Մեծ Եղեռնի 103-ամեակի Ոգեկոչումը Գէմպրիճի մէջ

Կիրակի 22 Ապրիլին եղեռնի ոգեկոչման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Գէմպրիճի Հայ կեդրոնի սրահէն ներս շուրջ 200 անձերու ներկայութեամբ։

ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու առաջնորդութեամբ հիւրերը մուտք գործեցին սրահ, ուր ՀՕՄ-ի շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտները Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներով բացումը կատարեցին ձեռնարկին։

Օրուան հանդիսավար Լեւոն Սարմազեան կատարեց բարի գալուստի եւ բացման խօսքը, որմէ ետք ՀՕՄ-ի աշակերտները դարձեալ խմբովին արտասանեցին Պ. Սեւակի «Մենք քիչ ենք» բանաստեղծութիւնը անգլերէն լեզուով, ապա ցուցադրուեցաւ երաժշտական տեսերիզ մը Richard Labe–ի եւ Ալին Թոփճեանի կատարողութեանբ նուիրուած Եղեռնի զոհերուն։

Հանդիսավարը ներկայացուց օրուան պատգամաբերը, Detroit նահանգի Wayne State համալսարանի դասախօս ընկ. Հայկ Օշականը եւ անդրադարձաւ անոր գործունէութեան մասին։

Ընկ. Օշական սկսաւ իր պատգամը յիշելով իր մեծ հօր՝ Յակոբ Օշականի եւ տիկնոջ եղեռնի ոդիսականը. որ նման է իւրաքանչիւր վերապրող հայու ցաւալի փորձառութեան։

Ան յայտնեց, որ Ցեղասպանութեան վերջին ծրագրուած հանգրուանը եղաւ անոր ժխտումը կիրարկուած թուրք պետութեան կողմէ. օրինակ՝ դպրոցներու մէջ չի դասաւադուիր իրական պատմութիւնը որ կը վերաբերի հայութեան, ցեղասպանութիւն բառը գործածողներ կը պատժուին, իսկ պատմական հայաստանի մէջ հայութեան հետքերը կ՛անհետանան օրէ օր…

Ան յայտնեց, որ Հայ Դատի գծով մեր աշխատանքը պէտք է շարունակուի, արդէն 25 երկիրներ ընդունուած եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որուն պիտի յաջորդէ վնասուց հատուցման դատական հանգրուանը։

Ընկ. Օշականի պատգամէն ետք խօսյ առին.-

Dave Jaworsky Mayor of Waterloo

Berry Verbanovich Mayor of kitchener

Doug Craig Mayor of Cambridge

Bryan May M.P. Cambridge chairman of Armenia-Canada Parlimentery friendship group.

Harold Albrecht M.P. Kitchener previous chairman of Canada-Armenia Parlimentery friendship group.

Կարդացուեցան նամակ.-

Կարդացուեցան NDP կուսակցութեան եւ Հայաստանի լիազօր դեսպանէն Լեւոն Մարտիրոսեանի ուղերձները։

ապա խօսք աոին.-

-Hon. Kathryn McGary MPP Cambridge minister of transportation

-Liz Sanda M.P. Guelph

Իսկ Marwan Tabara M.P. Kitchner and South Hespler

Եւ Raj Saini M.P. Kitchener-Conestoga

Որոնք իրենց խօսքերը փոխանցեցին տեսերիզով։

Վարչապետ J. Trudeau-ի նամակը կարդաց Bryan May, իսկ պահպանողական կուսակցութեան (ընդիմադիր) Andrew Scheer-ի նամակը Harold Albrecht.

Վերապատուելի Յովհաննէս Սարմազեանի աղօթքով եւ Ս. Նշան եկեղեցւոյ հովիւ հոգ. Տ. Յովհաննէս վարդապետ Սաղտճեանի «Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ ձեռնարկը ժամը 2։30-ին։

Կ. Հանէշեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.