Մուսա Լերան Վաքըֆ գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ մշակութային նոր համալիրի բացումը

Թուրքիոյ հայ համայնքին ուշադրութիւնը անցնող շաբաթավերջին կեդրոնացած էր Մուսա Լերան Վաքըֆ գիւղի վրայ, ուր հանգստեան կոչուած պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի յիշատակին ձօնուած հովուատան մշակութային համալիրի բացումը կատարուեցաւ հանդիսաւորապէս։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ»ը։

Գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անմիջական հարեւանութեամբ կառուցուած համալիր մըն է այս մէկը։ Շինարարութեան աշխատանքները վերջին տարիներուն բազմազբաղ պահեցին գիւղն ու համայնքը եւ շնորհիւ Միհրան Ուլիկեանի գլխաւորութեամբ գործադրուած ջանքերուն՝ կարեւոր ծրագիր մը ի կատար ածուեցաւ, ի նպաստ Վաքըֆ գիւղի։ Սեպտեմբեր 24-ին, այս համալիրի բացման պաշտօնական արարողութեան առթիւ գիւղին մէջ տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Համալիրի օրհնութեան կարգին հանդիսապետեց Պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ պաշտօնական հիւրեր, որոնք փութացած էին բաժնելու վաքըֆցիներու ոգեւորութիւնը։

Երկու օրերու վրայ տարածուած ծրագիր մը գործադրուեցաւ գիւղին մէջ՝ հովուատան մշակութային համալիրի բացման առթիւ։ Շաբաթ երեկոյեան մշակութային կեդրոնի երդիքին տակ սարքուեցաւ ընթրիք մը, որ նախատեսուած էր մեծարելու համար այս ծրագրին բարերարները։ Ներկայ էին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, գիւղի հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, տիրամայր Մարի Մութաֆեան եւ համայնքէն այլ բազմաթիւ դէմքեր։ Ելոյթներով հանդէս եկան Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Ծխական խորհուրդի ատենապետ Ճէմ Չափար, Կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Միհրան Ուլիկեան։ Ներկայ էին գիւղապետ Պերճ Քարթուն եւ գիւղի բազմաթիւ պատասխանատուներ։ Վերյիշուեցան 1997 թուականի եկեղեցւոյ օծման արարողութենէն դրուագներ։ Ընթրիքէն վերջ աւանդական բոլոր մասնակիցները հաւաքուեցան գիւղին հրապարակին վրայ, ուր «Ոմանք» երաժշտական խումբը հանդէս եկաւ համերգով մը։ Ժողովուրդը պար բռնեց բարձր տրամադրութեամբ եւ բոլորը զուարճացան մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը՝ մինչ սկսած էր նաեւ աւանդական հարիսայի պատրաստութիւնը։ Գիշերուան ժամերուն ելոյթներով հանդէս եկան Միսաք Հերկել եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ «Ոմանք»ի գործադրած երաժշտական յայտագրին զուգահեռ՝ գիւղի երիտասարդներն ալ իրենց երգերով ու պարերով մասնակցութիւն բերին այս յատկանշական գիշերուան։ Բոլոր ելոյթ ունեցողները եւ բոլոր մասնակիցները կարեւորութեամբ ընդգծեցին, որ շնորհիւ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի Վաքըֆ գիւղը անմիջականօրէն մաս կազմել սկսած էր Թուրքիոյ հայ համայնքային կեանքին եւ իբր այդ երախտագիտութեամբ վերյիշուեցան իր կողմէ գործադրուած ջանքերը։

Սեպտեմբեր 24-ի առաւօտեան կայացաւ մշակութային կեդրոնի պաշտօնական բացման արարողութիւնը։ Այս առթիւ Վաքըֆ գիւղ ժամանեցին Հաթայի քաղաքապետ Լիւթֆի Սավաշ, Սամանտաղի գաւառապետ Ճահիտ Չելիք, Սամանտաղի քաղաքապետ Միթհատ Նեհիր, Հաթայի միւֆթի Համտի Քաւիլլիօղլու, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ այլ պաշտօնական հիւրեր։

Նորակառոյց համալիրը, որ եռայարկ է, ունի ինն հիւրասենեակներ։ Կ՚ընդգրկէ հովուատուն մը։ 150 քառակուսի մեթր տարածութեամբ դահլիճ մը կ՚ընդգրկէ համալիրը, ուր նոյն տարածութեամբ կայ նաեւ արտադրամաս մը։ Այդ արտադրամասը անուանուած է մեր ազգայիններէն Միհրան Ուլիկեանի անունով՝ հաշուի առնելով անոր կողմէ գործադրուած երախտաշատ ջանքերը։ Համալիրը կ՚ընդգրկէ նաեւ թանգարանի բաժին մը, սակայն այս թանգարանի բացումը պիտի  կատարուի ապագային։

Ներկայիս Վաքըֆ գիւղին մէջ կը բնակի շուրջ 160 հոգի, կան 35 բնակարաններ։ (Լուսանկարները՝ «Ժամանակ»ի։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.