Մոնթրէալի համալսարանի Հայ Ուսանողներու միութեան կազմակերութեամբ բազմամշակութային պարերու ներկայացում

Մարտ 27-ին, Մոնթրէալի համալսարանի “Jean-Coutu” շէնքի դահլիճը թատերաբեմ էր յատուկ ձեռնարկի մը. Մոնթրէալի համալսարանի Հայ Ուսանողներու միութեան (Asssociation des étudiants arméniensde l’Université de Montréal) կազմակերպութեամբ եւ Լիբանանեան Ուսանողական Միութեան մասնակցութեամբ տեղի կ՛ունենար բազմամշակութային հանդիպում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին երեք պարախումբեր՝ լիբանանեան “Les chevaliers du Liban”-ը, Քեպէքեան “Les bons diables”-ը եւ հայկական «Գառնի»-ն։ 80-է աւելի անհատներ եւ ուսանողներ ընդառաջած էին Հայ Ուսանողներու միութեան հրաւէրին եւ ներկայացած այս ժամադրավայրին մէջ, ուր իրենց կը սպասէր աւանդական եւ այլ համադամ ուտելիքներու ճաշասեղան մը, եւ ապա խանդավառ գեղարուեստական յայտագիր մը, մասնակցութեամբ վերոնշեալ պարախումբերուն։

Բացման խօսքը ուղղելով ներկաներուն, Մոնթրէալի համալսարանի Հայ Ուսանողներու միութեան ատենապետուհի Արեւիկ Աֆարեան փափաք յայտնեց, որ նմանօրինակ բազմամշակութային միջոցառումներու կայացումը աւանդութիւն դառնայ համալսարանէն ներս, որովհետեւ անոնք մեծապէս կը նպաստեն գաղութներու միջեւ ծանօթացման եւ փոխադարձ գնահատման։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.