Մոնթրէալի «Նոր ծաղիկ» մանկապատանեկան երգչախումբը 10 տարեկան է. Հարցազրոյց «Նոր Ծաղիկ» երգչախումբի խմբավար Էլիզապէթ Հարպոյեանի հետ

Այս տարի Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջ. Մայր եկեղեցւոյ «Նոր ծաղիկ» մանկապատանեկան երգչախումբին հիմնադրութեան 10-ամեակն է եւ այդ առթիւ Հոկտեմբերին երգչախումբը բացառիկ ելոյթ պիտի ունենայ: Ստորեւ «Հորիզոն»ի հարցազրոյցը խմբավար տիկին Էլիզապէթ Պտղունի Հարպոյեանի հետ.

Հ.- «Նոր ծաղիկ» երգչախումբը ե՞րբ հիմնադրուեցաւ, ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ նախաձեռնութեամբ:

ԷՀ.- Մանկապատանեկան երգչախումբի գաղափարը ունեցած էր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհն. Գոյունեան: Տէր Հօր առաջարկով եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան հաւանութեամբ՝ 2006-ի աշնան ստանձնեցի երգչախումբին խմբավարութիւնը, եւ սկսան «Նոր ծաղիկ»ի աշխատանքները: 25 փոքրիկներով սկսան փորձերը: Ներկայիս երգչախումբը ունի 50 անդամ: «Նոր ծաղիկ»ի հիմնադրութենէն մինչեւ օրս երգչախումբին մաս կազմած է 180 փոքրիկ: 2007-ի համերգին մասնակցող անդամներէն խումբ մը, իրենց իսկ փափաքով, մաս պիտի կազմեն յառաջիկայ համերգին: Մեր փորձերը տեղի կ’ունեան Ուրբաթ օրերը ժամը 4.30-6.00: Փորձէն առաջ փոքրիկներուն կը հրամցուի նախընթրիք մը, որովհետեւ անոնք դպրոցէն բաւական յոգնած եւ ուժասպառ կու գան: Փորձերը կը սկսինք ձայնամարզութեամբ ապա կ’անցնինք երգացանկին:

Հ.- Առ այսօր քանի՞ համերգով ներկայացաք մեր ժողովուրդին եւ ի՞նչ էին յայտագիրները:

ԷՀ.- Նախ կ’ուզեմ յիշել, որ խումբը տարուան ընթացքին տօնական առիթներու կ’երգէ Մ. Եկմալեանի պատարագը, երբեմն ալ Կոմիտասեան պատարագէն բաժիններ, եւ միշտ բացառիկ գնահատանքի կ’արժանանայ ժողովուրդին կողմէ: Առ այսօր «Նոր ծաղիկ»ը մոնթրէալահայութեան ներկայացած է 10 համերգով եւ տարբեր երգացանկերով: Այս համերգներէն էին. «Հայ մանուկի տարի»ին նուիրուածը՝ 2011-ին, «Հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակ»ին նուիրուածը՝ 2013-ին, «Նանորին ուխտը» քերթուածերգը, որ նուիուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին՝ 2014-ին, «Կոմիտասեան համերգ»ը՝ 2015-ին, երբ Կոմիտասի եկեղեցական, ազգագրական եւ մանկական երգերէն փունջեր երգուեցան:

Հ.- Ի՞նչ եղաւ «Նոր ծաղիկ»ի արգասիքը:

ԷՀ.- Ինչպէս յիշեցի, մեծ թիւով փոքրիկներ մաս կազմեցին «Նոր ծաղիկ»ին, եւ հոն սերունդ մը մարզուեցաւ՝ ծանօթանալով հայ երաժշտութեան: «Նոր ծաղիկ»ը դարձաւ հայեցի դաստիարակութեան եւ մշակոյթի պահպանման օճախ մը: Հոն մեր փոքրիկները սորվեցան երգել առանց պոռալու, մեղմ եւ ճշգրտօրէն:

Հ.- Ի՞նչ է այս տարուան բացառիկ համերգին յայտագիրը:

ԷՀ.- Նախ ըսեմ, որ այս տարուան համերգը կը զուգադիպի «Նոր ծաղիկ»ի հիմնադրութեան տասնամեակին, այդ առիթով որոշեցինք մոնթրէալահայութեան հրամցնել բացառիկ համերգ մը, որ կը բաղկանայ երկու բաժինէ: Առաջին բաժինը կ’ընդգրկէ հայրենաբնակ յայտնի երաժիշտ-երգահան Արեգ Լուսինեանի մանկական գեղեցիկ եւ բազմաձայն երգերէն փունջ մը: Երկրորդ բաժինը կ’ընդգրկէ առաջին մատուցում մը «Մանկապատանեկան Պատարագ»ի, որուն երգահանը դարձեալ Արեգ Լուսինեանն է: «Մանկապատանեկան Պատարագ»ին խօսքերը գրուած են Ս. Պատարագի խօսքերուն ներդաշնակաբար եւ աշխարհաբարով: Խօսքերը յարգած են Ս. Պատարագի երգերուն իմաստներն ու կշռոյթները: «Մանկապատանեկան Պատարագ»ը կը բաղկանայ եռաձայն 17 երգերէ եւ ունի երգեհոնի նուագակցութիւն:

Հ.- «Նոր ծաղիկ»-ի փոքրիկները ինչպէ՞ս ընդունեցին այս գործը, որեւէ դժուարութիւն ունեցա՞ք:

ԷՀ.- Արեգ Լուսինեանի յօրինած երգերէն մէկ քանին «Նոր ծաղիկ»ը մեծ հաճոյքով մեկնաբանած է անցեալին, զանազան համերգներու ընթացքին: Սակայն մանկապատանեկան պատարագ սորվեցնելը մեծ մարտահրաւէր մըն էր ինծի համար, քանի որ խումբիս անդամները մեծամասնութեամբ զուրկ են երաժշտական հիմնական գիտելիքներէ: Սակայն, ինչպէս այլ մարտահրաւէրներ ստանձնած էի, այս ալ ստանձնեցի: Քանի որ այս պատարագը սքանչելի յօրինում մըն է եւ առաջինը՝ հայ իրականութեան մէջ: Խումբը մեծ հաճոյքով եւ լրջութեամբ սորվեցաւ: Դիւրին չէր աշխատանքը, սակայն համբերութեամբ եւ յարատեւ ճիգով յաղթահարեցինք բոլոր խոչընդոտներն ու դժուարութիւնները: Հոս տեղին է յիշել խումբին ընկերակցող դաշնակահարուհի տիկին Դալար Հարպոյեան Գալլօղլեանի ունեցած մեծ ներդրումը: Ան իր երաժշտական բացառիկ հմտութեամբ եւ ժրաջանօրէն կը մասնակցի «Նոր ծաղիկ»ի փորձերուն:

Հ.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք «Մանկապատանեկան Պատարագ»ին երաժշտութիւնը:

ԷՀ.- Անիկա ունի գեղեցիկ եւ հրեշտակային ոլորտներ, արտայայտելու զգայուն կերպեր: Արուեստի բացառիկ եւ ազնուական գործ մըն է, ուր մտածումը, երաժշտութիւնը եւ հաւատքի զգացումները միասնաբար զարգանալով կը կազմեն ներդաշնակ ամբողջութիւն մը: Համոզուած եմ, որ այս գեղեցիկ յօրինումը հայ եկեղեցւոյ երաժշտական ժառագութեան մէջ պատուոյ տեղ պիտի գրաւէ եւ պիտի յաւերժանայ:

Հ.- ԻՆչպէ՞ս եղաւ Արեգ Լուսինեանի ընտրութիւնը:

ԷՀ.- Պրն. Արեգ Լուսինեանի գործերուն ծանօթ էի տարիներ առաջ: Անձնապէս իրեն ծանօթացած էի Պէյրութ իր այցելութեան ընթացքին: Ան լսած էր 9 տարեկան դուստրիս՝ Փաթիլին դաշնակի մենահամերգին գովքը եւ փափաք յայտնած էր, որ անձամբ ունկնդրէր Փաթիլին դաշնակահարութիւնը: Ուստի պատիւը ունեցած էինք զինք ընդունելու մեր տան մէջ: Իմ ծանօթութիւնս Արեգ լուսինեանի հետ աւելի զարգացաւ «Նոր ծաղիկ»ի համերգային երգացանկերու պատրաստութեանց ընթացքին: Ուստի, երբ Տ. Գառնիկին հետ միասնաբար որոշեցինք «Մանկապատանեկան Պատարագ»ի մը յօրինումը, անմիջապէս նկատի ունեցանք զինք: Ուստի առաջարկեցինք պրն. Արեգ Լուսինեանին, որ ինք ստանձնէր այս գործը: Ան սիրայօժար ընդունեց մեր առաջարկը եւ անցաւ աշխատանքի: Ամիսներու տքնաջան աշխատանքէ ետք ամբողջացուց յօրինումը: Այստեղ յատկապէս պէտք է յիշել տիկին Շաքէ Կէօնճեանի առատաձեռն մեկենասութիւնը, որ սատարեց «Մանկապատանեկան Պատարագ»ի իրականացման:

Հ.- Ե՞րբ եւ ո՞ւր տեղի պիտի ունենայ «Նոր ծաղիկ»ի տասնամեակին նուիրուած համերգը:

ԷՀ.- Համերգը տեղի պիտի ունենայ 21 Հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Centre Armenie, 1025 Boul. Elizabeth, Laval:

Համերգին պիտի վաճառուի նաեւ «Մանկապատանեկան Պատարագ»ին խտասալիկը, որուն մեկենասներն են տէր եւ տիկին Մանուկ Ջուխաճեանները: Նշեմ, որ պրն. Արեգ Լուսինեան անձամբ ներկայ պիտի ըլլայ «Մանկապատանեկան Պատարագ»ի անդրանիկ մատուցման, եւ համերգին հասոյթը պիտի նուիրուի Ստեփանակերտի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզին:

Հ.- Ինչի՞ն մէջ կը կայանայ «Նոր ծաղիկ»ի յաջողութիւնը:

ԷՀ.- Ինչպէս կ’ըսէ առածը՝ մէկ ծաղիկով գարուն չի գար: «Նոր ծաղիկ»ին յաջողութիւնը կը կայանայ խումբ մը անձերու միասնակամ եւ նուիրաբար աշխատանքին մէջ: Իմ աջ բազուկս՝ դաշնակահարուհիս Դալար Հարպոյեան Գալլօղլեանը (դուստրս), իր մեծ բաժինը ունի այս գործին յաջողութեան մէջ: Ան իր նուագակցութեամբ առաւել կը փայլեցնէ «Նոր ծաղիկ»ը: Իսկ երէցկին Նինա Գոյունեանի գործնական աջակցութիւնը խումբի զանազան աշխատանքներուն՝ գերազանցօրէն գնահատելի է: Ան կ’աշխատի բացառիկ բծախնդրութեամբ եւ հասկացողութեամբ: Այս առթիւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ Ծնողական յանձնախումբին եւ ծնողներուն, Ս. Յակոբ Առաջ. Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ հովիւին, որոնք տարիներէ ի վեր զօրավիգ կը կանգնին եւ կը քաջալերեն զիս ու «Նոր ծաղիկ»ը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.