Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ «Այնճարի երեխաներուն՝ յանուն աւելի պայծառ ապագայի» բարեգործական համերգը

ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Կազմակերպութեամբ Հայ Որբերու Օգնութեան Միութեան (SOAR) Մոնթրէալի մասնաճիւղին, համագործակցութեամբ Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAC), շաբաթ, 7 նոյեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամաը 7:00-ին, Մոնթրէալի Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Այնճարի երեխաներուն՝ յանուն աւելի պայծառ ապագայի» բարեգործական համերգը, մասնակցութեամբ RUBATO հնգեակին՝ դաշնակահար Շուշանա Յակոբեանի, ջութակահարներ` Լիլիթ Զաքարեանի, Natalia Laribi-ի, Olga Petrashkevich-ի եւ թաւջութակահար Grace Morningstar-ի, ինչպէս նաեւ արուեստագէտներ՝ սոփրանօ Մարինա Շահինեանի, թենօր Joey Niceforo-ի, դաշնակահար Մարկարիթա Միքայէլեանի եւ ջութակահար Նարենի Տէտէեանի:

Համերգին ներկայ էին Քեպէգի նահանգային պատգամաւոր Անտրէ Մորին, ձեռնարկի նախագահ մեթր Ժոզէֆ Թախմիզճեան, Հայ Որբերու Օգնութեան Միութեան Մոնթրէալի մասնաճիւղի նախագահ տոքթ. Սարգիս Երէցեան, նաեւ միութեան կողմէ կնքամայր տոքթ. Լենա Թերճանեան, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գանատայի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան, Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նախագահ Հռութ Տեմիրճեան Տէնէք, Մոնթրէալի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները, հոգաբարձութեան եւ վարչութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ գաղութի միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, նուիրատուներ եւ հոծ բազմութիւն:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկան հայերէնով Սալբի Ներսէսեան, իսկ ֆրանսերէնով Լէա Սապպաղեան, որոնք իրենց խօսքին մէջ ըսին. «SOAR-ը իր նուիրեալ ծառայութեամբ կը հոգայ որբ եւ խոցելի հայ մանուկներու կարիքները՝ սատարելով անոնց խնամքին, կրթութեան եւ զարգացման։ Իսկ AMAC-ը, իր երկարամեայ քրիստոնէական, կրթական եւ մարդասիրական առաքելութեամբ, կը ծառայէ հայ ժողովուրդի բարօրութեան։ Այս երկու կազմակերպութիւններուն միացեալ ջանքերը՝ սիրոյ, գթասրտութեան եւ յոյսի աւելի լայն դռներ կը բանան, նպաստելով մեր մանուկներուն աւելի լաւ ու պայծառ ապագայի մը կերտման»:

Մոնթրէալի Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վերապատուելի Ճորճ Տապոյի աղօթքէն ետք խօսք առին տոքթ. Սարգիս Երէցեան եւ Յարութ Ներսէսեան, որոնք վերոնշեալ կազմակերպութեանց անունով ողջունեցին ներկաները եւ հակիրճ կերպով անդրադարձան անոնց գործունէութեանց: Տեսերիզով հանդէս եկաւ Այնճարի Հայ Աւետարանական բարձրագոյն վարժարանի եւ գիշերօթիկ վարժարանի տնօրէն Յակոբ Աքպաշարեան, որ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նուիրատուներուն եւ բարերարներուն, որոնց ներդրումը մեծապէս կը նպաստէ Այնճարի գիշերօթիկի երեխաներուն ապահով եւ բարեկեցիկ կեանք ապահովելու:

Գեղարուեստական յայտագիրը սկիզբ առաւ սոփրանօ Մարինա Շահինեանի «Սոխակ» երգի կատարողութեամբ, ապա «Բալենի»ն ներկայացուեցաւ հնգեակի անդամներուն կողմէ, «Gens du pays», «Étude in C-sharp minor, Op. 10, No.» եւ «Կռունկ» կտորներու կատարողութեանց մասնակցեցան դաշնակահար Մարկարիթա Միքայէլեան եւ ջութակահար Նարենի Տէտէեան: Անկէ ետք հնգեակին կողմէ յաջորդաբար ներկայացուեցան Կոմիտասէն, Կանաչեանէն, Մելիքեանէն, Պապաջանեանէն, Bart Haward-էն, Anthony newlay-էն եւ Irving Berlin-էն կտորներ, մեներգութեամբ մերթ ընդ մերթ երկու մեներգող արուեստագէտներուն:

Կարճ դադարէ ետք յայտագիրը շարունակուեցաւ նոյնպէս հնգեակին կատարողութեամբ, Ամիրխանեանի, Սայաթ Նովայի, Ազնաւուրի, Benny Andersson-ի, Pablo Beltran Ruiz-ի, Ernesto de Curtis-ի երգերով, ինչպէս նաեւ Իտալական երգաշարով, մեներգութեամբ մերթ ընդ մերթ երկու արուեստագէտ մեներգողներուն:

Աւարտին տեղի ունեցաւ Այնճարի գիշերօթիկի երեխաներուն մասին վաւերագրական տեսերիզի ցուցադրութիւն, ապա սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Այնճարի գիշերօթիկի նախկին սաներէն Յակոբ Պասմաճեան, որ ներկայացուց իր յուշերէն պատառիկներ, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սկիզբէն ի վեր նեցուկ կանգնած են այս կառոյցին, ինչպէս նաեւ վկայակոչելով իր փորձառութիւնը բացայայտեց այն անձնուէր եւ անձնուրաց հոգատարութիւնը, զորս կը ստանան երեխաները գիշերօթիկէն ներս:

Հուսկ, օրուան հանդիսավարները կոչ ուղղեցին ներկաներուն՝ առատաձեռն նուիրատուութեամբ նեցուկ կանգնելու Այնճարի գիշերօթիկին, որ ոչ միայն Այնճարի, այլեւ Լիբանանի ամբողջ տարածքէն ժամանած երեխաներուն կ’ապահովէ արժանապատիւ կեանք, ապահով վայր, կրթութիւն եւ ընտանեկան ջերմ ու առողջ մթնոլորտ: Տիգրան Այնթէպլեանի աղօթքով վերջ գտաւ միջոցառումը:

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ

Հորիզոն Մետիա