Յարութիւն Մերդինեան Մարմնամարզութեան Եւրոպայի Ախոյեան

Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ, ողիմպիական խաղերու մասնակից Յարութիւն Մերդինեան ոսկի մետալի տիրացաւ գերմանական Միւնիխ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի մարմնամարզութեան մեծերու ախոյեանութեան:

Նժոյգ մարզաձեւի մրցումներուն, ան ապահովելով 14.733 կէտ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:

Իսկ ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Արթուր Դաւթեան, ապահովելով 14.983 կէտ, հանդիսացաւ արծաթէ մետալակիր:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.