Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ կայացաւ քաղաքապետ Տէնի Գոտէրի մամլոյ ասուլիսը

Նոյեմբեր 5-ի Քեպէգ նահանգի քաղաքապետական ընտրութիւններու նախօրեակին, Հոկտեմբեր 31-ին Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ կայացաւ Մոնթրէալի քաղաքապետ Տէնի Գոտէրի մամլոյ ասուլիսը, որուն ներկայ գտնուեցան Մոնթրէալի մէջ գործող տարբեր լրատուամիջոցներ։ Քաղաքապետին կ՚ընկերակցէին ընտրապայքարի իր խմբակիցները, որոնց շարքին Յարութ Շիթիլեան։ Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին քաղաքապետը ներկայացուց նախընտրական իր ծրագիրը քաղաքի զարգացման վերաբերեալ։ Ասուլիսի աւարտին Տէնի Գոտէր հանդիպում ունեցաւ Մոնթրէալի հայ Դատի յանձնախումբին հետ եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց զօրակցութեան եւ աջակցութեան համար։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.