաշնորհ Սրբազան Հայր, հոգեւոր հայրեր, հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներ, Հայ կեդրոնէն ներս գործող մարմիններու ներկայացուցիչներ, միութեանց անդամներ, գաղափարակից ընկեր-ընկերուհիներ, բարեկամներ.
Մոնթրէալի հայկական գաղութի շեշտակի կազմաւորումը սկսած է 1950-ական թուականներէն, եւ յաճախակիօրէն ուռճանալով թուական աճ արձանագրած է, շնորհիւ տարբեր երկիրներէ կայք հաստատած հայրենակիցներու, որոնք իրենց հետ բերած են նաեւ իրենց փորձառութիւնները, հմտութիւններն ու ազգային-հասարակական կեանքի հունաւորման ու զարգացման բոլոր նախադրեալները, նոր հորիզոնի տակ, նոր աւիւնով պատուաստելով գաղութի վերելքին նպաստող արդէն իսկ ի գործ դրուած նախաձեռնութիւններն ու կառոյցները։
Առաջին ժամանակաշրջանին Մոնթրէալ բնակութիւն հաստատած սերունդի անդամներէն շատերը այսօր մեր մէջ չեն, սակայն իրենց թողած կտակը ու յարատեւութեան ոգին վարակած ըլլալով յաջորդող սերունդները, առաւել՝ նորահաստատներու ալ ներդրումներով, Հայ կեդրոնի համալիրը ընդարձակուելով ու յարակից շինարարութիւններով, այսօր եւս նեղ կու գայ ձեռնարկներու եւ գործունէութեան բոլոր ոլորտները գոհացնելու առումով։
Այսօր, Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ կամարներուն տակ հաւաքուած, երբ ընկեր Եդուարդ Ֆրունճեանի յիշատակին դամբանականը կը կարդանք, անպայմանօրէն ի մտի ունինք ապրուած օրերու իր գործունէութեան ընդհանուր պատկերը, որուն ծանօթ են յատկապէս անոնք, որոնք իր հետ գործելու պատեհութիւնը ունեցած են։
Ընկեր Եդուարդ Ֆրունճեան ծնած է Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս, 1933 Օգոստոս 30-ին եւ հասակ նետած է տիգրանակերտցի հօր եւ մօր՝ Յովսէփ եւ Նուարդ Ֆրունճեաններու տան երդիքին տակ։ Իր մանկութեան, պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան տարիներուն, ուսումնառութեան կողքին գործուն մասնակցութիւն բերած է անդամագրուելով Կամք մարմնամարզական միութեան, ՀՅԴ Պատանեկան եւ Երիտասարդական միութիւններուն, պատասխանատու պաշտօններ ալ վերցնելով անոնց շարքերէն ներս։
1963-ին ամուսնացած է ընկերուհի Մարօ Պետիկեանի հետ, եւ 1965-ին միասին հաստատուելով Մոնթրէալ, ունեցած են մանչ զաւակ մը՝ Րաֆֆին, եւ հետագային՝ ընկեր Եդուարդին հրճուանք առթող երկու թոռնուհիներ՝ Լիանան եւ Արիանան։
Այստեղ հարկ կը նկատենք մէջբերել, որ ընկերուհի Մարօն իր ամուսնոյն զօրակիցը եղած է, ինք եւս իր կարգին կուսակցութեան անդամագրութեան կողքին նաեւ պատասխանատու պաշտօններ վերցնելով Հայ Օգնութեան միութեան տեղական, շրջանային թէ համահայկական մարմիններուն մէջ։
Ընտանեկան անմիջական պարագաներուն մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն նաեւ ընկեր Եդուարդի քենին եւ քենեկալը՝ ընկերուհի Արուսն ու ընկեր Վաղարշ Էհրամճեանը, որոնք եւս կուսակցական ու միութենական մարմիններու մէջ աշխուժօրէն գործած են, իրենց զաւակներուն եւս նոյն ուղիին առաջնորդելով։
Մոնթրէալի մէջ, ընկեր Եդուարդ Ֆրունճեանի կեանքին երկրորդ հանգրուանը աւելիով բեղուն եղաւ՝ պատասխանատու պաշտօններու ստանձնումով, վարչական մարմիններու եւ յանձնախումբերու մաս կազմելով կամ զանոնք ղեկավարելով, կուսակցական, միութենական թէ ազգային-եկեղեցական կառոյցներէ ներս։
Ան ընտրուեցաւ ու արժանավայել կերպով տարաւ իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւնները. նշանակուեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան խորհրդատու, ընտրուեցաւ ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի ատենապետ յաջորդական երկար տարիներ, Գանատայի ինքնուրոյն շրջան հաստատումէն ետք՝ ստանձնեց ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետութիւնը, կուսակցութեան գործունէութիւնը կազմակերպչական դրական նոր մակարդակի առաջնորդելով, իսկ ՀՅԴ Շրջանային ժողովներու մասնակցեցաւ՝ ստանձնելով դիւաններու ատենապետի պաշտօնը։
Նոյնքան բեղուն եղաւ ընկերոջ մասնակցութիւնը եւ ներկայութիւնը ՀՄԸՄ-Կամքի շարքերէն ներս, զանազան նախաձեռնութիւններու առթիւ, յառաջադէմ դիրքերու ստանձնումով։
Իսկ Ազգային-թեմական ոլորտի շրջածիրէն ներս ընտրուեցաւ Ազգային երեսփոխան, հոգաբարձութեան, ինչպէս նաեւ՝ վարժարանի հանգանակիչ մարմնի անդամ, Կաթողիկոսի ընտրութեան ժողովի պատգամաւոր։ Պարգեւատրուեցաւ Կիլիկեան ասպետի շքանշանով եւ Առաջնորդարանի շքանշանով ու գնահատագրով։
Մասնակցութիւն բերաւ Սփիւռք-հայրենիք համաժողովին։
Եւ տակաւին երկար է շարքը։
Ընկեր Եդուարդ Ֆրունճեանի լրիւ կենսագրութիւնը պիտի հրապարակուի լրատուամիջոցներէն։
Իսկական հայու պատկերով եւ տարիներու ընթացքին հայրական իր գորովը անշահախնդրօրէն իր շրջապատին բաշխելով, ընկեր Եդուարդ հանդիսացաւ կազմակերպական բոլոր մակարդակներու վրայ այն դրօշակիրը, որ իր օրինակելի ընթացքով եւ իր խորհուրդներով դրապէս վարակեց իր գործակիցները, ընկերական շրջանակը, իրեն ժամանակակից թէ՝ յաջորդական սերունդները։
Ընկեր Եդուարդ իր ատենապետած մարմիններու ժողովներու կամ հանդիպումներու ընթացքին, երբեմն հեզաբարոյ ու հանդարտ, սակայն ի պահանջեալ հարկին՝ խիստ ու պահանջկոտ ղեկավարի միաձուլուած անհատականութեան դրսեւորումը մարմնացուց, իրեն հանդէպ անսգիւտ յարգանքի մթնոլորտը՝ անուղղակիօրէն իր շրջապատին պարտադրելով, կոփուած ղեկավարի մը ամբողջական հսկայի մը երեւոյթով, միաժամանակ բարեգութ ու հայրական թոթովանքի համակումով։
Ընկեր Եդուարդ լիապէս արժեւորեց իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւնները, արդարացուց ղեկավարի դիրքերու վրայ գործելու ընդունակութիւնը։ Ընկերոջ մեկնումը զգալի բաց մը կը թողու, որը համարկելու ջանքերը հազիւ թէ ամբողջական ըլլան, իր յիշատակը արթուն պահելով ընտանեկան պարագաներու, ծանօթներու եւ ընկերական ու միութենական շրջանակներու անհատական հոգիներուն ու մտքերուն մէջ։
Ծանօթ երգի մը հնչիւնները, յուզումնախառն սակայն հպարտառիթ երեւոյթ մը կը պարզեն, պանծացնելով հանգուցեալ մեր ընկերոջ՝ Եդուարդ Ֆրունճեանի բազմաբեղուն գործունէութիւնն ու թողած կտակը։
«Հայ ես եղել, հայր ես եղել,
Մասիսի պէս վեհ ես եղել.
Իսկ քո սիրտը ու սուրբ խիղճը
Մեզ ապաւէն յոյս են եղել։
Մենք քեզ երբեք չենք մոռանայ,
Ու անունդ միշտ կը մնայ.
Սերունդներդ քեզ կը յիշեն
Ու միշտ կ’ասեն մեծ մարդ էր նա»։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն խոր վիշտով գուժեց շրջանի վաստակաւոր ընկեր, Կեդրոնական կոմիտէի նախկին անդամ, հաւատաւոր ու նուիրեալ դաշնակցական Եդուարդ Ֆրունճեանի մահը, նշելով որ ան տասնամեակներ շարունակ իր գործուն մասնակցութիւնը բերաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կազմակերպական եւ ազգային-հասարակական կեանքին՝ հաւատարմօրէն ծառայելով կուսակցութեան գաղափարական արժէքներուն եւ ազգային առաքելութեան։
Ընկեր Եդուարդ Ֆրունճեան իր երկարամեայ գործունէութեան ամբողջ ընթացքին, ոչ մէկ ճիգ խնայեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաքելութեան յառաջխաղացքին, կազմակերպական կառոյցներու ամրապնդումին եւ գանատահայ համայնքի զարգացումին համար։
Ընկեր Եդուարդ Ֆրունճեան իր ետին կը թողու նուիրումի, ծառայութեան եւ գաղափարական հաւատարմութեան արժանաւոր վաստակ մը։ Անոր յիշատակը պիտի մնայ վառ իր գաղափարակից ընկերներուն եւ բոլոր անոնց մօտ, որոնք տարիներու ընթացքին առիթը ունեցած են գործակցելու եւ ծառայելու իր կողքին։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի եւ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի անունով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ընկեր Եդուարդ Ֆրունճեանի ընտանիքին, հարազատներուն, գաղափարակից ընկերներուն եւ միութենական ու ազգային-եկեղեցական կառոյցներու անդամներուն։
Հողը թեթեւ գայ քու վրադ, ընկե՛ր Եդուարդ, ու յիշատակդ անթառամ մնայ երկար ժամանակ։
Կենսագրութիւն
Եդուարդ Ֆրունճեան ծնած է 30 օգոստոս 1933-ին, Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս: Կրտսերագոյն զաւակն էր տիգրանակերտցի Յովսէփ եւ Նուարդ Ֆրունճեաններուն: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պօղոսեան Ազգ. վարժարանին մէջ, երկրորդական ուսումը՝ College des Frères St Marc-էն, որմէ ետք բարձրագոյն ուսումը ստացած է Lycée Français-էն ստանալով Diplôme de fin d’études commerciales du gouvernement de France-ը: 1963-ին ամուսնացած է Մարօ Պետիկեանի հետ եւ 1965-ին ընտանեօք հաստատուած են Մոնթրէալ: Բախտաւորուած է մանչ զաւակով մը՝ Րաֆֆի եւ երկու թոռնուհիներով՝ Լիանա եւ Արիանա:
Եգպտոսի մէջ փոքր տարիքէն կ’անդամագրուի «Կամք» մարմնամարզական Միութեան, որպէս գայլիկ, սկաուտ, մարզիկ, ապա նաեւ մարզիչ եւ վարչութեան անդամ: Արժանացած է շատ մը մրցանակներու ախոյեանութեանց: Եղած է ՀՅԴ Եգիպտոսի Պատանեկան եւ Երիտասարդականի անդամ եւ երկար տարիներ վարած է Վարիչ Մարմնի ատենապետի պաշտօնը: 1953-ին միացած է ՀՅԴ շարքերուն:
Գանատայի մէջ 1966-էն սկսեալ, մինչեւ 1984, 8 տարի պարբերաբար մաս կազմած է ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէին, 1 տարի որպէս խորհրդական, ապա 7 տարի որպէս ատենապետ: 1977-ին եղած է ՀՅԴ Գանատայի նորակազմ Կեդրոնական կոմիտէին առաջին հերթապահը: Մասնակցած է ՀՅԴ Գանատայի Շրջանային ժողովներու, որոնցմէ 9-րդ Շրջանային ժողովին (26 յունիս 1977) քննարկուած էր ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին յատուկ մամուլ ստեղծելու հարցը, որ հետագային՝ 1979-ին իրականացած էր եւ կոչուած «Հորիզոն» շաբաթաթերթ: Մասնակցած է նաեւ Լիբանանի մէջ կայացած ՀՅԴ 21-րդ Ընդհանուր ժողովին:
Մոնթրէալի մէջ եղած է նախ «Կամք»ի, ապա ՀՄԸՄ-Կամքի կողովագնդակի տղոց մարզիչ, մասնակցած է ՀՄԸՄ-ի Գանատայի Շրջանային ժողովներու, ինչպէս նաեւ մաս կազմած է կազմակերպչական զանազան յանձնախումբերու:
Գաղութիս Թեմական կեանքին եւս իր ներդրումը ունեցած է: 16 տարի (1973-1980, 1984-1992) եղած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Գանատայի թեմի ազգային երեսփոխան, 6 տարի (1987-1993) Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամ, ինչպէս նաեւ 1987-ին Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի նոր շէնքի բացման եւ պարտքի շիջեցման հանգանակիչ մարմնի ատենապետ:
Իբր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Գանատայի թեմի պատգամաւոր, 1995-ին մասնակցած է նոր կաթողիկոսի ընտրութեան ժողովին եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի օծման արարողութեան: Ներդրում ունեցած է Գանատան ուրոյն թեմի վերածուելու սկզբնական աշխատանքներուն եւ 10-12 Մայիս 2000-ին մասնակցած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Գանատայի Թեմի վերջին երեսփոխանական ժողովին:
1999-ին, երբ Գանատայի Թեմը վերածուած է փոխ առաջնորդութեան, Ֆրունճեան ստանձնած է գործադիր խորհուրդի ատենապետի պաշտօնը, մինչեւ 2001:
Իբր Գանատայի Ազգային թեմի ներկայացուցիչ, մասնակցած է Հայաստանի մէջ կայացած Սփիւռք-Հայրենիք Համաժողովին, 22-27 սեպտեմբեր 1999-ին:
14 մայիս 2005-ին Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ ստացած է «Յովհան Մանդակունի» Ազգային-եկեղեցական ծառայութեան շքանշան եւ գնահատագիր, իսկ 13 դեկտեմբեր 2015-ին ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ պարգեւատրուած է «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանով, աւելի քան 50 տարիներու իր ծառայութեան առ ի գնահատանք:
Եդուարդ Ֆրունճեան իր մահկանացուն կնքեց 92 տարեկանին, 29 օգոստոս 2026-ին, Մոնթրէալի մէջ, որուն յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Ազգային թաղումով, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, 4 սեպտեմբեր 2026-ին: