Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին

7 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին տուած այցելութեան ընթացքին, նախագահին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովը ներկայացնող պատուիրակութեան առջեւ անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութեան, մերժեց Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատող Միացեալ Նահանգներու մօտեցումը, որ չի համապատասխաներ միջազգային օրէնքի արդարութեան ու պատմական իրողութեան: Միաժամանակ, վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ Երուսաղէմը պէտք է մնայ բաց քաղաք միաստուածեան երեք կրօններուն առջեւ` հրէական, քրիստոնէական ու իսլամական, եւ յիշեալ կրօններուն իրաւունքները պէտք է միշտ պաշտպանուած ըլլան Երուսաղէմի մէջ:

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն իր կարգին շեշտեց Լիբանանի կեցուածքը Երուսաղէմի գծով` նոյնպէս մերժելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը:

Արամ Ա. կաթողիկոսին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու առաջնորդ սրբազանները եւ պատուիրակութեանց ներկայացուցիչները:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ հայ եկեղեցւոյ ազգային նկարագիրին ու ժողովրդանուէր ծառայութեան եւ ընդհանրապէս սփիւռքի մեր գաղութներուն դերակատարութեան: Իր կարգին, հանրապետութեան նախագահը շեշտեց հայկական սփիւռքին կարեւորութիւնը եւ հայոց լեզուն, հայկական արժէքներն ու մշակոյթը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը. նախագահը յատկապէս յիշեց Օսմանեան կայսրութեան կատարած ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին հայ ու լիբանանցի ժողովուրդները` մէկը եաթաղանով, իսկ միւսը` սովի արհաւիրքով:

Հանդիպումի աւարտին վեհափառ հայրապետը առանձին հանդիպում մը ունեցաւ նախագահին հետ` ներկայութեամբ պետական երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունիի եւ Արթիւր Նազարեանի: Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանը եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը յուզող քաղաքական հարցեր:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.